Ոճիր ոստիկանի ձեռքով

Ատա­­նայի Սէյ­­հան գա­­ւառի Սու­­ճուզա­­տէ թա­­ղի մէջ ոս­­տի­­­կան­­ներ հեր­­թա­­­կան քննար­­կում կը կա­­տարէին փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքը խա­­փանող քա­­ղաքա­­ցինե­­րու դէմ։ Ինչպէս ծա­­նօթ է ամ­­բողջա­­կան ար­­գելքի մը բա­­ցակա­­յու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ար­­գի­­­լած է 65 տա­­րեկա­­նէն աւե­­լի երէց եւ 20 տա­­րեկա­­նէ աւե­­լի կրտսեր­­նե­­­րու փո­­ղոց ել­­լե­­­լը։ Ար­­գելքին չհնա­­զան­­դողնե­­րուն կը կի­­րար­­կո­­­ւի դրա­­մական պա­­տիժ։ Ոս­­տի­­­կանա­­կան քննու­­թիւնը նկա­­տելով իս­­կոյն կող­­քի փո­­ղոց մտնե­­լով փախ­­չող երի­­տասար­­դի մը դէմ ոս­­տի­­­կան մը կրա­­կեց եւ ցգետ­­նեց փա­­խուստի դի­­մող ան­­ձը։ Դէպ­­քը իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լի մէջ ներ­­կա­­­յացո­­ւեցաւ «Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու «Կե­­ցի՛ր» հրա­­մանին դէմ փախ­­չող ան­­ձը կեց­­նե­­­լու հա­­մար ոս­­տի­­­կանը կրա­­կած է օդը, բայց սխալ­­մամբ ոտ­­քէն զար­­նո­­­ւած է փախ­­չող ան­­ձը։ Վի­­րաւո­­րը փո­­խադ­­րո­­­ւած է հի­­ւան­­դա­­­նոց, բայց կա­­րելի չէ եղած անոր կեան­­քը փրկել»։

Իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լի այս լրա­­տուու­­թեան փո­­խարէն ակա­­նատես­­ներ կը յայտնեն, թէ ոս­­տի­­­կանը միայն մէկ ան­­գամ կրա­­կած է եւ դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով սպա­­նած է փախ­­չող երի­­տասար­­դը։

Աւե­­լի ուշ պար­­զո­­­ւեցաւ իրո­­ղու­­թիւնը Ար­­դա­­­րադա­­տական բժշկու­­թեան քննար­­կումով պար­­զո­­­ւեցաւ թէ 19 ամեայ սու­­րիացի ապաս­­տա­­­նեալ Ալի Ալ Հա­­ման մա­­հացած է սրտին ստա­­ցած փամ­­փուշտի հե­­տեւան­­քով։

Այս իրո­­ղու­­թեան պար­­զո­­­ւելէն ետք կրա­­կող ոս­­տի­­­կանը բեր­­ման են­­թարկուած եւ բան­­տարկո­­ւած է։

Թուրքիոյ Օրէնքնե­­րու մէջ կա­­տարուած փո­­փոխու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով լայն ազա­­տու­­թիւն տրո­­ւած է ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն, զէնք գոր­­ծա­­­ծելու հա­­մար։ Սո­­վորա­­բար միայն ճա­­րահա­­տու­­թեան պա­­հուն եւ սե­­փական կեան­­քի վտան­­գո­­­ւելու պայ­­մաննե­­րուն տակ ի զօ­­րու եղած զէնք գոր­­ծա­­­ծելու դրու­­թիւնը վեր­­ջերս ընդլայ­­նած է եւ սա առա­­ջին ոճի­­րը չէ որ կը գոր­­ծուի նման պայ­­մաններու տակ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ