Անարդարութիւնը նոր զոհեր կը պահանջէ

«Ակօս»ի նա­խորդդ թի­ւերուն մեր էջե­րուն վրայ տեղ տո­ւած էինք ճա­րահա­տու­թեան պայ­մաննե­րու մէջ հա­ցադու­լի դի­մած եւ այսպէ­սով ալ կեան­քը կորսնցու­ցած երի­տասարդ գոր­ծիչնե­րու լու­րե­րուն։ Ար­դա­րեւ «Կրուպ Երում» երաժշտա­կան խումբի եր­կու ան­դամներ Հե­լին Պէօլէք եւ Իպ­րա­հիմ Կէօքչէք բո­ղոքե­լով իրենց դէմ գոր­ծադրուած ապօ­րէն եւ անար­դար ճնշումնե­րուն, հա­ցադու­լի պայ­մաննե­րուն մէջ մա­հացան։ Նոյն ճա­կատա­գիրը բաժ­նեց երի­տասարդ իրա­ւապաշտպան Մեհ­մէթ Գո­չաք։

Այս ան­գամ ահա­զանգ կը հնչեց­նեն իրա­ւապաշտպան Էպ­րու Թիմ­թի­քի ըն­տա­նիքը, որ­պէսզի յա­ջողին խնա­յել իրենց հա­րազա­տի կեան­քը։ Էպ­րու Թիմ­թիք իր պաշ­տօ­նակից Այ­թաչ Իւնսա­լի հետ վճռած է մա­հուան տա­նող ծո­մապա­հու­թեան եղա­նակը։ Անոնք ար­դէն բո­լորած են հա­ցադու­լի մօտ 150 օրե­րը։ Ար­դէն իսկ կորսնցու­ցած են սե­փական մարմնի քա­շողու­թեան կա­րեւոր մէկ մա­սը։ Սկսած են տկա­րանալ խօ­սելով ար­տա­յայ­տուելու հա­մար իսկ։

Եր­կու իրա­ւապաշտպան­նե­րը առանց նիւ­թա­կան ակնկա­լու­թեան պաշ­տօն ստանձնած էին Սո­մայի եւ Էր­մե­նեքի զան­գո­ւածա­յին մարդկա­յին կո­րուստի պատ­ճառ դար­ձող աղէտ­նե­րու, Չոր­լո­ւի գնաց­քի առ­կա­ծի զո­հերու, Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմազ, Տի­լէք Տո­ղան եւ Պեր­քին Էլ­վա­նի սպա­նու­թիւննե­րու խնդիր­նե­րու փաս­տա­բանու­թիւնը։ Սա­կայն պե­տական մար­միններ զի­րենք ամ­բաստա­նեցին ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան մը ան­դա­մակ­ցե­լու մե­ղադ­րանքով եւ ծանր բան­տարկու­թեան պա­տիժ­ներ վճռե­ցին իրենց դէմ։ Երի­տասարդ փաս­տա­բան­նե­րը անար­դար դա­տավա­րու­թիւնը եւ դա­տավ­ճի­ռը հան­րութեան ու­շադրու­թեան բե­րելու հա­մար դի­մած են այս քայ­լին։

Թիմ­թի­քի ըն­տա­նիքը զօ­րակ­ցութեան կոչ կ՚ընէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ստո­րահա­ւաքին մաս­նակցե­լու հա­մար։ Մենք եւս յար­գե­լով անոնց կամ­քը կը ցան­կանք շու­տա­փոյթ կեր­պով հա­ցադու­լին աւար­տին հաս­նի­լը եւ եր­կու երի­տասարդ փաս­տա­բան­նե­րուն կեան­քին վտանգ մը սպառ­նա­լէ առաջ անոնց առող­ջութեան վե­րահաս­տա­տու­մը։ Զօ­րակ­ցութեան հա­մար կա­րելի է դի­մել. savunmayaozgurluk@gmail.com կայ­քէ­ջին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ