«Անցեալին դառնալը աղէտ է»

Համավարակը օր ըստ օրէ կը ծաւալի բազմաթիւ կեանքեր խլելով աշխարհի համարեա բոլոր երկիրներէ ներս։ Արդէն իսկ հասած ենք վարակուածներու 3 միլիոն թուանշանին ամբողջ երկրագունդի վրայ։ Մտահոգութիւնը այն է, թէ ժահրը կրկին անգամ պիտի հարուածէ մարդկութեան, եթէ յանկարծ մեղմացուի կանխարգելման միջոցները։ Իսկ օրըստօրէ աւելի կը ծաւալին համավարակի պատճառաւ գործադրուած սահմանափակումներէն դժգոհողներու թիւը։ Նոյնիսկ ԱՄՆ-ի կարգ մը նահանգներու մէջ այդ դժգոհութիւնը վերածուած է բողոքի ցոյցերու։ Բոլոր այս զարգացումներու մասին զրուցեցինք Ամերիկաբնակ հոգեբան Կիւնտիւզ Վասաֆի հետ։

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

Մեր զրուցակիցէն խնդրե­­ցինք որ մեկ­­նա­­­բանէ եւ նկա­­րագ­­րէ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ տի­­րող ըն­­կե­­­րային հո­­գեբա­­նու­­թիւնը։

«Գի­­տենք որ ԱՄՆ դաշ­­նակցա­­յին եր­­կիր մըն է։ Տար­­բեր է նա­­հան­­գա­­­յին նա­­խագահ­­նե­­­րու եւ դաշ­­նակցա­­կան նա­­խագա­­հի իրա­­ւասու­­թեան սահ­­մաննե­­րը։ Եր­­բեմն կը պա­­տահի որ անոնց որո­­շումնե­­րը հա­­մընկնին իրա­­րու եւ եր­­բեմն ալ ոչ։ Ինչպէս աշ­­խարհի զա­­նազան եր­­կիրներ ԱՄՆ-ի մէջ ալ հա­­կասու­­թիւն մը կայ տնտե­­սու­­թիւն նա­­խապա­­տուող­­նե­­­րու եւ հա­­սարա­­կու­­թեան առող­­ջութիւ­­նը նա­­խապա­­տուող­­նե­­­րու մի­­ջեւ։ Կայ փո­­ղոց ել­­լել ու­­զողնե­­րու հսկայ զան­­գո­­­ւած մը։ Անոնք թէ կը դժգո­­հին ազա­­տու­­թիւննե­­րու սահ­­մա­­­նափա­­կու­­մէն եւ թէ նաեւ մտա­­հոգ են իրենց աշ­­խա­­­տան­­քը կորսնցնե­­լու առու­­մով։ Կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րու դի­­մելու հա­­մար ու­­շա­­­ցող պե­­տական հա­­մակար­­գը ապա մար­­դիկ տուն բան­­տարկեց եւ յե­­տոյ մոր­­ցաւ անոնք։ Հի­­մա մենք մեր սահ­­մա­­­նափակ մի­­ջոց­­նե­­­րով կը փոր­­ձենք միաս­­նութիւն հաս­­տա­­­տել։ Այս պայ­­մաննե­­րու տակ մեր մատ­­նո­­­ւած առտնի կեանքն ալ հո­­գեկան առող­­ջութեան առու­­մով նոր խնդիր մը յա­­րու­­ցած է։ Պե­­տու­­թիւնը չէ կրցած առ­­տու, թէ գի­­շեր ժահ­­րի մա­­սին լու­­րեր փո­­խան­­ցե­­­լէ աւե­­լին ընել։ Երկրի մէջ բազ­­մա­­­թիւ մշա­­կոյ­­թի առու­­մով հա­­րուստ մար­­դիկ կան։ Կան երա­­ժիշտներ, կան թա­­տերա­­կան գոր­­ծիչներ, բա­­նաս­­տեղծներ կամ նկա­­րիչ­­ներ։ Գո­­նէ հան­­րա­­­յին հե­­ռուստա­­կայա­­նի մի­­ջոցաւ կրնան մե­­զի հետ կապ հաս­­տա­­­տել։ Իրենց առաջ­­նորդու­­թեամբ կրնանք թան­­գա­­­րան­­նե­­­րը շրջիլ։ Կրնանք մեր բա­­նաս­­տեղծնե­­րը, գրող­­նե­­­րը լսել, անոնց հետ ծա­­նօթա­­նալ։ Բայց կ՚երե­­ւի ժահ­­րի հա­­մազօր կը վախ­­նան նաեւ մշա­­կոյ­­թէն։ Ճիշդ է որ ԱՄՆ-ի մէջ պե­­տու­­թիւնը ան­­գործու­­թեան հա­­տու­­ցում կը կա­­տարէ։ Բայց այդ հա­­տու­­ցումէն օգ­­տուող­­նե­­­րը թե­­րեւս ան­­գործու­­թեան մատ­­նուած­­նե­­­րու հինգ կամ տո­­կոսը կը կազ­­մեն։ Մի­­լիոն­­նե­­­րով հա­­շուար­­կո­­­ւած գաղ­­թա­­­կան­­ներ կամ ապաս­­տա­­­նեալ­­ներ Իս­­թանպու­­լի նման մեծ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ մէկ սե­­նեակի պայ­­մաննե­­րը կը բաժ­­նեն 5 կամ 10 հո­­գիով։ Բա­­ցի դժո­­ւարու­­թե­­­նէ, վա­­րակո­­ւելու վտանգն ալ առ­­կայ է։ Առանց իրենց վա­­րակո­­ւիլը սպա­­սելու կա­­րելի է զի­­րենք մե­­կու­­սացնել որոշ վայ­­րե­­­րու մէջ։

Յայտնի է, որ այս ար­­հա­­­ւիր­­քի աւար­­տին պե­­տու­­թիւննե­­րը աւե­­լի հզօ­­րացած դուրս պի­­տի գան։ Ալ աւե­­լի մօ­­տէն պի­­տի կրնան հե­­տեւիլ կամ հե­­տապնդել մեզ։ Այստեղ հար­­ցա­­­կան է, թէ բնա­­կանոն կեան­­քի վե­­րադառ­­նալ ի՞նչ կը նշա­­նակէ։ Հա­­ւանա­­կան է, որ բնա­­կանի դառ­­նալ ըսե­­լով մենք աղէ­­տի մը հետ դէմ­­հանդի­­ման մնանք։ Ընդ հա­­կառա­­կը պէտք է սթա­­փինք եւ դուրս գանք նախ­­կին կեն­­ցա­­­ղէ, որ մեզ բե­­րաւ նման փոր­­ձութեան մը դի­­մաց։ Ու­­րիշ ճար չկայ, այ­­սուհե­­տեւ պի­­տի խու­­սա­­­փինք շռայլ սպառումէ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ