Սանձարձակ վայրագութիւն

Նա­խորդ շա­­­բաթ մեր ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն տե­­­ղեկա­­­ցու­­­ցած էինք Կրուպ Եորում երաժշտա­­­կան խումբի ան­­­դամ Իպ­­­րա­­­­­­­հիմ Կէօք­­­չէ­­­­­­­քի հա­­­ցադու­­­լը թաթ­­­րեցնե­­­լու որո­­­շու­­­մը։ Յու­­­սադրո­­­ւած էինք, թէ նոյն խումբի ան­­­դամ Հե­­­լին Պէօքէ­ի եւ իրա­­­ւապաշտպան Մուսթա­­­ֆա Քո­­­չաքի մա­­­հերէն ետք Իպ­­­րա­­­­­­­հիմ վե­­­րադար­­­ձած էր կեան­­­քին։ Ափ­­­սոս որ կար­­­ճա­­­­­­­տեւ եղաւ մեր ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը, քա­­­նի որ թեր­­­թիս տպա­­­րանէն եկած ժա­­­մերուն լսե­­­ցինք անոր ալ փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւած հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցին մէջ մա­­­հանա­­­լու տխուր լու­­­րը։

Քա­­­ղաքա­­­կան դաշ­­­տի վրայ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան հրահ­­­րած բե­­­ւեռա­­­ցու­­­մը եւ ան­­­հանդուրժո­­­ղական ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւնը առօ­­­րեայ կեան­­­քի մէջ ալ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ իր անդրա­­­դարձնե­­­րը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ յա­­­ջորդ օր երբ Կա­­­զի թա­­­ղամա­­­սի ժո­­­ղովա­­­րանին (ճեմ էվի) մէջ յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թեան կարգ պի­­­տի կա­­­տարո­­­ւէր, ոս­­­տիական­­­նե­­­­­­­րը մեծ բռնու­­­թեամբ մի­­­ջամ­­­տե­­­­­­­ցին, ցրո­­­ւեցին հա­­­ւաքո­­­ւած ժո­­­ղովուրդը, ար­­­ցունքա­­­բեր կազ նե­­­տեցին ժո­­­ղովա­­­րանէն ներս եւ բեր­­­ման են­­­թարկե­­­ցին բազ­­­մա­­­­­­­թիւ յու­­­ղարկա­­­ւոր­­­ներ։ Անոնց կար­­­գին էր նաեւ ող­­­բա­­­­­­­ցեալին հայ­­­րը։ Ոս­­­տի­­­­­­­կանա­­­կան բռնու­­­թիւնը այսքա­­­նով ալ չգո­­­հացաւ եւ Իպ­­­րա­­­­­­­հիմ Կէօք­­­չէ­­­­­­­քի ան­­­շունչ մար­­­մի­­­­­­­նը իս­­­կոյն հե­­­ռացուց ժո­­­ղովա­­­րանէն։

Կէօք­­­չէք կտա­­­կած էր թա­­­ղուիլ իր ըն­­­տա­­­­­­­նեկան գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նը՝ Կէ­­­սարիա։ Բա­­­նակ­­­ցութիւննե­­­րէ վերջ ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը յօ­­­ժարե­­­ցան դիակը յանձնել մեր­­­ցա­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րուն շու­­­տա­­­­­­­փոյթ կեր­­­պով Կե­­­սարիա փո­­­խադ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար։

Մինչ այդ Կե­­­սարիոյ Գորշ Գայ­­­լե­­­­­­­րու կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը ազ­­­դա­­­­­­­րարեց, որ չըլ­­­լայ թէ փոր­­­ձեն իրենց քա­­­ղաքը մտնել, ամէն գի­­­նով ար­­­գելք պի­­­տի ըլ­­­լան ահա­­­բեկի­­­չի Կե­­­սարիա թա­­­ղու­­­մին։ Այս սպառ­­­նա­­­­­­­լիքով հան­­­դերձ թաղ­­­ման թա­­­փորը ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցութեամբ ուղղո­­­ւեցաւ Կե­­­սարիա, ուր սահ­­­մա­­­­­­­նափակ մաս­­­նակցու­­­թեամբ կա­­­տարո­­­ւեցաւ թա­­­ղու­­­մը։

Ատե­­­լու­­­թիւն ամե­­­նու­­­րէք

Երբ Կե­­­սարիոյ մէջ կը կա­­­տարո­­­ւէր թա­­­ղու­­­մը Պոլ­­­սոյ մէջ վե­­­րահա­­­սու կ՚ըլ­­­լա­­­­­­­յինք Պա­­­քըր­­­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­­­տո­­ւածած­­­նի Հայ Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեց­­­ւոյ շքա­­­մուտքի հրկիզ­­­ման լու­­­րին։

Առա­­­ջին տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րով ան­­­ծա­­­­­­­նօթ մը փոր­­­ձած էր բեն­­­զին թա­­­փելով կրա­­­կի տալ եկե­­­ղեց­­­ւոյ եր­­­կա­­­­­­­թեայ դու­­­ռը։ Ոս­­­տի­­­­­­­կանա­­­կան կար­­­ճա­­­­­­­տեւ հե­­­տաքննու­­­թիւնով պար­­­զո­­­­­­­ւեցաւ յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մը իրա­­­կանաց­­­նո­­­­­­­ղին ինքնու­­­թիւնը։

Բեր­­­ման են­­­թարկո­­­ւած ան­­­ձը ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն յայտնեց, թէ բար­­­կա­­­­­­­ցած է հա­­­յերուն, քա­­­նի որ պսա­­­կաձեւ ժահ­­­րի փոր­­­ձանքը իրենց պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ եկած է երկրի գլխուն։ Այս յի­­­մար ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը պատ­­­ճառ դար­­­ձաւ, որ ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը յայ­­­տա­­­­­­­րարեն յար­­­ձա­­­­­­­կողի մտա­­­յին հա­­­ւասա­­­րակշռու­­­թե­­­­­­­նէ զուրկ ըլ­­­լա­­­­­­­լը։

Նման դէպ­­­քե­­­­­­­րու պա­­­րագա­­­յին շատ ծա­­­նօթ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաբա­­­նու­­­թիւն մըն է այս։ Երբ կը գոր­­­ծադրո­­­ւի ատե­­­լու­­­թեան դրդու­­­մով որե­­­ւէ յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւն, ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը կամ դա­­­տախազ­­­նե­­­­­­­րը իս­­­կոյն կ՚անդրա­­­դառ­­­նան յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծի խե­­­լագար մը ըլ­­­լա­­­­­­­լու պնդու­­­մով։ Իսկ եթէ յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը հա­­­սած է մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան նման ծանր դէպ­­­քի այս ան­­­գամ ալ որ­­­պէս մե­­­ղաւոր կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւի ան­­­չա­­­­­­­փահաս մը։

Ատե­­­լու­­­թիւն հե­­­ռուստաէկ­­­րա­­­­­­­նէն

Ատե­­­լու­­­թեան մթնո­­­լոր­­­տի օրի­­­նակ մըն ալ կու գար իշ­­­խա­­­­­­­նամէտ «Իւլքէ» հե­­­ռուստա­­­կայա­­­նի հա­­­ղոր­­­դումով։ հա­­­ղոր­­­դումին հիւ­­­րա­­­­­­­բար մաս­­­նակցող Սեվ­­­տա Նո­­­յեան կ՚ափ­­­սո­­­­­­­սար թէ չեն կրցած ար­­­ժե­­­­­­­ւորել 15 Յու­­­լի­­­­­­­սի յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան ձա­­­խողած փոր­­­ձի ընդձե­­­ռած առի­­­թը։ «Մեր ըն­­­տա­­­­­­­նիքի այդ կա­­­րողու­­­թիւն ու­­­նի։ Այդ գի­­­շեր մենք կրնա­­­յինք առ­­­նո­­­­­­­ւազն 50 հո­­­գի մաք­­­րել։ Ափ­­­սոս թե­­­րացանք։ Բայց հի­­­մա թող գիտ­­­նան, որ շատ աւե­­­լի ար­­­թուն ենք։ ես ճշդած եմ իմ ցան­­­կագրած մեր թա­­­ղի թի­­­րախ­­­նե­­­­­­­րը»։

Երբ այ­­­ցե­­­­­­­լուն այս նա­­­խադա­­­սու­­­թիւննե­­­րը կը կազ­­­մէր հա­­­ղոր­­­դա­­­­­­­վարն ալ կը ձայ­­­նակցէր իրեն։ Հա­­­ղոր­­­դումը իս­­­կոյն ար­­­ձա­­­­­­­գանգ գտաւ ընդդի­­­մադիր մա­­­մու­­­լի վրայ որ­­­մէ ետք Նո­­­յեան ըն­­­տա­­­­­­­նիքը ան­­­դամներն ալ պա­­­խարա­­­կեցին իրենց հար­­­սի ելոյ­­­թը։

Այժմ հե­­­տաքրքրա­­­կան է, թէ «Ռա­­­տիոյի եւ Թե­­­լեվիզ­­­յոն»ի վե­­­րահսկիչ մար­­­մի­­­­­­­նը ի՞նչ հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն պի­­­տի բե­­­րէ այս սահմռկե­­­ցու­­­ցիչ հա­­­ղոր­­­դումին հա­­­մար։ Չէ որ այդ նոյն մար­­­մի­­­­­­­նը մեծ բծախնդրու­­­թեամբ շատ լուրջ պատ­­­ժա­­­­­­­միջոց­­­ներ կը վճռէ ընդդի­­­մադիր հա­­­ղոր­­­դումնե­­­րու դի­­­մաց։

ՀՏՓ կու­­­սակցու­­­թեան պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Կա­­­րօ Փայ­­­լան Հայ­­­կա­­­­­­­կան եկե­­­ղեց­­­ւոյ հրկիզ­­­ման խնդի­­­րը Խորհրդա­­­րանի օրա­­­կար­­­գի բե­­­րելու պա­­­հուն եղե­­­լու­­­թիւնը կը բա­­­ցատ­­­րէր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան եւ մա­­­նաւանդ նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րով։ Կը յի­­­շեց­­­նէր անոր քա­­­նի մը օր առաջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծած «Թու­­­րի աւել­­­ցուք» խօս­­­քը։ Ըստ երե­­­ւոյ­­­թի պսա­­­կաձեւ ժահ­­­րի պատ­­­ճա­­­­­­­ռած տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամը քօ­­­ղար­­­կե­­­­­­­լու հա­­­մար իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը յա­­­ռաջի­­­կայ օրե­­­րուն հա­­­ւանա­­­կան է, որ թափ տայ նման ելոյթնե­­­րու, ու­­­շադրու­­­թիւնը շե­­­ղելու հա­­­մար այլ գե­­­տիններ։

Ցեխարձակման

նոր եղանակներ

Կրօ­­նամոլ «Կեր­­չէք Հա­­յաթ» պար­­բե­­­րակա­­նը իր վեր­­ջին թի­­ւին մէջ վեր­­լուծա­­կան թղթած­­րա­­­րով մը կը քննար­­կէ Ֆե­­թուլլահ Կիւ­­լե­­­նի շար­­ժումին կազ­­մութեան, իբ­­րեւ թէ մութ ծալ­­քե­­­րը։ Այս առ­­թիւ պար­­բե­­­րակա­­նը երկրին քրիս­­տո­­­նեայ եւ հրեայ հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ իբ­­րեւ շար­­ժումին առա­­ջատար գոր­­ծիչնե­­րը ըլ­­լա­­­լով։ Կը յի­­շուի հրէից ռա­­բու­­նա­­­պետ Իզաք Հա­­լեւա­­յի, յու­­նաց Տիեզե­­րական Պատ­­րիարք Բար­­թո­­­ղոմէոսի եւ Թուրքիոյ Հա­­յոց եր­­բեմնի եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ Շնորհք Պատ­­րիար­­քի անուննե­­րը։ Պար­­բե­­­րակա­­նի այս հրա­­տարա­­կու­­թեան դէմ բուռն բո­­ղոք ներ­­կա­­­յացու­­ցին Հա­­յոց եւ Յու­­նաց Պատ­­րիար­­քա­­­րան­­նե­­­րը եւ Հրէից Ռա­­բու­­նա­­­պետու­­թիւնը։

Նշենք որ ան­­ցեալին, երբ Ֆե­­թուլլահ Կիւ­­լե­­­նի շար­­ժումը կը վա­­յելէր Էր­­տո­­­ղանի վար­­չա­­­կազ­­մին աջակ­­ցութիւն ու հա­­մակ­­րանքը յա­­ճախա­­կի կը գոր­­ծադրո­­ւէին միջ կրօ­­նական երկխօ­­սու­­թեան ձգտող նա­­խաձեռ­­նութիւններ։ Քրիս­­տո­­­նեայ եկե­­ղեցի­­ները ակա­­մայ կը բե­­րէին իրենց մաս­­նակցու­­թիւնը կա­­րելի եղա­­ծին չափ զուսպ կեր­­պով։ Սա­­կայն կը պար­­զո­­­ւի թէ այդքա­­նը իսկ առիթ կը ստեղ­­ծէ անոնց անուննե­­րը այս սա­­տանա­­յի վե­­րածուած Ֆե­­թուլլահ Կիւ­­լե­­­նի շար­­ժումին հետ միասին յի­­շելու հա­­մար։ Ի զուր տեղ չէ որ Յու­­նաց Տիեզե­­րական Պատ­­րիար­­քը իր ստանձնած առա­­քելու­­թիւնը կը բնու­­թագրէր խա­­չուած ըլ­­լա­­­լու երեւոյթով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ