Հալածանք Զարաքօլուի դէմ

Ինչպէս վարի նիւթերու մէջ ալ անդրադարձած ենք Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը կը շարունակէ նոր ու նորագոյն վհուկի կաթսաներ եռացնելու։ Այս անգամ իշխանամէտ մամուլի գրիչները թիրախ դարձուցած են ծանօթ հրատարակիչ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն։ Այժմ նետերը ուղղած են դէպի Զարաքօլու, անոր վերագրելով իշխանափոխութեան համար յեղափոխութիւն ծրագրելու մեղքը։ Զարաքօլու, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին տուժած է այդ տեսակի զինուորական հարուածներէ հիմա ինք է որ կը մեղադրուի նման հարուած մը ծրագրելով։ Այս պնդումի իբր փաստ կը ներկայացուի Զարաքօլուի մէկ յօդուածը, ուր ան կ՚ըսէ թէ իշխող կառավարութիւնը պիտի կորսնցնէ իշխելու կարողութիւնը եւ պիտի հեռանայ կառավարութենէն։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ