Համավարակի այս օրերուն գեղարուեստական բազմաթիւ միջոցառումներ փոխադրուած են համացանցի։ Այսպէս անցեալի բազմաթիւ երաժշտական կատարումներ, հանրածանօթ նուագախումբերու երբեմնի համերգները, օփերայի կամ պալէի ներկայացումներ, գեղանկարչական ցուցահանդէսներ, թատերախաղեր առցանց դրութեամբ կը փոխանցուին արուեստասէր հասարակութեան։ Այս արշաւէն անմասն չէ մնացած եօթներորդ արուեստը՝ շարժանկարը։ Բացի խաղարկային, վաւերագրական, կարճամեթրաժ ժապաւէններէ, նոյնիսկ կինօ փառատօներ եւս կը հաղորդուին համացանցի միջոցաւ։ Անոնց մէջ կը հանդիպինք Լուսին Տինքի ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլեամ Սարոյեանի 1964 թուին Միացեալ Նահանգներէն մեկնելով իր պապենական երկիր՝ Պիթլիս ճամբորդութիւնը նկարագրող «Սարոյեանի Երկիրը» ֆիլմին։ Ֆիլմի սցենարը եւ բեմադրութիւնը կը կատարէ Լուսին Տինք։ Այս ճանապարհորդութեան մանրամասնութիւնները կը հաւաքէ սոյն ոդիսականի պահուն Սարոյեանին ընկերակցող ականատեսներու վկայութիւններէն։
1908-ին Քալիֆորնիոյ նահանգին Ֆրէզնօ քաղաքը ծնած Սարոյեան իր գրողի կերպարին մէջ կը ներկայացնէ ամերիկացիի, հայու եւ բաղիշեցիի ինքնութիւնը։ «Նար Ֆիլմ» ընկերութեան արտադրութիւնը եղած Սարոյեանի երկիրը (Saroyanland) կարելի է դիտել «Vimeo» ծրագրի միջոցաւ։