Էրտողան դարձեալ ընդհանրացուց

Նախագահ Էրտողան ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ 24 Ապրիլի նախօրեակին պատգամ մը հրապարակելով յիշեց Առաջին Աշխարհամարտի ծանր պայմաններուն տակ մահացած Օսմանեան հայերը։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի ուղղեալ գրի առնուած պատգամին մէջ Նախագահ Էրտողան անցեալ տարիներու նման այս տարի ալ ընդհանրացում մը ընելով հայ զոհերը յիշելէ, անոնց սերունդներուն ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք «Եւ այս տխուր շրջանին իրենց կեանքը կորսնցուցած բոլոր Օսմանեան քաղաքացիներուն երկնային հանգիստ կը հայցեմ» ըսաւ։

Նախագահը այս առթիւ շեշտեց որ ոչ անցեալին, ոչ ալ այսօր պիտի արտօնեն երկրի որեւէ քաղաքացիի իր հաւատքին կամ ինքնութեան պատճառաւ խտրականութեան մատնուելուն։ Ան նաեւ ակնարկութիւններ ըրաւ որոշ շրջանակներուն ըսելով, որ «Բոլորիս ծանօթ է մեր միասնութիւնը անտեսելով պատմութենէն թշնամութիւն ստեղծել աշխատողները»։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ