Կեանքն ու արուեստը յաւիտենական են Բ.

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

arabianberge@hotmail.com

Գրիգոր Սա­հակօղ­լու

(գե­ղան­կա­րիչ, քան­դա­կագործ, Իս­թանպուլ)

 

Աւե­լի քան վեց շա­բաթ է որ տունն եմ։ Տես­նե­լով աշ­խա­տելու ստի­պուած­նե­րը, յատ­կա­պէս բու­ժաշխա­տող­նե­րը, ես զիս բախ­տա­ւոր կը հա­մարեմ։ Մե­կու­սա­ցու­մը ո՛չ դրա­կան եւ ո՛չ ալ ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ։ Ճիշդ է որ աշ­խա­տանոց չեր­թա­լով աւե­լի նո­ւազ կ՚ար­տադրեմ։ Խան­գա­րուե­ցան ցու­ցա­հան­դէ­սի ծրա­գիր­ներս։ Ջնջո­ւեցան հա­ւաքա­ծոյի վե­րաբե­րեալ բա­նակ­ցութիւննե­րը։

Չեմ գի­տեր թէ երբ կ՚աւար­տի ներ­կայ ճգնա­ժամը, բայց յայտնի է թէ ին­ծի հա­մար աւե­լի եր­կա­րատեւ պի­տի ըլ­լայ։ Պի­տի վերսկսիմ իմ կի­սատ մնա­ցած գոր­ծե­րուն։ Ի վեր­ջոյ ես ար­դէն իմ աշ­խարհով կը գոր­ծեմ, ոչ թէ իշ­խողնե­րուն պար­տադրած­նե­րը։ Յու­սամ կեանքս կը բա­ւարա­րէ այս կո­րած ժա­մանա­կահա­տուա­ծը վե­րանո­րոգե­լու։

Շա­հան

Արծրու­նի

(երա­ժիշտ, Լոն­տոն)

 

Արո­ւես­տը ան­հա­տի ինքզինք ար­տա­յայ­տե­լու մի­ջոցն է։ Արո­ւես­տը մի­կող­մա­նի չի կրնար գո­յու­թիւն ու­նե­նալ։ Պաս­տառ մը միայն տես­նե­լու բան չէ, կը կա­րօտի իր մա­սին քննար­կումի եւ խորհրդա­ծու­թեան։ Երաժշտու­թիւնը լսե­լէ աւե­լի իմա­նալու կը կա­րօտի։

Գե­ղարո­ւես­տա­կան գոր­ծի մը ստեղծման պա­հուն արո­ւես­տա­գէտը առան­ցին է։ Սա­կայն աւար­տե­լէ ետք պէտք է հա­սարա­կու­թեան հաս­նի։ Արո­ւես­տա­գէտը նկա­տուե­լու, ու­շադրու­թեան ար­ժա­նանա­լու եւ վեր­ջա­պէս գնա­հատո­ւելու կա­րիք ու­նի։ Անհրա­ժեշտ է ստեղ­ծա­գոր­ծութեան կեն­դա­նու­թիւնը, աճը, զար­գա­ցու­մը։ Այս ալ կա­պուած է ու­րիշնե­րու կող­մէ նկա­տուե­լուն հետ։ Արո­ւես­տը կեան­քի ցո­լացումն է։

Մարդկա­յին շփու­մէ զուրկ, մե­կու­սացման պայ­մաննե­րու տակ, կար­ծե­ցեալ աշ­խարհի մը մէջ կ՚ապ­րինք։ Ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու հիմ­նա­կան տար­րը երա­զելն է եւ ան ալ ազա­տազրկո­ւած։ Այս բո­լորի բեր­մամբ շո­ւարած եմ ու մտա­հոգ։ Բար­կա­ցած եմ, տխուր, նոյ­նիսկ սար­սա­փի մատ­նո­ւած։ Կապս խզած եմ, չեմ ու­զեր կապ ու­նե­նալ։ Ին­չո՞ւ նո­ւագեմ որ, անի­մաստ է։ Ին­չո՞ւ տան­ջո­ւիմ մտմտա­լով։ Ամէն ինչ անի­մաստ կը թո­ւի։ Ժա­մանա­կը թո­ղած եմ իր հոս­քին։

Ո՞վ գի­տէ, թե­րեւս ալ ան­ցո­ղակի ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մը դի­մաց աչ­քե­րը փա­կել է այս...։

Հեր­ման Ար­թուչ

(երա­ժիշտ, Իս­թանպուլ)

 

Տնա­յին կա­լան­քի այս օրե­րուն ստի­պուե­ցայ փա­կել աշ­խա­տանոցս, ուր թէ մեր փոր­ձե­րը կը կա­տարէինք եւ թէ թմբու­կի դա­սեր կ՚ընէի աշա­կերտնե­րուս հետ։ Չեմ գի­տեր թէ պի­տի կ՚արե­նամ փա­կել կու­տա­կուած վարձքե­րը եւ շա­րու­նա­կել գործս։ Առ այժմ, բո­լոր արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու նման պատ­րաստ գու­մարն է որ կը սպա­ռենք։ Հա­զիւ մի քա­նի նախ­կին աշա­կերտնե­րուս հետ հե­ռակայ պա­րապումներ կը կա­տարենք։

Այս դժո­ւար օրե­րուն վրայ հա­սաւ հօրս յան­կարծա­կան մա­հը, սրտի ին­ֆարքթի մը պատ­ճա­ռաւ։ Տես­նե­լով արո­ւես­տա­գէտ բա­րեկամ­նե­րուս, հա­րեւան­նե­րուս մատ­նո­ւած դժո­ւարու­թիւնը, նիւ­թա­կանի կող­քին հո­գեկան նե­ղու­թիւն ալ կ՚ապ­րիմ։ Միւս կող­մէ կայ նաեւ դրա­կան զար­գա­ցումներ։ Մարդկանց բա­ցակա­յութեան պայ­մաննե­րուն բնու­թիւնը սկսած է ինքզինք վե­րանո­րոգե­լու։ Այս ալ իր կար­քին մխի­թարա­կան երե­ւոյթ է։

Այժմ կա­րեւո­րագոյն հար­ցադրու­մը այս աղէ­տէն ինչ դաս քա­ղելու մա­սին է։ Նոյն ըն­թացքով շա­րու­նա­կելը մեզ անե­լի պի­տի տա­նի։ Պի­տի իմա­նա՞նք ար­դեօք թէ բնու­թի­նը մար­դուն չի պատ­կա­նիր, այլ մարդն է որ բնու­թեան կը պատ­կա­նի։ Եթէ չենք կորսնցու­ցած ստեղ­ծա­գործ, գիւ­տա­րար միտ­քը, կո­րովը, ամէն ինչ կա­րելի կ՚ըլ­լայ։

 

Վեր­ժին Շապ­ճը

(գե­ղան­կա­րիչ, Իս­թանպուլ)

 

«Կեան­քը յու­սադրիչ գործ է սի­րելիս։ Կեան­քը քեզ սի­րելու նման լուրջ գործ է» գրած էր իմ սի­րելի բա­նաս­տեղծը՝ Նա­զըմ Հիք­մէթ։ Հա­մաձայն եմ, յոյ­սով պի­տի նա­յինք ապա­գային եւ կեան­քը լուրջի պի­տի առ­նենք։ Սա­կայն այս սահ­մա­նափա­կուա­ծու­թիւնը իր հետ յու­սալքու­թիւն ալ բե­րաւ։ Ար­տերկրի մի­ջոցա­ռու­մի մը կը պատ­րաստո­ւէի։ Պէտք էր ար­տադրէի բայց առա­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րուն ձեռքս վրայ չի գնաց։ Մինչ այդ ու­րիշ զբա­ղումներ գտայ։ Ահա­գին գիր­քեր կար­դա­ցի։ Ապա ան­ցայ կտա­ւին դի­մաց։ Պուլղա­րիոյ Պալ­չիք քա­ղաքի բու­սա­բանա­կան այ­գիէն ներշնչո­ւելով բնան­կա­րի մը ձեռ­նարկե­ցի։ Չէի յու­սա­ցած թէ յա­ջող ու գե­ղեցիկ գործ մը պի­տի ու­նե­նամ։ Նկա­րելու ցան­կութեան վե­րադար­ձը աւե­լի կա­րեւոր էր այդ պա­հուն։ Աւար­տին, զար­մանքով դի­տեցի աշ­խա­տու­թիւնս եւ հա­ւանե­ցի։ Յա­ջողած էի այդ գե­ղեցիկ պար­տէ­զի ոգին փո­խան­ցել կտա­ւին։ Ճիշդ էր ըն­կե­րոջս «արո­ւես­տա­գէտ­ներ դժո­ւար օրե­րուն յա­ջող գոր­ծեր կ՚ար­տադրեն» հա­մոզու­մը։

Բա­զում ծրա­գիր­ներ կան մտքիս մէջ եւ յոյս ու­նիմ որ պի­տի իրա­կանա­նան։ Չեմ ու­զեր յու­սալքո­ւիլ, պի­տի ար­տադրեմ որ­քան ատեն որ կը կա­րողա­նամ։

Նեն­սի

Գրի­գորեան

(ար­ձա­կագիր, Նիւ Եորք)

 

Ամու­սինս ալ վա­րակո­ւած ըլ­լա­լուն, թէ դուրսի աշ­խարհէն եւ թէ տան մէջ իրար­մէ հե­ռու մնա­լով մենք մե­կու­սա­ցու­մը կրկնա­կի ապ­րե­ցանք։ Բախ­տա­ւոր էինք, չորս շա­բաթո­ւայ մէջ ինք ապա­քինո­ւեցաւ առանց զիս ալ վա­րակե­լու։ Այդ հանգրուանին կրցանք կար­ճա­տեւ պտոյտնե­րով դուրս ել­լել։ Ծա­ռերը կը ծաղ­կէին, թռչուններ բոյն կը հիւ­սէին։ Վե­րագ­տած էի գրե­լու տրա­մադ­րութիւնս եւ սկսայ վէպս շա­րու­նա­կելու։ Հայ ըն­տա­նիքի մը սե­րունդնե­րու հո­լովոյ­թով գո­յապայ­քա­րի մա­սին է վէ­պը։ Երեք հա­տուած­նե­րէ առա­ջինը 11 Սեպ­տեմբե­րի առա­ւօտ Նիւ Եոր­քի մէջ կը սկսի։ Երկրորդ հա­տուա­ծը Լի­բանա­նի ներ­քին պա­տերազ­մի օրե­րուն եւ եր­րորդն ալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­խոր­դող տա­րինե­րուն Հաճ­նայ մէջ։ Ներ­կայ վախն ու լա­րուա­ծու­թիւնը իր անդրա­դար­ձը կ՚ու­նե­նայ գիր­քի ան­ցեալը նկա­րագ­րող պա­տումնե­րուն։

Հո­գեհան հի­ւան­դութիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ծա­ւալիլ։ Բազ­մա­մարդ ար­գե­լանոց­նե­րու մէջ բան­տարկեալ­նե­րը ան­պաշտպան են վա­րակի դի­մաց։ Անօթե­ւան­նե­րը եւ ապաս­տա­նեալ­նե­րը զուրկ են նախ­նա­կան օգ­նութե­նէ։ Իսկ իմ մէջ միաձու­լո­ւած է ար­ձա­կագ­րի եւ գոր­ծի­չի կեր­պարնե­րը։ Ուստի գրե­լու կող­քին ետ չեմ մնար նաեւ զօ­րակ­ցութեան ար­շաւներ կազ­մա­կեր­պե­լէ կամ ցոյ­ցե­րու մաս­նակցե­լէ։ Մարդկա­յին խղճին եւ ար­դա­րու­թեան տի­րապե­տած կա­նանչ աշ­խարհի մը հե­ռան­կա­րով կողք կող­քի պի­տի պայ­քա­րիմ ըն­կերնե­րուս հետ։

 

Գէորգ Մա­լիքեան

(դե­րասան, Լոն­տոն)

 

Դե­րակա­տարու­թիւնը կեանք է, կեան­քը դե­րակա­տարու­թիւն։ Հա­մավա­րակը ինքնամ­փո­փուե­լու, զար­թօնքի եւ ըն­կալման առիթ մը մա­տու­ցեց։ Մարդկանց սխալ ըն­թացքով յայտնո­ւած այս աղէ­տը հասկնա­լու, փո­խան­ցե­լու, լու­սա­բանե­լու եւ ստա­յնմ վա­րուե­լու առիթ մըն է ապ­րուածը։ Մայր բնու­թիւնը մեզ պատ­ժե­լու եղա­նակը կը գտնէ։

Կը վախ­նամ թէ Քո­վիտ 19-ի կան­խա­միջոց­նե­րը առ­յա­ւէտ մեզ զրկեն ձեռ­նո­ւելու՛ գիր­կընդխառ­նո­ւելու, համ­բուրո­ւելու նման ար­տա­յայտման եղա­նակ­նե­րէն։ Վախ մը եւս ու­նիմ։ Մեր աս­պա­րէզի գոր­ծա­տէրե­րը իրենց շա­հը պա­հելու հա­մար հրա­ժարին 65 տա­րեկա­նը ան­ցած դե­րասան­նե­րուն տեղ տա­լէ։ Բա­ւարա­րուին աւե­լի նո­ւազ դե­րասան­նե­րու խումբե­րով։

Բայց ինչ որ ալ ըլ­լայ, ինչպէս միշտ, հի­մա ալ պի­տի յար­մա­րուինք եւ կեան­քը պի­տի շա­րու­նա­կուի նոր տա­րազ­նե­րով, նոր բե­մայար­դա­րումնե­րով։

Արա Տինքճեան

(Երա­ժիշտ, Նիւ Ճըր­զի)

 

Ես սո­վորա­բար տու­նէն չել­լե­լուս, հա­մավա­րակը շատ ալ չէ ազ­դած իմ արո­ւես­տա­կան աշ­խա­տան­քին։ Շրջա­պատո­ւած եմ նո­ւագա­րան­նե­րով եւ ձայ­նագրիչ սար­քե­րով։ Բայց մտա­հոգ եմ իմ ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն հա­մար։ Սա­կայն այդ մտա­հոգու­թիւնով իսկ, խա­ղաղու­թիւնը երաժշտու­թեան մէջ գտնե­լուս պատ­ճա­ռաւ յա­ջողե­ցայ երաժշտա­կան նոր յօ­րինումներ ընե­լու։ Իմ երաժշտա­կան ու­ղին թէ ան­հա­տական եւ թէ հա­ւաքա­կան, միշտ մարդկանց խնդիր­նե­րը նիւթ կ՚առ­նէ։ Հա­մավա­րակի հա­մաշ­խարհա­յին բնոյ­թը մեզ առաջ­նորդեց բո­լորիս յա­տուկ երե­ւոյթնե­րը տես­նե­լու։ Սա ար­դէն իմ աշ­խարհա­հայեացքն էր, որ հի­մա մեզ կէ մօ­տեց­նէ իրա­րու։

Ներշնչու­մի խնդի­րը ինձմէ ան­կախ կը թե­ւածէ։ Բայց երբ կու գայ, բո­լոր ու­շադրու­թիւնս կու տամ իրեն։

Դժո­ւար է ապա­գայի մա­սին պատ­կե­րացում մը կազ­մել։ Խոս­տո­վանիմ որ «zoom»ի մի­ջոցաւ երաժշտու­թիւն ընե­լէ չեմ ախոր­ժիր։ Նո­ւագո­ղի հա­մար ունկնդրի ներ­կա­յու­թիւնը անհրա­ժեշտ է։ Ժա­մանա­կակից ձայ­նագրման սար­քե­րը հրաշ­քի հա­մազօր կա­րողու­թիւններ ու­նին։ Բայց կա­րելի չէ ամ­բողջ էու­թեամբ ձեզ լսել ու­զող հան­դի­սատե­սին ներ­կա­յու­թեամբ գո­յացած այդ կա­խար­դա­կան մի­ջավայ­րը վա­յելել։ Գի­տեմ թէ երաժշտու­թիւնը մե­զի մարդ ըլ­լալնիս յի­շեց­նող նո­ւազ երե­ւոյթնե­րէն մէկն է։ Աղէտ մըն է այդ պա­հը ու­րիշնե­րու հետ բաժ­նե­լէն զրկուիլը։ Նախ պար­տինք կեան­քը փրկե­լու, ապա միաս­նա­բար, մարդկայ­նօ­րէն, զգայ­նա­բար, համ­բե­րու­թեամբ, հան­դուրժո­ղու­թեամբ, իրա­րօգ­նութեամբ երաժշտու­թիւն լսենք։

 

Ան­թո­ւան

Ակու­ճեան

(լու­սանկա­րիչ, Ալ­ֆորվիլ- Փա­րիզ)

 

Կինս ու ես, եր­կու զա­ւակ­նե­րով տունն ենք։ Աշ­խա­տանքս կանք առաւ։ Դեկ­տեմբեր ամ­սուն Սու­րիոյ մէջ նկա­րած­նե­րուս ու­թը էջ տրա­մադ­րեց պար­բե­րական մը։ Կրկին պէտք էր ճամ­բորդէի, չի­րակա­նացաւ։ Ապ­րիլ ամ­սու հա­մար ցու­ցա­հան­դէ­սի մը կը պատ­րաստէի, ան ալ չնչե­ցինք։ Իմ աշ­խա­տու­թիւնը ուղղա­կիօրէն կա­պուած է ճամ­բորդու­թիւնով, որ այժմ ան­կա­րելի դար­ձած է։ Աւե­լի լուրջ խնդի­րը կան­խա­միջոց­նե­րուն վե­րացու­մով պի­տի ապ­րինք։ Ճամ­բորդե­լու պա­հուն պի­տի խրտչինք վա­րակո­ւելէ, եւ աւե­լի կա­րեւո­րը, վե­րադար­ձին տնե­ցինե­րը վա­րակե­լէ։ Հար­ցի լու­ծումը միայն պա­տուաս­տումն է, որ այժմ չէ գտնո­ւած։ Բա­ցի այդ, հա­մավա­րակը հա­մաշ­խարհա­յին տնտե­սու­թիւնը անկման տա­րաւ, որուն նմա­նը ապ­րո­ւած էր 1929-ին միայն։ Ծախ­սերս կը հո­գայի լու­սանկար­նե­րուս պար­բե­րական­նե­րու մէջ հրա­տարա­կուե­լով։ Տնտե­սական ան­կումով տպա­գիր մա­մուլն ալ ճգնա­ժամի պի­տի մատ­նուի։ Բայց գի­տենք թէ եթէ կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի, յոյսն ալ վառ պի­տի մնայ։

Ադոմ Էկո­յեան

(կի­նօբե­մադ­րիչ, Թո­րոն­թօ)

 

Բախ­տա­ւոր եմ որ հա­մավա­րակը նոր ֆիլ­մի մը ար­տադրու­թեան պա­հուն չե­կաւ։ Շատ մը գոր­ծընկեր­նե­րուս նկա­րահա­նումնե­րը կի­սատ մնա­ցին եւ յայտնի չէ թէ պի­տի կա­րենան աւար­տել թէ ոչ։ Մէ­կը Քե­պէք, մէ­կը Մոնթրէալ եր­կու օփե­րային նա­խագի­ծեր ու­նէի, որոնք ջնջո­ւեցան։ Օփե­րայի ըն­կե­րու­թիւննե­րուն հա­մար սոս­կա­լի երե­ւոյթ է, բայց անոնք հաս­տատ կը պա­հեն իրենց գո­յու­թիւնը։ Սա­կայն կան փոքր թա­տերա­խումբեր կամ ան­կախ շար­ժանկա­րի գոր­ծիչներ, որոնց հա­մար մտա­հոգ եմ։ Հան­դի­սատե­սը, որ սո­վորու­թիւն ու­նե­ցաւ ամէն ին­չի հա­մացան­ցէն հե­տեւե­լու, ար­դեօք պի­տի վե­րադառ­նա՞յ դահ­լիճ։ Բե­մադ­րութեան հա­ւաքա­բար հե­տեւե­լու երե­ւոյ­թը աւան­դութիւն մը ապա­հովա՞ծ է։ Ո՞վ գի­տէ, թե­րեւս ալ հին մեր­ձե­ցու­մով կը հարցնեմ այս բո­լորը։ Մի գու­ցէ արո­ւես­տի հե­տեւե­լու եղա­նակ­նե­րու առու­մով սերնդա­փոխու­թիւն մը կ՚ապ­րինք։

Հա­մավա­րակէն չէ ազ­դո­ւած գրե­լու ցան­կութիւնս։ Նոր սցե­նար­նե­րու վրայ կ՚աշ­խա­տիմ։ Բե­նիամին Բրիթ­թէ­նի վեր­ջին օփե­րային՝ «Մա­հը Վե­նետի­կում»ի հա­մար նոր բե­մադ­րութիւն մը կը ծրագ­րեմ։ Վեր­ջին ֆիլմս «Պա­տուոյ հիւ­րը» կը ցու­ցադրո­ւի կի­նօ թատ­րոննե­րուն բաց եղած միակ երկրի՝ Շուէտի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ