Ալֆորվիլի քաղաքապետարանի Մուսալերցին

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ

Ֆրանսա հետզհետէ երբ դուրս կու գայ համավարակի պարտադրած սահմանափակումներէն, պաշտօնակատարները եւ ընտրուածներն ալ կը վերադառնան իրենց գրասենեակները։ Թէեւ յայտարարուած էին սահմանափակումներէ անմիջապէս առաջ կատարուած շրջանային ընտրութիւններու արդիւնքները, բայց ընտրուածներ հազիւ 11 Մայիսին սկսան իրենց գրասենեակային աշխատանքին։ Փարիզի մերձակայ հայաշատ Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետարանի խորհուրդին ընտրուեցան չորս հայեր, որոնք մասնակցած էին ընտրութեան միացեալ ձախ շարժումի շարքերէն եւ նուաճած ձայներու 56,9 %։

Անոնց մէջ է նախկին Մուսա Լեռցի ընտանիքի զաւակ Սարօ Մարտիրեան։ Ան այժմ կոչուած է ճարտարագիտական խնդիրներով քաղաքապետի օգնականի պաշտօնին։ Իր հետ զրուցեցինք անցած ճանապարհին ու ապագայի ծրագիրներուն մասին։

 

Սկսինք Սա­­րօ Մար­­տի­­­րեանը ճանչնա­­լով։

Նախ շնոր­­հա­­­կալ եմ որ ին­­ծի հետ կը խօ­­սիք Հրանդ Տին­­քի հիմ­­նած «Ակօս» թեր­­թի անու­­նով։ Ծնած եմ 1978 թո­­ւին Իս­­թանպուլ։ Հա­­զիւ վեց ամ­­սու էի, երբ ծնող­­ներս աւե­­լի փայ­­լուն ապա­­գայի մը հե­­ռան­­կա­­­րով գաղ­­թե­­­ցին Ֆրան­­սա։ Մեծ հայրս, մեծ մայրս եւ հայրս Մու­­սա Լեռ ծնած են։ Քա­­նի տա­­րիքս յա­­ռաջա­­ցաւ, իմա­­ցայ իմ ժո­­ղովուրդի պատ­­մութիւ­­նը։ Այդ իմա­­ցած­­ներս իմ վրայ ալ դրին պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան որոշ գի­­տակ­­ցութիւն։ Կը տես­­նէի թէ մե­­զի դէմ գոր­­ծո­­­ւած մեծ ոճի­­րը ան­­պա­­­տիժ մնա­­ցած է։ Ապ­­րիլ 24-ի յի­­շատա­­կումնե­­րը խթա­­նեցին այս մա­­սին գի­­տակ­­ցե­­­լու ցան­­կութիւնս։ Սկսայ ու­­սումնա­­սիրել հա­­յոց պատ­­մութիւ­­նը, մշա­­կոյ­­թը եւ գրա­­կանու­­թիւնը։ Հպարտ եմ իմ ազ­­գի հա­­մաշ­­խարհա­­յին մարդկու­­թեան հան­­դէպ ու­­նե­­­ցած ներդրու­­մով։

 

Ե՞րբ սկսաւ քա­­ղաքա­­կանու­­թեան հան­­դէպ հա­­կու­­մը։

1994-ին հօրս զար­­մի­­­կը Կա­­րեն Ճա­­նեան նա­­հատա­­կուե­­ցաւ Ար­­ցա­­­խի ազա­­տագրման պայ­­քա­­­րին, Աղ­­տա­­­մի մէջ։ Այդ պա­­հուն մտա­­ծեցի թէ ի՞նչ կրնամ ընել հայ­­րե­­­նիքիս հա­­մար։ 19 Փետ­­րո­­­ւար 2008-ի նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րը եւ ապա կա­­յացած «Մար­­տի մէկ»եան դէպ­­քե­­­րը խո­­րապէս ցնցե­­ցին զիս։ Խար­­դա­­­խուած ընտրու­­թիւնը բո­­ղոքող 10 հայ ցու­­ցա­­­րար­­ներ սպան­­նո­­­ւեցան հայ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու կրա­­կոցով, Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։ Եւ այս բո­­լորը մեծ ան­­տարբե­­րու­­թեամբ դի­­տուե­­ցաւ ֆրան­­սա­­­հայոց կող­­մէ։ Զգա­­ցի թէ բա­­ներ մը խո­­տոր կը զար­­գա­­­նան այստեղ, եւ որո­­շեցի մտնել քա­­ղաքա­­կանու­­թեան աս­­պա­­­րէզ։

Ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւեցայ Սո­­ցիալ Դե­­մոկ­­րատ Հնչա­­կեան Կու­­սակցու­­թեան, այ­­սինքն ՍԴՀԿ-ի երի­­տասար­­դա­­­կան յանձնա­­խումբին, որ­­պէս պարզ շար­­քա­­­յին։ Ըն­­կերներ ու­­նէի այդ կա­­ռոյ­­ցին մէջ, եւ աւե­­լի կա­­րեւո­­րը՝ մեծ հայրս Գրի­­գոր քա­­հանայ Մար­­տի­­­րեան, նախ­­քան Բ. Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մը, նոյնպէս ան­­դամն էր այս կու­­սակցու­­թեան։ «Մար­­տի մէկ»եան դէպ­­քե­­­րուն մեր կու­­սակցու­­թեան ան­­դամնե­­րը առա­­ջին գծի վրայ էին, որոնցմէ շա­­տեր վի­­րաւո­­րուե­­ցան։ Այդ ալ խթա­­նած էր իմ քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մուտքս։ Այժմ նա­­խագահն եմ Ֆրան­­սա­­­յի ՍԴՀԿ-ին։

Հա­­յաս­­տա­­­նի թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թեան ժա­­մանակ ապ­­րե­­­ցայ իմ կեան­­քի ամե­­նաու­­րախ օրե­­րը։

 

Իսկ ինչպէ՞ս որո­­շեցիր ընտրու­­թեան, կամ աւե­­լի ճիշդ քա­­ղաքա­­պետա­­րանի ճամ­­բով ֆրան­­սա­­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մտնել։

Հա­­յեր ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ար­­հա­­­ւիր­­քէն ետք եկած ու բնա­­կած են այստեղ։ Մին­­չեւ օրս ալ կը շա­­րու­­նա­­­կեն աշ­­խարհի տար­­բեր եր­­կիրնե­­րէն գալ ու բնա­­կիլ։ Այնքան որ Ալ­­ֆորվի­­լը «Փոք­­րիկ Հա­­յաս­­տան» կը հա­­մարո­­ւի։ Այստեղ ու­­նինք եկե­­ղեցի­­ներ, դպրոց, ակումբներ, քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւններ եւայլն։

Ազ­­գութիւննե­­րու զա­­նազա­­նու­­թեան առու­­մով հա­­րուստ է Ալ­­ֆորվիլ։ Շուրջ յի­­սուն տար­­բեր ազ­­գութիւններ հա­­մերաշ­­խութեան մէջ կողք կող­­քի կ՚ապ­­րին։ Երես­­փո­­­խան Լուք Քար­­ւունա­­սի առա­­ջար­­կով թեկ­­նա­­­ծու ներ­­կա­­­յացայ քա­­ղաքա­­պետա­­կան խոր­­հուրթին։ Մեր խմբակ­­ցութիւ­­նը կը բաղ­­կա­­­նայ Ձա­­խերէ, Կա­­նանչնե­­րէ եւ Հա­­սարա­­կական Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րէ։ Մեր ցան­­կին կար­­գա­­­խօսն էր «Ալ­­ֆորվիլ բո­­լորիս սե­­փակա­­նու­­թիւնը»։ 15 Մար­­տին կա­­յացող առա­­ջին փու­­լին ապա­­հովե­­ցինք ձայ­­նե­­­րու շուրջ 57%։ Սա­­կայն հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռաւ հա­­զիւ այս ամ­­սու վեր­­ջե­­­րուն պի­­տի գու­­մա­­­րուի առա­­ջին ժո­­ղովը։ Մեր յոյն երես­­փո­­­խան Լուք Քար­­ւունաս քա­­ղաքա­­պետ, Տե­­պորա Զա­­պու­­նեան, Կա­­րօ Խա­­չիկեան ու ես ալ քա­­ղաքա­­պետի օգ­­նա­­­կան ըլ­­լա­­­լով պի­­տի պաշ­­տօ­­­նավա­­րենք։

 

Խոր­­հուրդ կու տա՞ս հայ երի­­տասարդնե­­րուն, քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մտնե­­լու հա­­մար։

Ան­­շուշտ որ, երի­­տասարդներ ըն­­կե­­­րային կեան­­քի բո­­լոր փու­­լե­­­րուն, նաեւ քա­­ղաքա­­կանու­­թեան պէտք է մաս­­նակցին։ Հա­­կառակ որ մեծ նե­­րուժ ու­­նինք, ափ­­սոս շատ ան­­տարբեր ենք այս ուղղու­­թեամբ։

 

Ի՞նչ է քա­­ղաքա­­կան հե­­ռան­­կարդ, ի՞նչ նպա­­տակ­­ներ ու­­նիս։

Ես ան­­հա­­­տական յա­­ւակ­­նութիւններ, կիր­­քեր չեմ ու­­նե­­­ցած։ Իմ աշ­­խա­­­տու­­թիւնը խմբա­­յին է։

Հա­­մոզո­­ւած եմ թէ հայ երի­­տասար­­դութիւ­­նը ուր որ ալ ըլ­­լայ, պէտք է քա­­ղաքա­­պետա­­րան­­նե­­­րէ՛ շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րէ կամ խորհրդա­­րան­­նե­­­րէ ներս քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն մշա­­կէ։ Իբ­­րեւ քա­­ղաքա­­ցի մաս կազ­­մե­­­լու ենք ըն­­կե­­­րային կեան­­քին։ Մատ­­նո­­­ւած անար­­դա­­­րու­­թիւնը ու­­րա­­­ցուած մեր ազ­­գին խօս­­նա­­­կը ըլ­­լա­­­լու ենք։

Պատրկ Տե­­ւեճեանը լաւ օրի­­նակ մըն է մեր դի­­մաց։ Պսա­­կաժահ­­րի պատ­­ճա­­­ռաւ մա­­հը մեծ կո­­րուստ մըն է մե­­զի հա­­մար։ Կա­­րելի չէ մոռ­­նալ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ճա­­նաչ­­ման, ու­­րա­­­ցու­­մին պատ­­ժո­­­ւելուն հա­­մար տա­­րած պայ­­քա­­­րը, կամ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան հան­­դէպ իր նպաս­­տը։

Բա­­ցի այդ, պար­­տինք յի­­շել Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նը, որ աշ­­խարհաս­­փիւռ հա­­յու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչն է Թուրքիոյ խորհրդա­­րանին մէջ։

 

Որ­­պէս Հնչա­­կեան երի­­տասարդ քա­­ղաքա­­գէտ, ինչպէ՞ս կը գնա­­հատես ֆրան­­սա­­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։

Կը տես­­նենք թէ այլ եւ­­րո­­­պական եր­­կիրնե­­րու կող­­քին Ֆրան­­սա­­­յի մէջ ալ կը ծա­­ւալի ազ­­գայնա­­կանու­­թիւնը։ Հնչա­­կեան մը ըլ­­լա­­­լով մտա­­հոգ եմ այս երե­­ւոյ­­թէն։ Ազ­­գայնա­­կանու­­թեան պատ­­ճա­­­ռած փոր­­ձանքնե­­րուն գի­­տակ­­ցե­­­լով վճռած ենք պայ­­քա­­­րիլ յա­­նուն մար­­դա­­­սիրու­­թեան, յա­­նուն հա­­մաշ­­խարհա­­յին խա­­ղաղու­­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ