Պսակաձեւ ժահրը կը ձեւաւորէ համաշխարհային օրակարգը

Նոր Քորոնա ժահրի վարակը կը շարունակէ իր կործանիչ յատկութիւնով աննախադէպ փորձանք մը դառնալ համաշխարհային մարդկութեան գլխուն։ Խիստ կարեւոր անցուդարձները իսկ կը դժուարանան պսակաձեւ ժահրին երկիրներուն օրակարգին վրայ զբաղեցուցած առաջին կարգը ետ մղելու։ Իւրաքանչիւր օր լրատուամիջոցները կը փոխանցեն մահուան եւ վարակման նոր հաշուեցուցակներ։ Այսպէս «ՔՈՎԻՏ-19» իր ամենակործանիչ երեւոյթով կը սաւառնայ միացեալ նահանգներու մէջ։ Այստեղ նահանգային վարչութիւնները եւ Սպիտակ Տունը մատնուած են սուր տարակարծութիւններու։ Նախագահ Թրամբ ամէն ճիգ կը վատնէ երեւոյթը անկարեւոր ցոյց տալու համար։ Ան կ՚ուզէ, որ ժամ առաջ գործել սկսին գործարանները, որպէսզի երկրի արդիւնաբերութիւնը աւելի ծանր կորուստներու չմատնուի։ Իսկ միւս կողմէ անհատի կեանքը կարեւորող շրջանակներ կը թելադրեն ճիշդ հակառակ գործունէութիւն։ Նիւ Եորքի քաղաքապետը հարց կու տայ. «Դուն մեզ սպաննե՞լ կ՚ուզես» ըսելով։ Միւս կողմէ նախագահ Թրամբ համավարակը շահագործելով կ՚ուզէ ճնշում բանեցնել Չինաստանի վրայ։ Ան արդէն առաջին օրէն սկսեալ եղածը անուանեց «Չինական ժահր» ըսելով։ Իսկ վերջերս ձայն մը աւելի առաջ երթալով կը պնդէ թէ Չինաստան պէտք է ստանձնէ այս վարակով գոյացող նիւթական կորուստը։ Ինչպէս որ Իրաքեան պատերազմի օրերուն այդ երկիրը կործանելէ ետք կատարած ծախսերն ալ պահանջած էր նոյն ինքն Իրաքէն։ Յափշտակած էր այդ երկրի քարիւղի արտադրութիւնը որպէս հարկ իր երկրի կատարած զինուորական ծախսերու համար։

Անդին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 20 Ապրիլի երեկոյեան ելոյթ ունենալով յայտարարած է, թէ 23,24,25 եւ 26 Ապրիլ թուականներուն արգիլուած է փողոց ելլել։ Այս նոր զարգացումի դիմաց «Ակօս» կը տպուի չորեքշաբթի օր եւ կ՚առաքուի ընթերցողներուն։ Փողոց ելլելու արգելքը բնականաբար պիտի դժուարացնէ տպագիր մամուլի ընթերցողին հասնելու երեւոյթին վրայ։ Նոյն օր հրապարակուեցաւ նաեւ վարակուածներու եւ մահացողներու վերջին ցանկը, ըստ որու վարակը տակաւին կը շարունակէ ծաւալիլ Թուրքիոյ մէջ։ Թէեւ այստեղ իշխանութիւնները եւս կը ցանկան շուտափոյթ կերպով վերսկսիլ գործարանային արդիւնաբերութեան։ Արդէն այժմէն կարգ մը գործարաններ կը պատրաստուին Մայիս ամսու առաջին օրերէն սկսեալ արտադրութեան վերսկսելու։

Յայտարարուած տուեալներու վիճելիութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ երկրի մէջ եւ մարդիկ չեն գիտեր թէ որ մէկ լսածին հաւատան։ Տակաւին կը շարունակուի միջքաղաքային ճամբորդութեան դէմ գործադրուող արգելքը։ Միւս կողմէ լսումներ կը հասնին, թէ թուրքիաբնակ հայաստանցիներու երկրորդ եւ աւելի բազմանդամ խումբ մը կը պատրաստուի ցամաքային ճամբով Հայաստան վերադառնալու։

Նշենք որ Թուրքիա եւս ձեռնարկած է նման կարգադրութեան եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէ օդային ճամբով տուն կը բերէ իր քաղաքացիները։ Բացի զրկանքներու շրջանի տեւողութենէն աւելի կարեւոր մղձաւանջ մը ըլլալով կը ներկայանայ կեանքի բնականոնացումէն ետք յայտնուելիք տնտեսական ճգնաժամը։ Այս ճգնաժամի գլխաւոր փաստը պիտի ըլլայ գործազրկութիւնը։ Արդէն լուրջ համեմատութիւնով մը 12 տոկոսի հասած աշխատազրկութեան բարձր համեմատութիւնը հիմա կը սպասուի, թէ այդ ալ գերազանցուի եւ անգործութեան դատապարտուածներու թիւը հասած ըլլայ մինչեւ 25 տոկոսի սահմաններուն։ Յատկապէս մտահոգիչ է, այն փաստը թէ նման հաստատումներու պահուն ընդհանրապէս կ՚անդրադառնանք ամբողջական տուեալներու։ Բայց կայ աւելի գերզգայուն հաշուարկ մը, որ կը վերաբերի աշխատունակ հատուածի գործազրկման երեւոյթներուն։

Ափսոս որ ապագայի օրերը շատ ալ յոյս չեն ներշնչեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ