«Ազնաւուր» հիմնադրամը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Ֆրանսա­հայ անո­­ւանի եր­­գիչ Շառլ Ազ­­նա­­­ւուր ըլ­­լա­­­լով ֆրան­­սե­­­րէն շան­­սոննե­­րու լա­­ւագոյն մե­­ներ­­գի­­­չը, միշտ կա­­պուած մնաց իր ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թեան։ Այսպէ­­սով ան յա­­ջողե­­ցաւ, թէ ֆրան­­սա­­­ցի եւ թէ հայ հա­­սարա­­կու­­թեան սրտի մէջ բա­­ցառիկ սի­­րոյ տպա­­ւորու­­թիւն մը թո­­ղուլ։ Ան յատ­­կա­­­պէս Կիւմրիի եւ շրջա­­կայ­­քի կոր­­ծա­­­նիչ երկրա­­շար­­ժէն ետք օգ­­նութեան փու­­թաց հայ­­րե­­­նի երկրի աղէ­­տահար ժո­­ղովուրդին։ Յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն Ազ­­նա­­­ւուր շա­­րու­­նա­­­կեց իր աջակ­­ցութեան ջան­­քե­­­րը «Ազան­­ւուրը Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար» հիմ­­նարկի մի­­ջոցաւ։ Աւե­­լի ուշ իր որ­­դու Նի­­քոլա Ազ­­նա­­­ւու­­րի հետ միասին ան ստեղ­­ծեց «Ազ­­նա­­­ւուր» հիմ­­նադրա­­մը։

2018 թո­­ւակա­­նէն սկսեալ «Ազ­­նա­­­ւուր» հիմ­­նադրա­­մը մեկ­­նարկած է վե­­րաբ­­նա­­­կեց­­ման ծրա­­գիր ժա­­մանա­­կաւոր կա­­ցարան­­նե­­­րու մէջ ապ­­րող կիւմրե­­ցի ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն բնա­­կարան ապա­­հովե­­լու միտումով։

Այդ ծի­­րէն ներս ինը հո­­գինե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող Մալ­­խա­­­սեան ըն­­տա­­­նիքը վեր­­ջերս տի­­րացաւ յար­­մա­­­րու­­թիւննե­­րով օժ­­տո­­­ւած բնա­­կարա­­նի։

Հա­­ւատա­­րիմ մնա­­լով հա­­սարա­­կու­­թեան խո­­ցելի խումբե­­րուն աջակ­­ցե­­­լու իր առա­­քելու­­թեանը՝ «Ազ­­նա­­­ւուր» հիմ­­նադրա­­մը եւ մէկ այլ բա­­րերար, որ չէ ցան­­կա­­­ցած անունը հրա­­պարա­­կել, նոր տուն նո­ւիրած են Մալ­­խա­­­սեան­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիքին։ «Մեր երա­­զանքնե­­րը, նպա­­տակ­­ներն ու ձգտումներն յա­­ճախ ուղղա­­կիօրէն կա­­պուած են մեր կեան­­քի որա­­կի հետ։ Երբ մար­­դիկ կը կեդ­­րո­­­նանան միայն իրենց ան­­ցեալի խնդիր­­նե­­­րուն եւ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու վրայ, սա յա­­ճախ կը խան­­գա­­­րէ ապա­­գայի հետ կա­­պուած նպա­­տակ­­ներ սահ­­մա­­­նել եւ կ՚ար­­գե­­­լափա­­կէ անոնք իրա­­գոր­­ծե­­­լու հնա­­րաւո­­րու­­թիւնը։ Ողջ ու­­նե­­­ցուած­­քը կորսնցու­­ցած մարդկանց հա­­մար մեծ եր­­ջանկու­­թիւն է դար­­ձեալ սե­­փական տա­­նիքն ու­­նե­­­նալ, եւ «Ազ­­նա­­­ւուր» հիմ­­նադրա­­մը ու­­րախ է աջակ­­ցե­­­լով եւս մէկ ըն­­տա­­­նիքի՝ ու­­նե­­­նալու բա­­րեկե­­ցիկ ապա­­գայ։ Կա­­րիքա­­ւոր­­նե­­­րուն աջակ­­ցել ու անոնց ձայ­­նը լսե­­լի դարձնե­­լը Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի հա­­մար հիմ­­նա­­­րար ար­­ժէքներ էին, որոնք մենք կը պահ­­պա­­­նենք ու տա­­րածենք», ընդգծած է «Ազ­­նա­­­ւուր» հիմ­­նադրա­­մի գոր­­ծա­­­դիր տնօ­­րէն Քրիս­­տի­­­նա Ազ­­նա­­­ւու­­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ