Նոր մտայղացում ձայնասփիւռային թատերախաղ


Համավա­րակի պայ­մաննե­րուն տակ, երբ կեան­քը ինքնա­բերա­բար հե­ռացաւ փո­ղոց­նե­րէն գե­ղարո­ւեստն ալ հար­կադրուեցաւ տու­նի աշ­խա­տու­թեան։ Հա­մացան­ցի վրայ յա­ճախ հան­դի­պեցանք մե­նակա­տար­նե­րու կամ ալ երաժշտա­կան խումբե­րու ձայ­նագրու­թիւննե­րուն։ Ձայ­նագրու­թիւններ՝ որոնք կա­տարո­ւած էին ան­ջատ եր­թիկնե­րու տակ եւ ապա ար­հեստա­վարժ դրու­թիւննե­րով հա­մադ­րո­ւած։

Այս ան­գամ Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի Ը. Դա­սարա­նի սա­ներն են, որ ու­րոյն թատ­րերգու­թիւնով մը կը ներ­կա­յանան արո­ւես­տա­սէր­նե­րու։ «Ան­ծին երա­խային դպրո­ցը» հե­տաքրքրա­կան մտայ­ղա­ցում մըն է, որուն հե­ղինակն է Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի Տնօ­րէն Արաս Տե­լիճէ։ Բնա­կանա­բար թատ­րոն բա­ռը իր հետ կը յի­շեց­նէ բե­մը։ Բայց այս ան­գամ մեր դի­մացն է ոչ թէ բե­մադ­րութիւն մը, այլ ձայ­նասփիւ­ռա­յին թա­տերա­խաղ։ Սոյն թա­տերա­խաղի գլխա­ւոր հե­րոս­ներն են Սե­լին եւ Յա­կոբ ամո­լը։ Սե­լինը վեց ամ­սու յղի է եւ ար­դէն նախ­քան ծննդա­բերու­թեան ամու­սիննե­րու մէջ ծա­գած իրենց ապա­գայ զաւ­կին ուսման շուրջ տա­րակար­ծութիւններ։ Յա­կոբ Մտա­դիր է իր զա­ւակը ազ­գա­յին վար­ժա­րան մը ար­ձա­նագ­րե­լու, իսկ Սե­լին պի­տի նա­խընտրէ օտար լե­զուով դա­սաւան­դութիւն ընող յա­տուկ դպրոց մը։ Յա­կոբ օր մը զինք կը գտնէ դպրո­ցի մը մէջ, որուն ու­սուցիչ­նե­րը անո­ւանի հա­յերն են։ Այդ ու­սուցիչ­նե­րու անո­ւանա­ցան­կին մէջ կը հան­դի­պինք Մես­րոպ Մաշ­տո­ցէն Քիմ Քար­տա­շեանի, Սա­հակ Պար­թե­ւէն Ուի­լեամ Սա­րոյեան, Յով­հաննէս Թու­մա­նեանէն Հեն­րիկ Մխի­թարեան, Գրի­գոր Զոհ­րա­պէն Զա­պէլ Եսա­յեան եւ մին­չեւ Կո­միտաս վար­դա­պետ Արա Կիւ­լեր Շառլ Ազ­նա­ւուր, Հրանդ Տինք, Տիգ­րան Պետ­րո­սեան, Յա­կոբ Պա­րոնեան, Գա­լուստ Կիւլպեն­կեան, Սե­ւան Պը­չաք­ճը, Տա­րոն Աճե­մօղ­լու, Լե­ւոն Պա­ղըշ եւ Ատի­լէ Նա­շիթի նման անո­ւանի դէմ­քե­րու։

Գլխա­ւոր դե­րերու մէջ Յա­կոբը կը մարմնա­ւորէ Նա­րեկ Թով­մա­սեան իսկ Սե­լինը Երազ Ռա­յա Աբ­րա­համօղ­լու։ Գո­հար Մի­րա Եըլ­տը­րըմը Քիմ Քար­տա­շեանն է, Այգ Արամ Զա­տիկը Քի­մին հայ­րը Ռո­պերը։ Ուի­լեամ Սա­րոյեանի կեր­պա­րին մէջ կը տես­նենք Ար­տա Սու­սուփը, Արէն Նալ­պանթեան կը մարմնա­ւորէ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը եւ Հեն­րիկ Մխի­թարեանը։ Ալեքս Մա­շալը կը ներ­կա­յանայ Գրի­գոր Զոհ­րա­պին, Նել­յա Նա­րօտ Էրոլ Սրբու­հի Տիւ­սա­փի Լի­զա Կիւլպեն­քօղլու Զա­պէլ Եսա­յեանի, Գա­մի Քո­փարան Կո­միտաս վար­դա­պետի եւ Արա Կիւ­լե­րի Նա­րեկ Գիս Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի Սե­ւակ Գիս Սա­հակ Պար­թե­ւի, Ժաս­մին Տան­տին Մա­րի Կե­րաք­մե­զեանի եւ Արիանա Աւ­ճը ալ Ատի­լէ Նա­շիթի դե­րերով կը մաս­նակցին այս շա­հեկան ձայ­նասփիւ­ռա­յին թա­տերա­խաղին։

Թարգման­չաց վար­ժա­րանի Զ եւ Է դա­սարա­նի աշա­կերտնե­րը թա­տերա­խաղի մէջ յի­շուած անուննե­րու կեն­սագրու­թիւնը հա­ւաքած են պրա­կի մը մէջ։ Իսկ Արաս Տե­լիճէի խա­ղը հա­յերէ­նի վե­րածած է Մա­րի Քա­լայ­ճը։ Այս վեր­ջի­նի հետ միասին Թա­լին Չոր­թան Կա­րիպ­կիւն եւ Տի­րու­հի Պե­րին հե­ռակապ ըն­թերցման աշ­խա­տու­թիւննե­րը հա­մադ­րե­ցին եւ ձայ­նագրե­ցին։ Թա­տերա­խաղը 8 Յու­լի­սէն սկսեալ շա­րու­նա­կաբար կը սփռո­ւի «Նոր Ռա­տիօ» կա­յանէն եւ դպրո­ցին «Եու­թուպ»ի հաս­ցէէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ