Կարպիս Զաքարեան բռնցքամարտի մրցում

Անուանի բռնցքամարտ Կարպիս Զաքարեանի մահէն ետք ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին հարցագիր մը յանձնած էր, ուր Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան նախարարին հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս պիտի պատուեն անուանի ախոյեանի վաստակն ու յիշատակը։ Նախարարութիւնը վերջերս պաշտօնապէս պատասխանած է Փայլանի հարցումին, ըսելով թէ բռնցքամարտի մրցարշաւ մը պիտի անուանակոչեն Կարպիս Զաքարեանի անունով։ Նախարարը նաեւ դիտել տուաւ թէ խորհրդածութիւններ կը շարունակուին մարզասրահ մըն ալ անուանի հայ բռնցքամարտիկի անունով օժտելու մասին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ