Դէպի Ո՞ւր...

ՍԻԼՎԱ ԳՈՅՈՒՄՃԵԱՆ

Էսաեանի սան (1959-1971)

Տնօրէն՝ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի

 

Վարի տո­­ղերը կը ցո­­լաց­­նեն Պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի ներ­­կայ վի­­ճակին մա­­սին հա­­մառօտ կար­­ծիքս, որ առնչո­­ւած կը նկա­­տեմ Էսաեան Վար­­ժա­­­րանի բազ­­մա­­­մեայ տնօ­­րէն­­ներ՝ Սա­­թենիկ Նշա­­նի եւ Առ­­լին Եշիլ­­թէ­­­փէի անակնկալ պաշ­­տօ­­­նազրկման հետ։

Էսաեանը մեր դա­­րաւոր կրթա­­կան օճախ­­նե­­­րէն մին եղած է եւ հաս­­ցուցած շրջա­­նի մտա­­ւորա­­կան կին սե­­րունդը։ Իր հիմ­­նադրու­­թե­­­նէն սկսեալ քոյր վար­­ժա­­­րան հա­­մարո­­ւած է Կեդ­­րո­­­նակա­­նին, քա­­նի Կեդ­­րո­­­նակա­­նը հիմ­­նո­­­ւած է 1886-ին որ­­պէս ման­­չե­­­րու բարձրա­­գոյն վար­­ժա­­­րան, առա­­ջին ատե­­նապետ եւ բա­­րերար ու­­նե­­­նալով Մկրտիչ Էսաեանը, իսկ Էսաեանն ալ 1895-ին որ­­պէս աղջկանց բարձրա­­գոյն վար­­ժա­­­րան նոյ­­նինքն Մկրտի­­չի եւ եղ­­բօ­­­րը՝ Յով­­հաննէս Էսաեանի կող­­մէ։ Էսաեան վար­­ժա­­­րանը ու­­նե­­­ցած է նաեւ տաս­­նա­­­մեայ շրջան մը (1939-1949), երբ պե­­տակա­­նօրէն փա­­կուած ըլ­­լա­­­լով իր լի­­սէի բա­­ժինը՝ աշա­­կեր­­տուհի­­ները յա­­ճախած են Կեդ­­րո­­­նական... Եր­­կու վար­­ժա­­­րան­­ներն ալ հիմ­­նադրո­­ւած են գրե­­թէ նոյն նպա­­տակ­­նե­­­րով՝ ու­­սուցիչ­­ներ եւ զար­­գա­­­ցած նոր սե­­րունդ մը պատ­­րաստել...։

Նա­­խակրթա­­կան դպրոց­­նե­­­րու կող­­քին Ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին Պոլ­­սա­­­հայու­­թիւնը ու­­նե­­­ցած է իր միւս երկրոր­­դա­­­կան դպրոց­­նե­­­րը՝ Մխի­­թարեան, Ս. Խաչ Դպրե­­վանք, Սա­­հակեան-Նու­­նեան լի­­սէնե­­րը, բո­­լորն ալ իրենց իւ­­րա­­­յատուկ՝ նաեւ հա­­սարա­­կաց ոգիով։

Հայ Դպրո­ցի բա­րեփո­խու­մը...

Կրթա­կան մար­զի որ­պէս աշ­խա­տակից կրնամ ըսել որ չորս տաս­նեակ տա­րինե­րէ ի վեր Պոլ­սա­հայ հա­մայնքի վար­չա­յին­ներ ան­կասկած բա­րի կա­մեցո­ղու­թեամբ կը տո­ւայ­տին բա­րեփո­խելու իրենց կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու դի­մագի­ծը, նպա­տակ ու­նե­նալով անոնց ու­սումնա­կան մա­կար­դա­կը բարձրաց­նել։ Այս ուղղու­թեամբ առ­նո­ւած քայ­լե­րուն յա­ճախ չա­փանիշ եղած է օտար լե­զուի ու­սուցու­մը եւ նա­խակրթա­կանի պա­րագա­յին՝ օտար կամ Անա­տոլու լի­սէ, իսկ Լի­սէի պա­րագա­յին ալ հա­մալ­սա­րան մուտքի յա­ջողու­թիւնը... Հա­պա՞ դպրո­ցին բուն առա­քելու­թիւնը, հիմ­նադրու­թեան կէտ նպա­տակը...

Այ­սօր կա­րելի է ըսել թէ՝ Հայ Վար­ժա­րանը հա­կառակ իր նիւ­թա­կան եւ մար­դուժի սահ­մա­նափակ կա­րելիու­թիւննե­րուն, մեծ մա­սամբ կը գե­րազան­ցէ շատ մը պե­տական, մաս­նա­ւոր, նոյ­նիսկ օտար վար­ժա­րան­նե­րը... Քա­նի ու­նի իր դա­րաւոր աւան­դը, ոգին, իր վստա­հու­թիւն ներշնչող մթնո­լոր­տը... Վկայ այն օտար­նե­րը, որոնք շատ ան­գամ մեզ­մէ աւե­լի թա­փան­ցե­լով այս իրո­ղու­թեան, կ՚ըսեն՝ «երա­նի մենք ալ...»։

Ահա վեր­ջին փաստ մը... Հա­մաճա­րակի այս օրե­րուն Հայ վար­ժա­րան­ներ տնօ­րէն, ու­սուցիչ՝ արա­գաքայլ յար­մա­րեցան Հե­ռակայ Դա­սըն­թացքի դրու­թեան, բազ­մա­թիւ «շքեղ» վար­ժա­րան­նե­րէ առաջ։

Հաս­տա­տու­թիւննե­րու բա­րեփո­խու­մը ան­շուշտ բնա­կան եւ փա­փաքե­լի իրո­ղու­թիւն մըն է... Մա­նաւանդ երբ խնդրոյ առար­կան կրթա­կանի նման լուրջ ու տի­նամիք գոր­ծընթաց մըն է...

Բայց պէտք չէ մոռ­նալ, թէ իւ­րա­քան­չիւր բա­րեփո­խում կը կա­րօտի նախ գի­տական վեր­լուծու­մի, լուրջ ու­սումնա­սիրու­թեան... Հա­կառա­կը կրնայ տեղ­քայլի, նոյ­նիսկ ետ­քայլի յան­գիլ։

Ընդհան­րա­ցած իրո­ղու­թիւն է... Վասն դպրո­ցի բա­րելաւ­ման նախ տնօ­րէնը փո­խել... Տա­րիներ շա­րու­նակ փոր­ձո­ւած մե­թոտ մը... Բայց շատ ան­գամ ապար­դիւն եղած...

Սա չի նշա­նակեր թէ տնօ­րէնը ան­փո­փոխ է... Ան­շուշտ թէ տնօ­րէնն ալ պի­տի փո­խուի, երբ որ հարկ է կամ ան­յե­տաձ­գե­լի, բայց եր­բեք կա­մայա­կան կամ քմա­հաճօ­րէն…

Յի­շենք նաեւ այն պա­րագա­ները երբ թա­ղակա­նու­թեան կող­մէ հե­ռացո­ւած է տնօ­րէնը եւ դպրո­ցը մի­ջոց մը մնա­ցած առանց Հայ տնօ­րէնի... Նաեւ այն պա­րագա­ները՝ երբ դպրո­ցի մը տնօ­րէնու­թեան պաշ­տօ­նը յա­ճախա­կիօրէն փո­փոխու­թեան կ՚են­թարկո­ւի, փոր­ձել ու սխա­լելու դրու­թեամբ...

Եւ ահա վեր­ջին փորձ... Եր­կու տնօ­րէնը մէ­կէն հե­ռաց­նել...

Ուրկէ՞ սկսիլ...

Պոլ­սա­հայերս որ­պէս ժա­մանա­կակից հա­մայնք գո­յատե­ւելու հա­մար կը կա­րօտինք մեր կա­ռոյցնե­րը վե­րաքննե­լու ար­դար դա­տողու­թեամբ մը... Թէ ար­դեօ՞ք՝

- Ու­նի՞նք կազ­մա­կեր­պո­ւած մար­միններ, խմբա­յին աշ­խա­տան­քը իւ­րա­ցու­ցած...

- Ու­նի՞նք ծրա­գիր­ներ կրթա­կան, մտա­ւորա­կան, վար­չա­կան, ակա­դէմա­կան, ֆի­նան­սա­կան ու­ժե­րու կող­մէ տե­ղեկա­գիր­նե­րու հի­ման վրայ պատ­րաստո­ւած...

- Ու­նի՞նք վար­չա­կազ­մեր ծրա­գիր­նե­րը իրա­կանաց­նե­լիք...

- Ու­նի՞նք գո­նէ ու­սումնա­կան, ելեւմտից խոր­հուրդներ...

- Ու­նի՞նք խորհրդա­տուա­կան եւ վե­րահսկող մար­միններ...

- Ու­նի՞նք լուրջ ներդրումներ ամէն մար­զէ մարդ պատ­րաստե­լու՝ մտա­ւորա­կան, ու­սուցիչ, տնօ­րէն, լրագ­րող, առող­ջա­պահու­թեան ծա­ռայող...

- Ու­նի՞նք բա­ւակա­նաչափ միու­թե­նական կեանք, ուր երի­տասար­դը յար­մար գե­տինը, մթնո­լոր­տը կը գտնէ որ­պէսզի իր ըն­տա­նիքէն, դպրո­ցէն յե­տոյ ծաղ­կի ու հաս­նի...

- Եւ վեր­ջա­պէս ու­նի՞նք լաւ պատ­րաստո­ւած վաս­տա­կաշատ պաշ­տօ­նեաներ որոնք մեր հաս­տա­տու­թիւննե­րու հա­սարա­կաց յի­շողու­թիւնը փո­խան­ցե­լով կ'ապա­հովեն առողջ սերնդա­փոխու­թիւն…։

Անհրա­ժեշտ չէ՞ գի­տակ­ցիլ պատ­մութեան եւ զօ­րաց­նել պատ­կա­նելիու­թիւնը, ինքնու­թիւնը առար­կա­յակա­նօրէն, հե­ռու զգա­ցակա­նու­թե­նէ... Ան­շուշտ ան­բախտու­թիւն մ՛է ան­տե­ղեակ պա­հուած ըլ­լալ ազ­գա­յին պատ­մութե­նէն...

Մի­թէ՞ ողջմտու­թիւնը, ողջմտօ­րէն շար­ժի­լը...

Երե­քու­կէս դար առաջ էր երբ Կո­լոտի գա­հակա­լու­թեամբ Հայ Պո­լիսը դուրս ելաւ իր խառ­նաշփոթ վի­ճակէն...

Մէ­կու­կէս դար առաջ էր երբ Զար­թօնքի գա­ղափա­րապաշտ սե­րունդը՝ պատ­րաստո­ւած մար­դուժով, Դպրոց, Մա­մուլ եւ Թատ­րո­նի առա­ջադ­րանքով մշա­կու­թա­պէս ծաղ­կե­ցուց Պոլ­սա­հայու­թիւնը, գա­ւառը...

Եր­կու պա­րագա­ներուն ալ չու­նէինք փող, ու­նէինք մար­դուժ, հե­ռան­կար եւ ոգի...

Իսկ այ­սօ՞ր...

Պատ­մութեան անցնիլ՝ այս խառ­նակ վի­ճակէն դուրս գա­լով ողջմտու­թեամբ, գի­տակ­ցութեամբ...։

Կամ ալ թա­ղուիլ պատ­մութեան խոր­քե­րը... Եւ գու­ցէ յի­շուիլ.- «Այս հո­ղերուն վրայ Հայ ժո­ղովուրդը դա­րերով, յե­տոյ ալ Պոլ­սոյ մէջ որ­պէս փոքր բայց կազ­մա­կեր­պեալ հա­մայնք ապ­րե­ցաւ իր լե­զուով, մշա­կոյ­թով... Անոնք օր ըստ օրէ նո­ւազե­ցան, քայ­քա­յուե­ցան, ցրո­ւեցան...»։

Ընտրենք մեր ու­ղին...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ