Դիմակով պսակադրութեան շրջանը

Մարտ ամսու կէսերուն էր, երբ Թուրքիոյ Կրօնից Տեսչութիւնը բովանդակ երկրի մէջ արգիլեց մզկիթներէ ներս հաւաքական պաշտամունքը։ Նոյն օրերուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանն ալ որդեգրեց նման որոշում, ըստ որու եկեղեցիները բաց պիտի մնային միայն անջատաբար այցելող հաւատացեալներու համար։ Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագները եւ այլ աղօթքներ պիտի կատարուէին դռնփակ ձեւով։ Արգիլուած էր մկրտութեան եւ պսակադրութեան խորհրդակատարութիւնները եւ նաեւ յուղարկաւորութիւնները։ Թաղման կարգը պիտի կատարուէր գերեզմաններու մէջ։

Պատրիարքարանը 27 Մայիսին հրապարակած շրջաբերականով մը հաստատեց թէ այս ընթացքը պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիս ամսի կէսերուն Վարդավառի տաղաւարին։ Իսկ մկրտութիւններու եւ պսակադրութիւններու պարագային ներկայ պիտի գտնուին առաջին կարգի ազգականները միայն։ Թաղումները պիտի շարունակուին դարձեալ գերեզմանատան մէջ կատարուած ծիսակատարութիւնով։ Պսակներու համար արգիլուած է եկեղեցւոյ մուտքին կամ գաւիթի մօտ շնորհաւորանքներ ստանալու սովորոյթը։ Ըստ երեւոյթի դիմակաւոր հարսն ու փեսայի, կնքահօր, կնքամօր քաւոր կամ հարսնաքոյրի երեւոյթները տուեալ ժամանակը բնորոշող առանձնայատկութիւն մը ըլլալով տեղ պիտի գտնեն ընտանեկան ալպոմներու մէջ։ Այս է օրերուն բերածը եւ չենք գիտեր թէ համավարակի վերացումէն ետք ինչքանով պիտի կրնանք վերադառնալ նախկին սովորոյթներուն եւ աւանդութիւններուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ