«Պարտականութեան զոհը»՝ տոքթ. Դանիէլ Հանըմեան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@gmail.com 

Բժիշկներու եւ առող­ջա­­պահու­­թեան աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րուն դէմ բռնու­­թիւննե­­րը կան­­խե­­­լու վե­­րաբե­­րեալ օրէն­­քին շուրջ խորհրդա­­րանէն ներս ան­­ցեալ շա­­բաթ իշ­­խա­­­նու­­թեան եւ ընդդի­­մու­­թեան մի­­ջեւ խառ­­նա­­­կու­­թիւն մը պա­­տահե­­ցաւ. ՃՀՓ-ի առա­­ջար­­կը մեր­­ժո­­­ւեցաւ իշ­­խա­­­նական ճա­­կատին կող­­մէ, բայց մեր­­ժողնե­­րը յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն իրենց առա­­ջար­­կը ներ­­կա­­­յացու­­ցին խորհրդա­­րանի նա­­խագա­­հու­­թեան։

Պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մաճա­­րակը բժիշկնե­­րու դէմ բռնու­­թեան նիւթն ալ օրա­­կար­­գա­­­յին դար­­ձուց, ան­­խուսա­­փելիօրէն։ Երբ հին գիր­­քեր եւ մամ­­լոյ էջեր կը թեր­­թէի, հան­­դի­­­պեցայ իր իսկ բու­­ժած հի­­ւան­­դին ձեռ­­քով սպան­­նո­­­ւած բժիշկ, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հի­­ւան­­դա­­­նոցի վի­­րաբու­­ժա­­­պետի օգ­­նա­­­կան տոքթ. Դա­­նիէլ Հա­­նըմեանի պատ­­մութեան։

Դէպ­­քը կը պա­­տահի 1 Մա­­յիս 1922-ին, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հի­­ւան­­դա­­­նոցի մօ­­տակայ­­քը գտնո­­ւող հան­­րա­­­կառ­­քի կա­­յանը, ըստ կարգ մը աղ­­բիւրնե­­րու ալ, ուղղա­­կի հան­­րա­­­կառ­­քին մէջ։ Հա­­նըմեան հի­­ւան­­դա­­­նոցէն կ՚ել­­լէ եւ երբ Պոլ­­սոյ կող­­մը վե­­րադառ­­նա­­­լու հա­­մար հան­­րա­­­կառ­­քի կը սպա­­սէր՝ տիգ­­րա­­­նակերտցի Սար­­գիս Քա­­փան­­ճեան (աղ­­բիւրի մը հա­­մաձայն՝ Քա­­րան­­ճեան) անուն մէ­­կը ատրճա­­նակի երեք հա­­րուած կը տե­­ղաց­­նէ Հա­­նըմեանին վրայ։ Գնդակ­­նե­­­րուն երեքն ալ հէք տոք­­թո­­­րին կռնա­­կը կը հա­­րուա­­ծեն։ Գնդակ­­նե­­­րէն եր­­կուքը կը մխո­­ւի թո­­քին, իսկ եր­­րորդը՝ ող­­նա­­­յարին։ Ոճ­­րա­­­գոր­­ծը կը փոր­­ձէ սպա­­նել նաեւ տոքթ. Մա­­նուէ­­լեանը, որ տոքթ. Հա­­նըմեանին քովն էր, սա­­կայն Մա­­նուէ­­լեան իս­­կոյն ոճ­­րա­­­գոր­­ծին ձեռ­­քը կը բռնէ եւ զայն կ՚ան­­շարժաց­­նէ՝ ազա­­տելով ստոյգ մա­­հէ մը։

Ատրճա­­նակին ձայ­­նը լսե­­լով դէպ­­քի վայր կը փու­­թան ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը եւ ան­­մի­­­ջապէս կը ձեր­­բա­­­կալեն ոճ­­րա­­­գոր­­ծը, իսկ վի­­րաւոր տոքթ. Հա­­նըմեան կը փո­­խադ­­րո­­­ւի Ս. Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոց, ան­­յոյս վի­­ճակի մը մէջ։

Ժա­­մանա­­կի մա­­մու­­լը կը յայտնէ նաեւ դէպ­­քին պատ­­ճա­­­ռը, ըստ լա­­ւատե­­ղեակ աղ­­բիւրնե­­րէ ստա­­ցուած տե­­ղեկու­­թեանց. ոճ­­րա­­­գործ Սար­­գիս Քա­­փան­­ճեան տա­­րիէ մը ի վեր կը բու­­ժո­­­ւէր հի­­ւան­­դա­­­նոցին մէջ եւ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան են­­թարկո­­ւած էր տոքթ. Հա­­նըմեանի ձե­­ռամբ։ Մի­­ջոց մը ետք Սար­­գիս կրկին կը դի­­մէ բժիշ­­կին եւ կը խնդրէ նո­­րէն հի­­ւան­­դա­­­նոց մտնել ու գոր­­ծո­­­ղու­­թեան են­­թարկո­­ւիլ։ Սա­­կայն տոքթ. Հա­­նըմեան հի­­ւան­­դին կա­­տարե­­լապէս ապա­­քինած ըլ­­լա­­­լը հաս­­տա­­­տելով զին­­քը կը ճամ­­բէ հի­­ւան­­դա­­­նոցէն։ Եր­­կար ատե­­նէ ի վեր հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ հան­­գիստ կեանք ան­­ցը­­­նելու վար­­ժո­­­ւած Սար­­գիս իր դժբախ­­տութեան պատ­­ճա­­­ռը կը նկա­­տէ տոքթ. Հա­­նըմեանը եւ կը մտադ­­րո­­­ւի վրէժ լու­­ծել ան­­կէ։ Առի­­թը ներ­­կա­­­յանա­­լուն պէս ալ զինք կը զգետ­­նէ, հի­­ւան­­դա­­­նոցի մօ­­տակայ հան­­րա­­­կառ­­քի կա­­յանը։

Սար­­գիս ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու հսկո­­ղու­­թեամբ կ՚առաջ­­նորդո­­ւի հի­­ւան­­դա­­­նոց եւ կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի բժ. Հա­­նըմեանին։ Վեր­­ջինս կը հաս­­տա­­­տէ ոճ­­րա­­­գոր­­ծին ինքնու­­թիւնը, որ­­մէ ետք ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը բանտ կը տա­­նին Սար­­գի­­­սը, որու հե­­տագայ ճա­­կատա­­գիրին մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ չու­­նիմ։

Մինչ այդ տոքթ. Մալ­­խաս, տոքթ. Օր­­հան պէ­­յի եւ տոքթ. Եաղու­­պի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ կը քննէ վի­­րաւո­­րեալը եւ սա­­կայն նկա­­տելով որ տոքթ. Հա­­նըմեանին վի­­ճակը յու­­սա­­­լից չէ, կ՚որո­­շուի չվի­­րահա­­տել վի­­րաւո­­րեալը։

Դա­­նիէլ Հա­­նըմեան ծնած էր 1891-ին, Գումգա­­բու։ Նա­­խակրթու­­թիւնը ստա­­ցած էր Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի ազ­­գա­­­յին վար­­ժա­­­րանին մէջ։ Ապա ըն­­դունո­­ւած էր Օս­­մա­­­նեան բժշկա­­կան հա­­մալ­­սա­­­րանը, զոր աւար­­տած էր 1911-ին։ Մին­­չեւ աշ­­խարհա­­մար­­տի աւար­­տը պե­­տական եւ զի­­նուո­­րական հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու մէջ ծա­­ռայե­­լէ յե­­տոյ, զի­­նադա­­դարին իբ­­րեւ օգ­­նա­­­կան վի­­րաբոյժ մտած էր Ս. Փրկիչ հի­­ւան­­դա­­­նոց։ Ան մաս­­նա­­­ւոր մե­­թոտ մը մշա­­կած էր chule de rectum-ի գոր­­ծո­­­ղու­­թեան հա­­մար։ Իր անու­­նը հետզհե­­տէ կը փայ­­լէր որ­­պէս ման­­կա­­­բարձ եւ վի­­րաբոյժ։

Ժա­­մանա­­կի մա­­մու­­լը մեծ ցաւ կը յայտնէ կա­­տարո­­ւածին առ­­թիւ եւ կ՚ափ­­սո­­­սայ, որ ոճ­­րա­­­գոր­­ծը ազ­­գա­­­յին պաշտպա­­նու­­թիւնը եւ խնամ­­քը վա­­յելած անձ մըն էր։ Դէպ­­քէն մէկ քա­­նի օր ետք, Մա­­յիսի 4-ին, ինչպէս գրո­­ւած է մա­­հազ­­դին մէջ, «իր պար­­տա­­­կանու­­թեանը զոհ» Դա­­նիէլ Հա­­նըմեան կը կնքէ իր մահ­­կա­­­նացուն։

Հէք բժիշ­­կին փա­­ռաշուք յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւնը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ Մա­­յիսի 7-ին, կի­­րակի առ­­տու ժա­­մը 10-ին, Ս. Փրկիչ մատ­­րան մէջ։ Ներ­­կայ են բժշկա­­կան, դե­­ղագոր­­ծա­­­կան, ատամ­­նա­­­բու­­ժա­­­կան եւ հայ­­կա­­­կան միու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը։ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հիւ­­րա­­­նոցին մէջ դրո­­ւած է յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան տո­­մար։ Կար­­գադրու­­թիւննե­­րուն կը հսկէ հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան նա­­խորդ ատե­­նադ­­պիր Ար­­մե­­­նակ Չպուքճեան, բժշկա­­պետ տոքթ. Նա­­հապե­­տեան, ներ­­քին տնօ­­րէն տոքթ. Հրանդ Փէշ­­տի­­­մալ­­ճեան, օգն. տնօ­­րէն Գրի­­գոր Բարսճեան։ Յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան կը հան­­դի­­­սապե­­տէ Մես­­րոպ արք. Նա­­րոյեան, իր կող­­քը ու­­նե­­­նալով Սար­­գիս եւ Գէորգ վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րը, քա­­հանա­­ներ։ Եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը կը կա­­տարեն միացեալ թա­­ղերու դպրաց դա­­սը։ Նա­­րոյեանի դամ­­բա­­­նակա­­նէն ետք, մատ­­րան մէջ, յա­­նուն բժշկա­­կական դա­­սուն կ՚ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւի Հայ բժշկա­­կան միու­­թեան ատե­­նապետ տոքթ. Վահ­­րամ Թոր­­գո­­­մեան։

«Նա­­հատակ տոքթ. Հա­­նըմեանի մար­­մի­­­նին Ս. Փրկիչ հի­­ւան­­դա­­­նոցին պար­­տէ­­­զին մէջ թա­­ղուի­­լը հայ բժշկա­­կան դա­­սը պի­­տի հա­­մարի միշտ, ո՛չ միայն ար­­ժա­­­նաւոր յար­­գանք մը բժշկու­­թեան այս մեծ զո­­հին, այ­­լեւ ամե­­նամեծ մխի­­թարու­­թիւն մը իրեն, որ ար­­դէն իր բազ­­մա­­­թիւ նա­­հատակ­­նե­­­րովը սգա­­ւոր, դժբախ­­տութիւ­­նը կ՚ու­­նե­­­նայ այ­­սօր լա­­լու կա­­րեւոր ըն­­կե­­­րի մը նա­­հատա­­կու­­թիւնը»։

«Տոքթ. Հա­­նըմեանի լուռ դամ­­բա­­­նը հոս այ­­սուհե­­տեւ խօ­­սուն յու­­շա­­­րարը թո՛ղ ըլ­­լայ հաս­­տա­­­տու­­թեանս յար­­կե­­­րուն մէջ պատսպա­­րուած ներ­­կայ եւ ապա­­գայ բո­­լոր հի­­ւանդնե­­րուն. թէ եղաւ իրենցմէ մէ­­կը, որ ամէն տե­­սակ խնամք ու բժշկա­­կան ան­­ձանձիր դար­­ման վա­­յելե­­լէ յե­­տոյ, օրին մէկն ալ իր դար­­մա­­­նիչ ան­­մեղ բժիշ­­կը՝ վար­­ձատրեց ամե­­նաս­­տո­­­րին վա­­տու­­թեամբ, թէ եղաւ իրենց մէ­­ջէն մէ­­կը, որ մո­­լեգ­­նե­­­ցաւ՝ գնդա­­կահար սպան­­նե­­­լու պաշ­­տօ­­­նեայ մը այն կեն­­սա­­­պար­­գեւ գի­­տու­­թեան, զոր իմաս­­տուններ ԱՍ­­ՏՈՒԱԾԱ­­ՅԻՆ անո­­ւանե­­ցին»։

Արա­­րողու­­թե­­­նէն ետք, դա­­գաղը բժիշկնե­­րու կող­­մէ ու­­սամբարձ կ՚առաջ­­նորդո­­ւի մատ­­րան շրջա­­փակը։ Կե­­րոն­­նե­­­րը կը կրէին, ի դի­­մաց Յոյն բժշկա­­կան միու­­թեան, յու­­նաց հի­­ւան­­դա­­­նոցի վի­­րաբոյժ տոքթ. Զկուրտիոս, տքթ. Թո­­մազու, հրէական հի­­ւան­­դա­­­նոցի բժշկա­­պետ տոքթ. Պար­­պութ, Ա. Չպուքճեան, Հայ դե­­ղագործնե­­րու միւ­­թեան կող­­մէ Ա. Զա­­րիֆեան, տոքթ. Նա­­հապե­­տեան։ Շիր­­մին առ­­ջեւ դամ­­բա­­­նական­­ներ կը խօ­­սին Բժշկա­­կան ֆա­­քիւլթէի ու­­սուցչա­­կան մար­­մի­­­նին անու­­նով տոքթ. Ռե­­ֆիք Միւ­­նիր պէյ (թուրքե­­րէն), Հայ բժշկա­­կան միու­­թեան անու­­նով տոքթ. Եաղու­­պեան (ֆրան­­սե­­­րէն), յա­­նուն կայ­­սե­­­րական բժշկա­­կան ըն­­կե­­­րու­­թեան՝ տոքթ. Կա­­րապետ Խան­­ճեան (ֆրան­­սե­­­րէն), տոքթ. Ար­­մե­­­նակ Խան­­ճեան եւ տոքթ. Գալ­­ֆա­­­յեան՝ յա­­նուն Հայ ատամ­­նա­­­բու­­ժա­­­կան միու­­թեան։ Վեր­­ջին դամ­­բա­­­նակա­­նը կ՚ար­­տա­­­սանէ տոքթ. Հրանդ Փէշ­­տի­­­մալ­­ճեան։ Ապա Սա­­մաթիոյ «Մա­­սիս» նո­­ւագա­­խումբին մե­­ռելա­­կան մե­­ղեդի­­ներով, Շո­­փենի մա­­հեր­­գով դա­­գաղը շրջան կ՚ընէ հի­­ւան­­դա­­­նոցին ամ­­բողջ շրջա­­փակը։ Ետի­­քու­­լէի եւ Գումգա­­բուի որ­­բա­­­նոցին սա­­ները իրենց թե­­ւին վրայ սու­­գի նշա­­նով թա­­փօր մը կազ­­մած էին։ Հան­­դի­­­սաւոր թա­­փօրը կը վա­­րէին Հայ պօյ-սքաու­­թի ան­­դամնե­­րը, ղե­­կավա­­րու­­թեամբ Յով­­հաննէս Պա­­ղիկեանի։ Ի վեր­­ջոյ տա­­րաբախտ բժիշ­­կին մար­­մի­­­նը կ՚ամ­­փո­­­փուի ազ­­գա­­­յին հի­­ւան­­դա­­­նոցի մատ­­րան շրջա­­փակը, բա­­րերար ազ­­գա­­­յին­­նե­­­րու դամ­­բա­­­րանին մօտ։

Հան­­գուցեալին ծնող­­քը գե­­րեզ­­մա­­­նին վրայ կը կանգնեց­­նեն շի­­րիմ մը, հե­­տեւեալ ար­­ձա­­­նագ­­րութեամբ.

 

Տոքթ. Դա­­նիէլ Հա­­նըմեան

1891-1922

Առա­­ւօտ մը Մա­­յիսի երբ բնու­­թիւնը նոր

կեանք կը զգե­­նուր, կեան­­քիդ Մա­­յիսին մէջ՝ դուն հրա­­ժեշտ տո­­ւիր կեան­­քին. ան­­գութ ձեռք մը որ վար­­դիդ գեղն ու բոյրն էր վա­­յելած, կու­­րօ­­­րէն ճմլեց վարդդ, բա­­րու­­նակն ալ միասին։

Կեանքդ գի­­տու­­թիւն, արիւնդ ալ հուսկ կա­­թիլ, զոհ բե­­րիր ի սփո­­փանս մար­­դուն ցա­­ւին, տան­­ջանքին, ար­­ժա­­­նիքով բեռ­­նա­­­ւոր, դուն ոս­­տին եղար նմա­­նակ՝ որ ծան­­րա­­­բեկ կ՚իյ­­նայ բե­­ռին տակ իր բեր­­քին

1922 Մա­­յիս 1

 

Վեր­­ջացնե­­լէ առաջ իր պար­­տա­­­կանու­­թեանը զոհ այս բժիշ­­կին պատ­­մութիւ­­նը, կ՚ու­­զեմ առա­­ջար­­կել հե­­տեւեալը. իւ­­րա­­­քան­­չիւր Մա­­յիսի 1-ին կամ այդ թո­­ւակա­­նին մօտ հինգշաբ­­թի օրը, երբ Ս. Փրկիչ մատ­­րան մէջ արա­­րողու­­թիւն կը կա­­տարո­­ւի, շիր­­մին վրայ կա­­տարե­­լի հո­­գեհանգստեան պաշ­­տօ­­­նով մը կա­­րելի է ոգե­­կոչել ո՛չ միայն տոքթ. Դա­­նիէլ Հա­­նըմեանը, այ­­լեւ բո­­լոր այն բժիշկնե­­րը, որոնք զոհ եղած են իրենց պար­­տա­­­կանութեան։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ