Հերթական սրբապղծութիւն

Իսթանպուլի մէջ հայկական եկեղեցիները կը շարունակեն ատելութեան դրդումով կատարուած յարձակումներու թիրախը մնալու։ Վերջին դէպքը պատահած է 23 Մայիսին երեկոյեան ժամերուն, երբ անծանօթ մը նախ դիմացի մայթէն երկար դիտած է եկեղեցւոյ դրան վերեւ գտնուող խաչը, ապա յանկարծակի որոշումով մը մագլցած է եկեղեցւոյ պատը եւ տեղէն հանելով գետին նետած է խաչը։ Այս մասին Գուզկունճուքի թաղապետն է որ 26 Մայիս Երեքշաբթի օր հեռախօսով իմաց տուած է Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Էտվարդ Այվազեանին։ Լուրը լսելով Այվազեան խորհուրդ տուած է խաչը յանձնել եկեղեցւոյ մօտակայ հացափուռին։ 27 Մայիսին Ատենապետ Այվազեան խաչը առած է հացափուռէն եւ թաղապետի հետ միասին դիմած է ոստիկանութեան։ Դէպքի եղելութեան եղանակը պարզուած է տեսախցիկներու քննարկումով։ Ոստիկանները խոստացած են պատշաճ հետաքննութիւն կատարել եւ յայտնաբերել սրբապղծութիւն ընողը։ Ատենապետ Այվազեան այս զարգացումներէն տեղեակ պահած է նաեւ Պատրիարքարանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ