Քաղաքի քաղաքական վիճակը (ըստ նորագաղթ հայերու)

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Լոս Ան­­ճե­­­լըս քա­­ղաքի բնա­­կիչ­­նե­­­րը այս շա­­բաթ իրենց հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը սկսան ցոյց տալ Մի­­նէսո­­թայի մէջ պա­­տահա­­ծին։ ԱՄՆ-ի մէջ բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տած հա­­յեր կը փոր­­ձեն դիրք մը առ­­նել, մեկ­­նա­­­բանել եւ հասկնալ, թէ ինչպէս կա­­րելի է այս վի­­ճակէն դուրս ել­­լել։ Եթէ ԼՈՍ-ը Հա­­լէպէն, Երե­­ւանէն կամ Լի­­բանա­­նէն աւե­­լի գէշ պի­­տի ըլ­­լայ, ին­­չու եկան հոս։

Այս շա­­բաթ, երբ պէտք է որ բա­­ցուէին բազ­­մա­­­թիւ գոր­­ծա­­­րան­­ներ, խա­­նութներ եւ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ, ապստամ­­բութիւննե­­րու պատ­­ճա­­­ռով յե­­տաձ­­գե­­­ցին իրենց որո­­շու­­մը։ Քա­­ղաքի կեդ­­րո­­­նական մա­­սը, որ հսկա­­յական դրա­­մատու­­նե­­­րու շու­­քին տակ կը պա­­րու­­նա­­­կէ նաեւ պոլ­­սա­­­հայ ոս­­կե­­­րիչ­­ներ, զոհ ահա­­բեկ­­չութիւննե­­րուն, կո­­ղոպու­­տին եւ յափշտա­­կու­­թիւննե­­րուն։

Բո­­լոր թա­­ղերու մէջ, ըստ նոր օրէն­­քի, գի­­շեր­­նե­­­րը վե­­ցէն վեց, կամ 7-էն 7 (իրի­­կու­­նէն առ­­տու) ար­­գի­­­լուած է փո­­ղոց ել­­լել։ Մար­­դիկ, որ ան­­ցած կը կար­­ծէին հա­­մաճա­­րակի ար­­գելքնե­­րը, հի­­մա տու­­նը մնա­­լու նոր հրա­­մանի առ­­ջեւ կը գտնո­­ւին։

Հայ­­կա­­­կան սուրճի սե­­ղան­­նե­­­րու շուրջ խօ­­սուա­­ծը այն է, թէ կը մօ­­տենայ նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւնը եւ ներ­­կայ նա­­խագա­­հը վար­­կա­­­բեկե­­լու, ար­­ժեզրկե­­լու հա­­մար կը կա­­տարո­­ւին ցոյ­­ցե­­­րը, այդ սե­­ւամոր­­թին մա­­հը պատ­­րո­­­ւակ մըն է։ Ըստ մէկ այլ կար­­ծի­­­քի, շու­­կա­­­յապաշտ հա­­մակար­­գի դի­­մաց կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւող ձա­­խակող­­մեան շար­­ժում-խմբակ մըն է, որ կը կա­­տարէ ցոյ­­ցե­­­րը եւ թի­­րախ կը դարձնէ զայն խորհրդան­­շող մե­­ծանուն ըն­­կե­­­րու­­թիւններ, ինչպէս Target, Wallmart, Mercedes վա­­ճառող ցու­­ցասրահ, ելն։

Վա­­ղը կ՚ակնկա­­լուին նոր ցոյ­­ցեր։ Պոլ­­սա­­­հայ հնա­­վաճառ մը ար­­դէն սկսած է իր ապ­­րանքնե­­րը տուն փո­­խադ­­րել, ապա ցու­­ցա­­­փեղ­­կե­­­րը ժա­­մանա­­կաւո­­րապէս տախ­­տա­­­կով պա­­տել։

Իւ­­րա­­­քան­­չիւր քա­­ղաքի ոս­­տի­­­կանա­­կան ոյ­­ժե­­­րը ան­­բա­­­ւարար կը մնան հա­­կակշռե­­լու հա­­մար կա­­ցու­­թիւնը, ուստի Ազ­­գա­­­յին պա­­հակի օժան­­դա­­­կու­­թիւնը կը դառ­­նայ անհրա­­ժեշտ։ Բա­­ռացի իմաս­­տով, բա­­նակը մտած է քա­­ղաք­­ներ, որ­­պէսզի կա­­ցու­­թիւնը հան­­դարտեց­­նէ։

Կո­­ղոպու­­տի եւ յափշտա­­կու­­թեան մէկ այլ երե­­սը երի­­տասարդնե­­րու կա­­տարածն է։ Անոնց թա­­լանած խա­­նութնե­­րը անուանի մակ­­նիշնե­­րու վա­­ճառաս­­րահներն են։ Իսկ անիշ­­խա­­­նական խմբակ­­նե­­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն ու­­րիշ պատ­­կեր։ Անոնք քա­­րերով, աղիւսնե­­րով պատ­­րաստո­­ւած կ՚իջ­­նեն հրա­­պարակ ու ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը թի­­րախ կը դարձնեն։ Նա­­խագա­­հը բո­­լոր նա­­հան­­գա­­­պետե­­րուն կը թե­­լադ­­րէ այդ խմբա­­կը կո­­չել «ահա­­բեկ­­չա­­­կան» ու ան­­մի­­­ջապէս ձեր­­բա­­­կալել անոր ան­­դամնե­­րը։ Հա­­րաւա­­յին Ամե­­րիկա­­յէն նոր գաղ­­թածներ ու­­նին այն կար­­ծի­­­քը, թէ բո­­լորին մէջ «մա­­տը ու­­նի» Սո­­րոսը եւ ան ինչ որ յա­­ջողե­­ցաւ «իրենց» երկրին մէջ (Վէ­­նէզո­­ւելա, մեր դրա­­ցի հա­­յու­­հիի մը նախ­­կին եր­­կի­­­րը), կոր­­ծա­­­նեց տնտե­­սու­­թիւնը եւ ստրկա­­ցուց բնակ­­չութիւ­­նը, նոյ­­նը հի­­մա կ՛ընէ Ամե­­րիկա­­յի մէջ։

Ցոյ­­ցե­­­րու մէջ շատ ան­­գամ զո­­հուած մար­­դու սու­­գը կը բա­­ցակա­­յի։ Ան­­գործու­­թեան, ան­­տունու­­թեան, վա­­ճառա­­շահու­­թեան դէմ կու­­տա­­­կուած պոռթկու­­մը լսե­­լի է։ Երբ հայ­­կա­­­կան սե­­ղան­­նե­­­րու վրայ սուրճը կը վեր­­ջա­­­նայ, բո­­լորը կը հա­­մաձայ­­նին, որ ան­­հա­­­տի մա­­հը պատ­­րո­­­ւակ մըն էր, ան կայծ տո­­ւաւ եր­­կար ատե­­նէ ի վեր կու­­տա­­­կուող լա­­րուա­­ծու­­թեան։ Անոնք, որոնք աւե­­լի եր­­կար տա­­րինե­­րէ ի վեր կը բնա­­կին երկրին մէջ, կը տես­­նեն երկրի բո­­լոր բնա­­գաւառ­­նե­­­րու մէջ ան­­կում, ԱՄՆ-ի գե­­րիշ­­խա­­­նու­­թեան վի­­ժում եւ իր նիւ­­թա­­­կան, զի­­նուո­­րական հսկա­­յու­­թեան վեր­­ջը։ Պատ­­ճառներն են՝ տկա­­րացող տնտե­­սու­­թիւնը, մեծ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու սան­­ձարձակ վա­­ճառա­­շահու­­թիւնը, ըն­­կե­­­րային եւ քա­­ղաքա­­կան եր­­կե­­­րում, Ժո­­ղովրդա­­վար-Հան­­րա­­­պետա­­կան խո­­րացած եւ ան­­վե­­­րադար­­ձե­­­լի բա­­ժանում, գաղ­­թա­­­կան-բնիկ ամե­­րիկա­­ցի քա­­րոզ­­չութիւ­­նը, ելն.։

Բո­­լորը հա­­մոզո­­ւած են նաեւ, որ երբ այս արա­­րը վեր­­ջա­­­նայ ու­­րիշ ալիք մը «պի­­տի ստեղ­­ծո­­­ւի» մին­­չեւ Նո­­յեմ­­բեր, մին­­չեւ ընտրու­­թիւն։ Քա­­ղաքա­­ցինե­­րը այ­­լեւս եր­­կի­­­րը կը տես­­նեն եր­­կը կտոր (Կա­­պոյտ, Կար­­միր) եւ քայ­­քա­­­յուած։

Մար­­դիկ կը հարցնեն- եթէ Ամե­­րիկան Հա­­լէպէն, Լի­­բանա­­նէն, Քա­­րաքա­­սէն, Պո­­լիսէն, Երե­­ւանէն աւե­­լի ապա­­հով պի­­տի չըլ­­լայ, ին­չո՞ւ եկանք հոս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ