Պսակաժահրը կեանքեր կը խլէ

Պսակաժահրի վա­­րակը տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կէ հա­­մատա­­րած աղէտ մը ըլ­­լա­­­լով բո­­վան­­դակ մարդկանց սպառ­­նալ։ Ոչ ոք զերծ պա­­հուած է այդ վտան­­գէն։ Ար­­դա­­­րեւ Պոլ­­սոյ հա­­յու­­թիւնն ալ յա­­ճախ կը ցնցո­­ւի հա­­մայնքէն ներս հան­­րա­­­ծանօթ անուննե­­րու մա­­հուան բօ­­թը լսե­­լով։ Այ­­սօ­­­րուայ վեր­­ջին մա­­հուան լու­­րը եկաւ Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցէն եւ մենք դժբախ­­տութիւ­­նը ու­­նե­­­ցանք լսե­­լու Կե­­տիկ­­փա­­­շայի Սուրբ Յով­­հաննէս Եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղային խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Յա­­րու­­թիւն Շան­­լըի կո­­րուստը։

Շան­­լը վա­­րակո­­ւած էր հի­­ւան­­դութեան Թուրքիոյ մէջ յայտնո­­ւած առա­­ջին օրե­­րուն։ Խտա­­ցեալ դար­­մա­­­նու­­մի են­­թարկուած Ազ­­գա­­­յին Հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ։ Այդ ըն­­թացքին մէջ եղան յոյս ներշնչող պա­­հեր, երբ հի­­ւան­­դա­­­նոցէն կը յայ­­տա­­­րարո­­ւէր թէ շու­­տով կը փո­­խադ­­րեն սո­­վորա­­կան հի­­ւան­­դա­­­սենեակ։ Բայց ապա կա­­ցու­­թիւնը կրկին վատ­­թա­­­րացաւ եւ չո­­րեք­­շաբթի առա­­ւօտ մա­­հացաւ հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ։ Յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւնը կա­­տարո­­ւեցաւ նոյն օրո­­ւայ յետ­­մի­­­ջօրէին Պա­­լըք­­լըի գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ։

Ասո­­րինե­­րու մեծ կո­­րուստը

Ասո­­րի հա­­մայնքը եւս ապ­­րե­­­ցաւ ծանր կո­­րուստ մը, յան­­ձին Փրոֆ. Մու­­րատ Տիլ­­մե­­­նէրի։ Մու­­րատ Տիլ­­մե­­­նէր բա­­ցի ճար­­տար բժշկա­­գիտու­­թեան ծա­­նօթ էր իր բա­­րեսի­­րու­­թիւննե­­րով եւս։ Ան շատ ան­­գամ դրամ չէր ստա­­նար աղ­­քատ հի­­ւանդնե­­րէ եւ այս նա­­խասի­­րու­­թիւնը նոյ­­նիսկ բո­­ղոքի պատ­­ճառ դար­­ձած էր իր դէմ։ Փրոֆ. Տիլ­­մե­­­նէր դա­­տարա­­նի դի­­մաց բա­­ցատ­­րե­­­լու ստի­­պուած էր իր բժիշ­­կի առա­­քելու­­թիւնը։ Իս­­թանպու­­լի Հա­­մալ­­սա­­­րանի Բժշկա­­գիտա­­կան բա­­ժինն ալ ցա­­ւակ­­ցութիւ­­նով մը յար­­գեց իր դա­­սախօ­­սը, նշե­­լով որ ան հա­­մալ­­սա­­­րանի բժշկա­­գիտու­­թեան բաժ­­նի հա­­մավա­­րակի զոհ գա­­ցած չոր­­րորդ փրոֆէօսորն է։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ