Ի Սէր Մաշտոցի… Փրկենք Արեւելահայերէնը

Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 30 Մարտ 2020

 

Մինչեւ երէկ տա­­կաւին ամ­­բողջ ու­­ժով կը գո­­ռայի, կ՚ափ­­սո­­­սայի, կ՚աւա­­ղէի արեւմտա­­հայե­­րէնի նա­­հան­­ջին եւ մօ­­տալուտ մա­­հուան հա­­մար։ Քա­­րը տե­­ղէն չշար­­ժե­­­ցաւ, հա­­կառակ անոր որ սրտցաւ հա­­յեր տա­­րերա­­յին կեր­­պով հիմ­­նե­­­ցին արեւմտա­­հայե­­րէնի հա­­մար դա­­սըն­­թացքներ, ձեռ­­նարկներ, դա­­սաւան­­դութիւններ, առ­­ցանց ծրա­­գիր­­ներ եւ այլն եւ այլն։

Վա­­ղուը­­նէ պի­­տի սկսիմ ամ­­բողջ հա­­գագով ար­­դէն պո­­ռալ եւ ամ­­բողջ սրտով աղա­­չել բո­­լոր հայ­­րե­­­նասէր­­նե­­­րուն, որ փոր­­ձենք ու ճգնինք կա­­սեց­­նել նաեւ արե­­ւելա­­հայե­­րէնի շի­­ջումն ու մա­­հացու­­մը լե­­զուի մը, որուն բախտ վի­­ճակո­­ւեցաւ պե­­տական լե­­զու դառ­­նա­­­լու, լե­­զու մը, որուն վրայ աշ­­խա­­­տեցան բա­­զում «ճար­­տա­­­րապետ հան­­ճարներ»՝ Յով­­հաննէս Յով­­հաննի­­սեան, Րաֆ­­ֆի, Ստե­­փանոս Նա­­զարեանց, Մու­­րա­­­ցան, Նար-Դոս, Տէ­­րեան, Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեան, Չա­­րենց, Մալ­­խա­­­սեանց, Բա­­կունց, Սե­­ւակ, Կա­­պու­­տի­­­կեան…։ Շար­­քը եր­­կար է, բայց մեր միտ­­քը՝ կարճ։

Ես կա­­րօտախ­­տէ չէի տա­­ռապեր, բայց հի­­մա ար­­դէն անոր նշան­­նե­­­րը կը նկա­­տեմ ու կը մտա­­ծեմ՝ եր­­նեկ չէի՞ն Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ մեր ու­­սա­­­նողու­­թեան տա­­րինե­­րը կամ յի­­սու­­նա­­­կան­­նե­­­րէն մին­­չեւ ութսու­­նա­­­կան­­նե­­­րու վեր­­ջե­­­րը, երբ մեր պաշ­­տօ­­­նական ու գրա­­ւոր խօս­­քի ժա­­մանակ մեր բա­­ռերը կ՚ընտրէինք, լուրջ մօ­­տեցում ցոյց կու տա­­յինք մեր ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րուն, որ­­պէսզի եզ­­րա­­­բանու­­թեան յանձնա­­ժողո­­վի կող­­մէ չքննա­­դատուէինք, իսկ եթէ շուրջդ կա­­յին Ռա­­ֆայէլ Իշ­­խա­­­նեան­­ներ, Մի­­նաս Հիւ­­սեան­­ներ, Գրող­­նե­­­րու միու­­թիւն, «Գա­­րուն»ական­­ներ, ապա անոնց խո­­ժոռ հա­­յեացքնե­­րուն պի­­տի հան­­դի­­­պէինք։ Վա՜յ եկեր ու տա­­րեր էր այն դժբախ­­տը, որ հան­­դի­­­պեր էր բա­­նաս­­տեղծ Շի­­րազին, երկվայրկեան մը չան­­ցած ուղղա­­կի զայն անխնայ անար­­գանքի սիւ­­նին պի­­տի գա­­մէր…

Բաղ­­դա­­­տեցէք ստա­­լինեան շրջա­­նի ռու­­սա­­­հայե­­րէնը եւ յետ-պա­­տերազ­­մեան զգա­­լիօրէն մաք­­րազտո­­ւած արե­­ւելա­­հայե­­րէնը՝ հա­­մոզո­­ւելու հա­­մար թէ հայ­­րե­­­նի (խորհրդա­­յին) պե­­տու­­թիւնը ինչպի­­սի՜ լրջու­­թեամբ կը հե­­տեւէր, որ­­պէսզի օտար ան­­հարկի բա­­ռեր ու եզ­­րոյթներ արա­­գօրէն դուրս մղո­­ւէին արե­­ւելա­­հայե­­րէնէն։

Այսքա­­նէն յե­­տոյ իրա­­ւունք չու­­նի՞մ թա­­խիծով լե­­ցուիլ այդ շրջա­­նի իշ­­խա­­­նու­­թեանց կո­­րուստին հա­­մար։

Ես «սո­­վետա­­կան կար­­գե­­­րը» երա­­զող մը չեմ, բայց մէկ բան յստակ էր, որ ամէն արար­­քի հա­­մար պա­­տաս­­խան պէտք է տա­­յիր այդ տա­­րինե­­րուն։ Այո՚, ազատ խօս­­քի իրա­­ւունք չու­­նէիր, բայց ազա­­տօրէն կը քննա­­դատէին քեզ, եթէ «հա­­մը հա­­նէիր» օտա­­րաբա­­նու­­թիւննե­­րով։ Ու­­րեմն պէտք է լաւ կշռա­­դատէիր ո՚չ միայն ըսե­­լիքդ այ­­լեւ գրե­­լիքդ։

Ի հար­­կէ ամէն ինչ կա­­տարեալ չէր այդ տա­­րինե­­րուն եւ մեր արե­­ւելա­­հայե­­րէնին մէջ շատ աւե­­լի օտար ան­­հարկի բա­­ռեր ու եզ­­րոյթներ կը վխտա­­յին քան արեւմտա­­հայ սփիւռքի մտա­­ւորա­­կանու­­թեան լե­­զուին մէջ (երա­­նելի՜ օրեր)։ Բայց այն ճի­­գը, բծախնդրու­­թիւնն ու մի­­տումնե­­րը կա­­յին, որոնք ի վեր­­ջոյ օր մը պի­­տի յան­­գէին արե­­ւելա­­հայե­­րէնի կա­­րելի մաք­­րազտման։ Չե­­ղա՜ւ դժբախ­­տա­­­բար։ Չտե­­սա՜նք այդ օրը մեր մայ­­րա­­­մու­­տի այս տա­­րինե­­րուն, ընդհա­­կառա­­կը՝ ամէն օր ակա­­նատես եղանք ու կ՚ըլ­­լանք արե­­ւելա­­հայե­­րէնի աղ­­ճատման, բզքտու­­մին, խա­­թարու­­մին եւ «ան­­համ ապու­­րի» մը վե­­րածո­­ւելուն։

Բա­­ռերը ոգի ու­­նին։ Անոնք երե­­ւոյ­­թի մը, կա­­ցու­­թեան մը, պա­­րագա­­յի մը եւ առար­­կա­­­յի մը հնչիւննե­­րով եւ ապա տա­­ռերով ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւող տա­­ռամիացու­­թիւններ են, որոնք մար­­դու ըմբռնման գոր­­ծընթա­­ցին մէջ կը ստեղ­­ծեն պատ­­կեր մը։

Բա­­ռերը կը ստեղ­­ծո­­­ւին տո­­ւեալ ցե­­ղի մը, հա­­ւաքա­­կանու­­թեան մը եւ ի վեր­­ջոյ զար­­գա­­­ցող ազ­­գի մը փոր­­ձա­­­ռու­­թեան ու պատ­­մութեան ըն­­թացքին։ Այ­­սինքն անոնք ազ­­գի մը ինքնու­­րոյնու­­թեան գլխա­­ւոր յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րէն են։ Բա­­ռերը կը փո­­խան­­ցո­­­ւին սե­­րունդէ սե­­րունդ եւ յոյժ անհրա­­ժեշ­­տութեան պա­­րագա­­յին հա­­րեւան կամ հե­­ռաւոր ազ­­գե­­­րէն կ՛առ­­նեն բա­­ռեր, ինչպէս սո­­վորու­­թիւններ, առած­­ներ, ասա­­ցուածքներ եւ այլն։ Նման պա­­րագա­­ներուն այդ բա­­ռերը կ՚են­­թարկուին ըն­­դունող ազ­­գին կամ ժո­­ղովուրդին հնչիւ­­նա­­­բանու­­թեան օրէնքնե­­րուն։ Օրի­­նակ՝ պարսկե­­րէն ֆա­­րաշ­­տա­­­կը կը վե­­րածո­­ւի հրեշ­­տա­­­կի, ֆար­­մա­­­նը՝ հրա­­մանի եւ այլն։

Ու­­րեմն, ին­­չու՞ ան­­հարկի բա­­ռեր ու եզ­­րեր խցկել մեր լե­­զուին մէջ, երբ մեր բազ­­մա­­­դարեայ լե­­զուն ու­­նի ԲՈ­­ԼՈՐ հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը նո­­րաս­­տեղծ բա­­ռերը հա­­յերէ­­նով ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու։ Ին­­վոյս-invoice-ը վա­­ղուց ան­­տի կը նշա­­նակէ ապ­­րանքնե­­րու ցու­­ցակ, գնո­­ւած կամ ծա­­խուած ապ­­րանքնե­­րու ցու­­ցակ, այ­­սինքն հա­­շուե­­ցու­­ցակ։ Ան­­հասկնա­­լի կը մնայ մե­­զի հա­­մար անգլե­­րէնէն ան­­հարկի եւ զար­­տուղի ճամ­­բով արե­­ւելա­­հայե­­րէնի մէջ ամ­­րագրո­­ւող ին­­վոյս բա­­ռը։ Եւ այսպէս հա­­րիւ­­րա­­­ւոր «նո­­րամու­­ծութիւննե­­ր»։

Խնդրեմ, ահա­­ւասիկ ճա­­շակ մը նո­­րօրեայ բա­­ռերու. ռեն­­տա, պա­­ցիենտ, հոս­­պի­­­տալ-գոս­­պի­­­տալ, պաս­­պորտ, վի­­րուս, էկո­­նոմի­­կա, կը լի­­նիկա, ին­­ֆորմա­­ցիա եւ այլ «ացիա»ներ ու «վա­­րիացիա»ներ…

Մեր լե­­զուն մե՛նք ենք եւ չենք ու­­զեր որ մեր արեան եւ ինքնու­­թեան մէջ նե­­րար­­կո­­­ւին ան­­հարկի շի­­ճուկներ, որով­­հե­­­տեւ մեր լե­­զուն պէտք չու­­նի անոնց։ Պէտք չէ խա­­թարել մեր մայ­­րե­­­նին։

Կ՚առա­­ջար­­կեմ հա­­մահայ­­կա­­­կան ԼՈՒՐՋ քննարկման առար­­կայ դարձնել այս վնա­­սակար երե­­ւոյ­­թը, այս ախ­­տը եւ մեր լե­­զուն մաք­­րել խժա­­լուր բա­­ռերէ։ Ատենն է որ հա­­մապա­­տաս­­խան մար­­միններն ու իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը միաս­­նա­­­բար ստեղ­­ծեն Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովին կից յանձնա­­ժողով մը կամ մար­­մին մը, որ­­պէսզի կտրուկ քայ­­լե­­­րու դի­­մէ եւ ազա­­տէ արե­­ւելա­­հայե­­րէնը օտա­­րահա­­յերէն դառ­­նա­­­լու վե­­րահաս վտանգէն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ