Փոքրամասնութիւններու մամուլը ճգնաժամի մէջ

Ինչպէս ծանօթ է քորո­­նայի վա­­րակը եւ անոր դէմ գոր­­ծադրո­­ւած կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րը բա­­ւակա­­նին սուղ ար­­ժած են գրա­­ւոր մա­­մու­­լին։ Սա­­կայն ճգնա­­ժամը ալ աւե­­լի ծանր տա­­նող­­ներն են ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու պատ­­կա­­­նող թեր­­թե­­­րը։

Այդ առու­­մով յար­­մար դա­­տեցինք անոնց մատ­­նո­­­ւած իրա­­վիճա­­կը լսել, նոյն ինքն հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րէն։ Այս մա­­սին «Մար­­մա­­­րա» օրա­­թեր­­թի հրա­­տարա­­կու­­թեան վա­­րիչ Արի Հատ­­տէ­­­լեր կը յայտնէ, թէ «Մար­­մա­­­րա» եւս մատ­­նո­­­ւած է կա­­րեւոր դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն առ­­ջեւ։ «Թուրքիոյ մէջ առա­­ջին մա­­հուան դէպ­­քը մեր խմբագ­­րութեան շատ մօտ գտնո­­ւած եւ մեր ալ յա­­ճախ հան­­դի­­­պած դե­­ղատու­­նի մը սե­­փակա­­նատէրն էր։ Իր հետ միասին դե­­ղարա­­նի անձնա­­կազմն ալ քա­­րան­­թի­­­նայի պայ­­մաննե­­րուն են­­թարկո­­ւեցան։ Այս զար­­գա­­­ցումնե­­րը դի­­տելով որո­­շեցինք խմբագ­­րա­­­տու­­նը փա­­կել եւ թեր­­թը առ­­ցանց պատ­­րաստե­­լու մա­­սին։ Զրկո­­ւելով տպագ­­րո­­­ւած թեր­­թի վա­­ճառ­­քէն ար­­դէն նիւ­­թա­­­կան կո­­րուստ մը ու­­նե­­­ցած էինք։ Անոր աւե­­լացաւ նաեւ եկե­­ղեցա­­կան ծա­­նու­­ցումնե­­րու դադ­­րի­­­լը։ Նա­­խապէս կը կար­­ծէինք, թէ հա­­զիւ քա­­նի մը շա­­բաթ պի­­տի տե­­ւէ այս ըն­­թացքը, իսկ հի­­մա կը տես­­նենք, որ բնա­­կանոն աշ­­խա­­­տան­­քի վե­­րադառ­­նա­­­լու հա­­մար աւե­­լի եր­­կար ժա­­մանա­­կի կը կա­­րօտինք։ Չեմ գի­­տեր թէ ար­­դէն դժո­­ւար պայ­­մաննե­­րով գո­­յատե­­ւող թեր­­թե­­­րը դեռ որ­­քան կրնան դի­­մագ­­րա­­­ւել նիւ­­թա­­­կան այս նեղ կա­­ցու­­թիւնը։ Կ՚ու­­զեմ կոչ ընել մեր հա­­մայնքի պա­­տաս­­խա­­­նատու դիր­­քի վրայ գտնո­­ւող վար­­չա­­­կազ­­մե­­­րուն, որոնք իրենց ծա­­նու­­ցումնե­­րու հա­­մար բա­­ւարար չտես­­նեն «Դի­­մատետր»ի եւ այլ ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու մի­­ջոց­­նե­­­րը ու իբր զօ­­րակ­­ցութիւն ծա­­նու­­ցումներ տա­­լով զօ­­րակ­­ցին ազ­­գա­­­յին մա­­մու­­լին»։

Յու­­նա­­­րէն հրա­­տարա­­կուող «Ափո­­յեւ Մա­­թինի» օրա­­թեր­­թի գլխա­­ւոր խմբա­­գիր Մի­­խայիլ Վա­­սիլեատի­­սի հա­­մաձայն ամե­­նամեծ խնդի­­րը տպո­­ւած թեր­­թը առա­­քելու գոր­­ծին մէջ կը յայտնո­­ւի։ «Մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րու տա­­րիքի մի­­ջինը բարձր է եւ սո­­վորու­­թիւն չու­­նին էկ­­րա­­­նի վրայ թերթ կար­­դա­­­լու։ Թեր­­թը կը տպենք 600 տպա­­քանա­­կով, որ ար­­դէն կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ իս­­թանպու­­լաբնակ 600 յոյն ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն։ Թեր­­թը մե­­ծաւ մա­­սամբ ըն­­թերցո­­ղին կը հաս­­նի ցրո­­ւիչ­­նե­­­րու ձեռ­­քով, որոնք դար­­ձեալ տա­­րեց մար­­դիկ են։ Ամ­­բողջո­­վին դադ­­րած է ծա­­նու­­ցումներն ու գո­­վազդնե­­րը եւ այս ըն­­թացքին առայժմ լու­­ծում մը չենք կրցած գտնել»։

Հրեայ հա­­մայնքի լրա­­տուա­­միջոց «Շա­­լոմ»ի հրա­­տարա­­կու­­թեան տնօ­­րէն Իվօ Մո­­լինաս եւս կը շա­­րու­­նա­­­կէ տպա­­գիր հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։ «Անձնա­­կազ­­մի հետ եր­­կար քննար­­կե­­­ցինք առ­­ցանց հրա­­տարա­­կելու խնդի­­րը։ Բայց նկա­­տի ու­­նե­­­նալով մօ­­տակայ «Փե­­սահը», հրա­­ժարե­­ցանք այդ միտ­­քէն։ Առա­­ջին եր­­կու շա­­բաթ աւե­­լի սեղմ անձնա­­կազ­­մով խմբագ­­րա­­­տան մէջ աշ­­խա­­­տելէ ետք որո­­շեցինք տու­­նե­­­րէն աշ­­խա­­­տելու։ Որոշ կա­­ղացումնե­­րով հան­­դերձ յա­­ջողած ենք թեր­­թը ըն­­թերցո­­ղին փո­­խան­­ցե­­­լու։ Ի մէջ այ­­լոց նշեմ, թէ թեր­­թը շատ աւե­­լի նո­­ւազ էջե­­րով լոյս կը տես­­նէ ճգնա­­ժամի շրջա­­նին։ Կը դժո­­ւարա­­նանք անո­­րոշու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն մէջ ապա­­գայի մա­­սին կան­­խա­­­տեսումներ ու­­նե­­­նալու։ Մնաց որ տու­­նէն աշ­­խա­­­տելով, խմբագ­­րա­­­տու­­նէն զրկո­­ւելով աշ­­խա­­­տան­­քի կո­­րովն ալ նո­­ւազած է։ Այս օրե­­րուն կը դի­­մադ­­րենք շնոր­­հիւ մեր կա­­մաւոր գրող­­նե­­­րուն, գո­­վազդ տո­­ւող­­նե­­­րուն եւ անձնա­­կազ­­մին իր գոր­­ծին հան­­դէպ ու­­նե­­­ցած սի­­րոյն ու պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան գի­­տակ­­ցութեան»։

Քա­­ղաքիս հնա­­գոյն մա­­մու­­լն է «Ժա­­մանակ», որ 113 տա­­րինե­­րէ ի վեր ան­­խա­­­փան կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր առա­­քելու­­թիւնը։ «Ժա­­մանակ»ի հրա­­տարա­­կու­­թեան տնօ­­րէն Արա Գօ­­չու­­նեան եւս մտա­­հոգ է, տի­­րող ծանր պայ­­մաննե­­րու բե­­րու­­մով։ «Ան կ՚ափ­­սո­­­սայ, որ հա­­մաճա­­րակը զու­­գա­­­դիպած է Մեծ Պահ­­քի եւ Ս. Զատ­­կի շրջա­­նին։ «Ժա­­մանակ այժմ միակ հա­­յատառ մա­­մուլն է, որ կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր տպագրութիւնը։ Մեծ զգու­­շութեամբ կը շա­­րու­­նա­­­կենք խմբագ­­րա­­­տան մէջ թեր­­թը պատ­­րաստե­­լու գոր­­ծը։ Կը մաղ­­թեմ որ այս ան­­ցումա­­յին շրջա­­նը յաղ­­թա­­­հարենք պահ­­պա­­­նելով մեր հիմ­­նա­­­կան արժանիքները»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ