Համավարակը համաշխարհային փորձանք է, որուն չեն գիտակցիր կառավարութիւնները

Մայիսի 11-ը, թէ Եւ­­րո­­­պայի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու եւ թէ Թուրքիոյ հա­­մար կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րու որոշ չա­­փով թու­­լացման թո­­ւական ըլ­­լա­­­լով կը դի­­տուի։ Սա­­կայն այս մեր­­ձե­­­ցումն ալ իր կար­­գին թե­­րու­­դէմ կար­­ծիքնե­­րու ար­­ծարծման պատ­­ճառ կ՚ըլ­­լայ։ Յայտնի է որ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը եւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը տար­­բեր նա­­խապա­­տուու­­թիւննե­­րու գո­­հացում տալ կ՚ու­­զեն։ Երբ ԱՄՆ նա­­խագահ Թրամբ երկրի տնտե­­սու­­թիւնը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով կը ձգտի ժամ առաջ նախ­­կին դրու­­թեան վե­­րադառ­­նալ, նա­­հան­­գա­­­պետե­­րը ահա­­զանգ կը հնչեց­­նեն կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րը լքե­­լու հա­­ւանա­­կան հե­­տեւանքնե­­րու մա­­սին։ Մաք­­րոն կամ Մեր­­քել եւս կողմնա­­կից են երկրի տնտե­­սու­­թեան աւե­­լի ծանր կո­­րուստ մը ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լէ խու­­սա­­­փելու հա­­մար ժամ առաջ դուրս գալ մե­­կու­­սա­­­ցումնե­­րէ։ Բայց փո­­խարէ­­նը քա­­ղաքա­­պետեր կամ նա­­հան­­գա­­­պետեր կը շա­­րու­­նա­­­կեն իրենց առար­­կութիւննե­­րը։ Թուրքիոյ մէջ ալ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կուին յա­­ռաջի­­կայ եր­­կուշաբ­­թի օր առեւ­­տուրի կեդ­­րոննե­­րը վե­­րաբա­­նալու հա­­մար։ Այստեղ դար­­ձեալ ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը եւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը կա­­ռավա­­րու­­թիւնը կը զգու­­շացնեն կան­­խա­­­հաս թու­­լա­­­ցու­­մի մը հա­­մավա­­րակի երկրորդ ալի­­քի մը տե­­ղի տա­­լիք վտանգնե­­րու մա­­սին։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի աշ­­խարհի երե­­սին կը նկա­­տուի վա­­րակո­­ւելու եւ մա­­հանա­­լու դէպ­­քե­­­րու յստակ նո­­ւազում մը։ Բայց այդ նո­­ւազու­­մը այնքան ալ ճիշդ չի հա­­մարո­­ւիր այս վեր­­ջիննե­­րու կող­­մէ։ Հա­­մաշ­­խարհա­­յին առու­­մով երկրորդ նմա­­նու­­թիւնն ալ բո­­լոր եր­­կիրնե­­րէ ներս յայ­­տա­­­րարուած թի­­ւերու հան­­դէպ անվստա­­հու­­թիւնն է։ Վա­­րակո­­ւելէ խու­­սա­­­փելու գլխա­­ւոր մի­­ջոց­­նե­­­րէն մէկն է դի­­մակի գոր­­ծադրու­­թիւնը։ Յայտնի կը դառ­­նայ, որ բո­­լոր եր­­կիրներ որոշ չա­­փով ան­­բա­­­ւարար մնա­­ցած են հա­­սարա­­կու­­թեան գո­­հացու­­ցիչ չա­­փով դի­­մակ տրա­­մադ­­րե­­­լու խնդրին մէջ։ Եթէ դի­­մակը վա­­րակո­­ւելէ փրկո­­ւելու մի­­ջոց է, ար­­հեստա­­կան շնչա­­ռու­­թեան գոր­­ծիքն ալ դար­­մանման պա­­հուն խիստ կա­­րեւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցող մի այլ գոր­­ծօն է եւ այդ գոր­­ծի­­­քի ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թեան պա­­հուն բժիշկնե­­րը կը հար­­կադրո­­ւին բու­­ժումի հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը աւե­­լի բարձր եղող­­նե­­­րուն նա­­խապա­­տուու­­թիւն տալ։ Ար­­դա­­­րեւ Եւ­­րո­­­պայի բազ­­մա­­­թիւ եր­­կիրնե­­րու մէջ մա­­հացող­­նե­­­րու կա­­րեւոր մէկ հա­­մեմա­­տու­­թիւնը կը վի­­ճակի ծե­­րանոց­­նե­­­րու բնա­­կիչ­­նե­­­րուն։ Ահա այս երկրոր­­դա­­­կան բնոյ­­թի տե­­ղեկու­­թիւններն են որ շատ աւե­­լի յստակ կը նկա­­րագ­­րեն հա­­մամարդկա­­յին աղէ­­տի տա­­րողու­­թիւնը։

Կար­­ծես թէ ներ­­կայ ճգնա­­ժամը բա­­ւարար չըլ­­լայ Թրամ­­բի կամ Էր­­տո­­­ղանի նման առաջ­­նորդներ կը փոր­­ձէն այս ճգնա­­ժամով եւս քա­­ղաքա­­կան շա­­հեր ապա­­հովել։ Թրամբ ի դէմ Առող­­ջա­­­պահու­­թեան Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան եւ իր երկրի գիտ­­նա­­­կան­­նե­­­րու յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն յա­­րատեւ կեր­­պով կը պնդէ թէ ժահ­­րը տա­­րածո­­ւած է Չի­­նական տար­­րա­­­լու­­ծա­­­րանէ մը, որու հա­­մար ինք հա­­տու­­ցում պի­­տի պա­­հան­­ջէ Չի­­նաս­­տա­­­նէն։ Թուրքիոյ Նա­­խագա­­հը եւս որ­­դեգրած է այս եղա­­նակը եւ հա­­մավա­­րակի մա­­սին իր բո­­լոր յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րու ըն­­թացքին կը փոր­­ձէ մեղ­­քի լուրջ բա­­ժին մը բեռցնել ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու ու­­սե­­­րուն։ Երե­­ւոյթ մը՝ որ հետզհե­­տէ անըն­­դունե­­լի կը գտնո­­ւի զա­­նազան­­նե­­­րու կող­­մէ։ Այս բո­­լորը դի­­տելով կա­­րելի է եզ­­րա­­­կաց­­նել թէ հա­­սարա­­կու­­թիւնը շատ աւե­­լի լուրջ կը գի­­տակ­­ցի առ­­կայ փոր­­ձանքին, քան ցան­­կա­­­ցած պե­­տական ներ­­կա­­­յացուցիչ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ