Ապերախտութիւն վաստակի հանդէպ

Թուրքիոյ օրա­­կար­­գի վրայ նա­­խորդ շա­­բաթա­­վեր­­ջին բա­­ւական լայն ար­­ձա­­­գանգ ստեղ­­ծեց Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի ուղղեալ սպառ­­նա­­­կան գրու­­թիւննե­­րը։ Հիմ­­նարկը հրա­­պարա­­կած մամ­­լոյ հա­­ղոր­­դագրու­­թիւնով մը հա­­սարա­­կու­­թիւնը տե­­ղեակ պա­­հեց իր հաս­­ցէին ուղղուած սպառ­­նա­­­կան գրու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Առա­­ջին գրու­­թեան մէջ Հիմ­­նարկի աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը կը բնու­­թագրուէին «Եղ­­բայրու­­թեան հէ­­քեաթ» ըլ­­լա­­­լով եւ կ՚ազ­­դա­­­րարո­­ւէր, որ հիմ­­նարկի նա­­խագահ Ռա­­քէլ Տինք եւ հիմ­­նարկի փաս­­տա­­­բանը լքեն եր­­կի­­­րը։ Երբ յայտնա­­բերուեցաւ այդ գրա­­ռու­­մի հե­­ղինա­­կը Քո­­նիա քա­­ղաքի մէջ, ան խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ իր արար­­քը եւ յայտնեց թէ այդ բո­­լորը գրած է իր ատրպէյ­­ճանցի ըն­­կե­­­րու­­հիին պատ­­մածնե­­րէն ազ­­դո­­­ւելով։ Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րը շու­­տա­­­փոյթ կեր­­պով յայ­­տա­­­րարեց թէ յայտնա­­բերո­­ւած եւ ձեր­­բա­­­կալո­­ւած է սպառ­­նա­­­կան նա­­մակի հե­­ղինա­­կը։ Սա­­կայն շու­­տով վրայ հա­­սաւ նման բնոյ­­թով երկրորդ սպառ­­նա­­­լիք մը, որ այս ան­­գամ ու­­ղարկո­­ւած էր Իս­­թանպու­­լէն։ Լրա­­տուա­­միջոց­­նե­­­րը կը հա­­ղոր­­դեն թէ այս երկրորդ անձն ալ բեր­­ման են­­թարկո­­ւած է։

Այս զար­­գա­­­ցումնե­­րու լոյ­­սին տակ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի իրա­­ւապաշտպան Ֆեդ­­հի­­­յէ Չե­­թին նշեց թէ կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րը կա­­րելի չէ ան­­հա­­­տական յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւններ ըլ­­լա­­­լով դի­­տել։ «Յայտնի է, որ կազ­­մա­­­կեր­­պեալ դա­­ւադ­­րութիւն մը կը գոր­­ծէ» ըսաւ Չե­­թին։ «Կա­­տարուած­­նե­­­րը իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու որ­­դեգրած ատե­­լու­­թեան եղա­­նակին հե­­տեւանքն է։ Յան­­ցա­­­գոր­­ծե­­­րը հա­­մոզո­­ւած են թէ իրենց այս արարքնե­­րը պի­­տի ար­­ժա­­­նանան երկրի հետզհե­­տէ սո­­վորու­­թեան վե­­րածո­­ւած ան­­պատժե­­լիու­­թեան մթնոլոր­­տով։ Հե­­տեւա­­բար խու­­սա­­­փելու հա­­մար ոչ մէկ ճիգ կը վատ­­նեն» յա­­ւելեց Ֆեդ­­հի­­­յէ Չե­­թին ։

Լու­­րը բա­­ւական ար­­ձա­­­գանգ գտաւ մա­­մու­­լի վրայ, որու հե­­տեւան­­քով ակա­­դեմա­­կան, գրող, քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ, արո­­ւես­­տա­­­գէտ եւ լրագ­­րողնե­­րէ բաղ­­կա­­­ցեալ 209 մտա­­ւորա­­կան­­ներ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը դա­­տապար­­տե­­­ցին կա­­տարո­­ւածը եւ զօ­­րակ­­ցութիւն յայտնե­­ցին Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկին։

Նշենք որ Հրանդ Տին­­քի անու­­նով գոր­­ծող հիմ­­նադրա­­մը իր կազ­­մութեան օրէն սկսե­­լով բա­­ւական բե­­ղուն աշ­­խա­­­տու­­թիւն ծա­­ւալած է յատ­­կա­­­պէս Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը եթէ ոչ քա­­ղաքա­­կան, այլ ակա­­դեմա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին ու գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան գետ­­նի վրայ զար­­գացնե­­լու ուղղու­­թեամբ։ Հիմ­­նարկի ջան­­քե­­­րով բազ­­մա­­­թիւ գի­­տաշ­­խա­­­տող­­ներ փո­­խադարձ այ­­ցե­­­լու­­թիւններ կա­­տարած են Հա­­յաս­­տա­­­նէն Թուրքիա եւ Թուրքիայէն Հա­­յաս­­տան։

Հիմ­­նարկի յա­­րատեւ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րէն մէ­­կը կը հան­­դի­­­սանայ բա­­նաւոր պատ­­մութիւննե­­րու շար­­քը, որոնք հրա­­պարա­­կուած են որոշ քա­­ղաք­­նե­­­րու ձե­­ւաչա­­փով թրքե­­րէն եւ անգլե­­րէն լե­­զու­­նե­­­րով։ Հիմ­­նարկի հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու մէջ առան­­ձին ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նի է «2012-ի Յայ­­տա­­­րարա­­գիրը» (2012 Պէ­­յան­­նա­­­մէլե­­րի) այս հա­­տորը ակ­­նարկու­­թիւն մը կ՚ընէր պե­­տու­­թեան կող­­մէ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան հիմ­­նարկնե­­րէն պա­­հան­­ջո­­­ւած 1936-ի յայ­­տա­­­րարա­­գիր­­նե­­­րուն եւ ծա­­ւալուն հա­­տորի մը մէջ ի մի կը բե­­րէր հա­­յապատ­­կան, թէ այժմու եւ թէ ան­­ցեալի ան­­շարժ գոյ­­քե­­­րու ցան­­կագրու­­մը։ Ափ­­սոս որ այդ աշ­­խա­­­տու­­թեան ըն­­թացքին կարգ մը հայ­­կա­­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւններ մեր­­ժած են իրենց ու­­նե­­­ցուած­­քի մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցե­­­լէ եւ այսպէ­­սով ակա­­մայ թե­­րի մնա­­ցած է այս ծա­­ւալուն աշ­­խա­­­տու­­թիւնը։

Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի կա­­րեւոր գոր­­ծունէու­­թիւննե­­րէն պէտք է յի­­շել բա­­նախօ­­սու­­թիւննե­­րու շար­­քը, ուր Թուրքիոյ տար­­բեր հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րէն, Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ աշ­­խարհի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րէն ակա­­դեմա­­կան­­ներ իրենց ու­­շագրաւ ելոյթնե­­րով մաս­­նակցու­­թիւն բե­­րած էին եւ այդ ելոյթներն ալ աւե­­լի ուշ տպագ­­րո­­­ւած ան­­ջատ հա­­տոր­­նե­­­րու ձե­­ւով։

Թուրքիոյ տա­­րած­­քին մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի պահ­­պանման առու­­մով ալ բա­­ւական մեծ եղած է Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի ներդրու­­մը։ Սա­­կայն այդ բո­­լորը գնա­­հատե­­լու հա­­մար անհրա­­ժեշտ եղող գի­­տակ­­ցութիւ­­նը ափ­­սոս որ չէ կրցած հիմք ու­­նե­­­նալ Թուրքիոյ մէջ, քա­­նի որ երկրին քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րը յա­­րատե­­ւօրէն կը շա­­րու­­նա­­­կեն ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րով թու­­նա­­­ւորել հա­­սարա­­կութեան միտքն ու գի­­տակ­­ցութիւ­­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ