«Երեւանի Ձայն»էն արձագանգներ

Թուրքիոյ քրտաբ­­նակ քա­­ղաք­­նե­­­րու հա­­մար առաս­­պե­­­լի հա­­մազօր ար­­ժէք մըն է Երե­­ւանի ռա­­տիօկա­­յանի քրտե­­րէն հա­­ղոր­­դումնե­­րը։ «Կա­­զեթէ Տու­­վար» կայ­­քէ­­­ջի լրա­­տուու­­թեան հա­­մաձայն ռա­­տիօկա­­յանի քրտե­­րէն բաժ­­նի ար­­խի­­­ւը ար­­դէն թո­­ւայ­­նա­­­ցուած է եւ տրա­­մադ­­րո­­­ւած է հե­­տաքրքրո­­ւող­­նե­­­րուն ու­­շադրու­­թեան։ Քրտա-գեր­­մա­­­նական մշա­­կոյ­­թի ինստի­­տու­­տը աւե­­լի քան 900 քրտե­­րէն եր­­գե­­­րու ձայ­­նագրու­­թիւնը եւ եր­­գե­­­րու բա­­ռերը միաս­­նա­­­բար կը մա­­տու­­ցէ։ 27 Ապ­­րիլ եւ 1 Մա­­յիս թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ այս առ­­ցանց ծա­­ռայու­­թիւնը կա­­րելի է լսել եւ տա­­րածել նաեւ։ Կը նշո­­ւի թէ ան­­ցեալին բազ­­մա­­­թիւ եր­­գեր սխալ ծա­­նօթացումնե­­րով ներ­­կա­­­յացո­­ւած էին։ Իսկ այժմ ազ­­գագրա­­գէտ եւ ար­­խի­­­ւային հե­­տազո­­տիչ Ճե­­վատ Մեր­­վա­­­նիի շուրջ 3 տա­­րինե­­րու եր­­կա­­­րող եւ բազ­­մանդամ աշ­­խա­­­տակազ­­մով մը գլուխ հա­­նած աշ­­խա­­­տու­­թիւնը մօտ ապա­­գային ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րով, խօս­­քե­­­րով եւ կա­­տարումնե­­րով հա­­մալ­­րո­­­ւած չորս հա­­տորա­­նի գիր­­քի մը եւ DVD սկա­­ւառա­­կի մը հրա­­պարակ­­ման հա­­մար ալ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կուին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ