Փաշինեանի ընտանիքը վարակուած

Քովիտ 19-ի հա­մավա­րակը վեր­ջերս մտա­հոգիչ ոս­տում մը ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի մէջ, երբ հայ­րե­նի եր­կիրն ալ կը պատ­րաստո­ւէր հետզհե­տէ բնա­կանոն կեան­քի վե­րադառ­նալ, հե­տեւե­լով զա­նազան եր­կիրնե­րու օրի­նակին։ Կար­ծես թէ ճիշդ այդ օրե­րուն ար­ձա­նագ­րուեցաւ վա­րակո­ւած­նե­րու եւ մա­հացող­նե­րու թի­ւերուն մէջ յան­կարծա­կի բարձրա­ցում մը։ Այս նոր ալի­քը վա­րակեց նաեւ ՀՀ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանը իր ըն­տա­նիքի բո­լոր ան­դամնե­րով։ Այս մա­սին յայ­տա­րարու­թիւն ըրաւ նոյն ին­քը վար­չա­պետը, յի­շելով թէ վեր­ջին թես­տա­ւոր­ման ար­դիւնքնե­րը դրա­կան եղած են ըն­տա­նիքի բո­լոր ան­դամնե­րու հա­մար։ «Հա­ւանա­բար աշ­խա­տան­քա­յին ժո­ղովի մը ըն­թացքին վա­րակո­ւեցայ եւ փո­խան­ցե­ցի տնե­ցինե­րուն» ըսաւ վար­չա­պետը։

Ան նաեւ նշեց թէ իր եւ թէ ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն մօտ հի­ւան­դութեան ախ­տա­նիշ­ներ չէ յայտնո­ւած։ «Պի­տի հնա­զան­դինք ինքնա­մեկու­սացման պայ­մաննե­րուն» ըսաւ Փաշինեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ