Օսման Քաւալա անտէր չէ

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տի վրայ անու­րա­նալի իրո­ղու­թիւն մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ դա­տական հա­մակար­գի գոր­ծող կա­ռավա­րու­թեան են­թարկո­ւածու­թեան պատ­կե­րը։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան եւ իր գլխա­ւորած կա­ռավա­րու­թիւնը կը պայ­քա­րի ընդդի­մու­թեան դէմ ընդմիշտ շա­հագոր­ծե­լով դա­տարա­նի վճիռ­նե­րը։ Ան այսպէս յա­ջողե­ցաւ ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետ­նե­րը պաշ­տօ­նազրկե­լու եւ անոնց տեղ նոր նշա­նակումներ կա­տարե­լու։ Նման աշ­խա­տու­թիւն կը տա­նի Խորհրդա­րանի մէջ ընտրո­ւած երես­փո­խան­նե­րու դէմ։ Բազ­մա­թիւ այ­լա­խոհ մտա­ւորա­կան­ներ, լրագ­րողներ եւ հա­սարա­կական գոր­ծիչներ բան­տարկո­ւած են ան­հիմն պնդումնե­րով։ Այդ պնդումնե­րու մէջ կա­րեւոր բա­ժին ու­նին ինքնու­թիւնը քօ­ղար­կո­ւած ան­ձե­րու վկա­յու­թիւննե­րը։ Զա­նազան օրի­նակ­նե­րով տե­սանք թէ նման վկա­յու­թիւներ բե­րող­ներ աւե­լի վերջ կը մեր­ժեն իրենց վե­րագ­րո­ւած այդ յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, որոնց հե­տեւան­քով մար­դիկ կ՚են­թարկո­ւին ծանր հա­լածանքնե­րու, տան­ջանքնե­րու եւ զրկանքնե­րու։ Այդպէս օրի­նակ մըն է գոր­ծա­րար եւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ Օս­ման Քա­ւալա։ Վեր­ջերս Քա­ւալա­յի բա­րեկամ­նե­րը պատ­րաստած են մուլթֆիլմ մը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Քա­ւալա­յի հա­կիրճ կեն­սագրու­թիւնը։ Այդ ֆիլ­մը կը ցու­ցադրո­ւի ընդդի­մադիր հե­ռուստա­կայան­նե­րէ եւ սոս­ցանցե­րէ։

Այնտեղ կը պատ­մո­ւի Քա­ւալա­յի նախ իբ­րեւ գոր­ծա­տէր եւ 1999-էն ետք ալ որ­պէս հա­սարա­կական գոր­ծիչ տա­րած աշ­խա­տու­թիւննե­րու մա­սին։ Մենք ալ կը յի­շենք թէ Քա­ւալա մերթ հո­վանա­ւորո­ւած եւ մերթ ալ ինք կազ­մա­կեր­պած էր հայ­կա­կան բազ­մա­թիւ նա­խագի­ծեր։ Անոնց մէջ յա­տուկ նշա­նակու­թեան ար­ժա­նի են ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձի եւ յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն իրա­կանա­ցուած սու­գի մի­ջոցա­ռումնե­րը բազ­մա­թիւ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ։ Ան հո­վանա­ւորած էր նաեւ «Ժա­մանակ» օրա­թեր­թի հիմ­նարկու­թեան ձօ­նուած մի­ջոցա­ռումնե­րը։ Ըստ երե­ւոյ­թի այժմ այդ բո­լորը փոր­ձանք ըլ­լա­լով եկած են իր առ­ջեւ եւ այս վաս­տա­կաւոր մտա­ւորա­կանը կը հա­տու­ցէ իր բա­րի գոր­ծե­րու պա­տիժը։ Սա­կայն այդ պատ­ժա­միջո­ցը նաեւ պա­տուազրկու­թիւն մըն է Թուրքիոյ հաշ­ւոյն, քա­նի որ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ալ բնաւ նո­ւազ չեն Քա­ւալա­յի վաս­տա­կը գնա­հատող­նե­րու թի­ւը։ Վեր­ջերս Եւ­րօ Խորհրդա­րանի ան­դամներ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը ներ­կա­յացու­ցին Վագ­լաւ Հա­ւելի անու­նով հաս­տա­տուած մրցա­նակին, իբ­րեւ յա­ւակ­նորդ։

Ցա­ւով յայտնենք թէ հա­յան­պաստ այսքան մեծ աւանդ ու­նե­ցող Քա­ւալա­յի հան­դէպ շատ տկար է թրքա­հայ շրջա­նակ­նե­րու զօ­րակ­ցութեան ջան­քերը։ Ան­ցեալին զա­նազան նպաստնե­րու հա­մար իր դու­ռը մա­շեց­նողնե­րը, այ­սօր կը խու­սա­փին նոյ­նիսկ անոր անու­նը յի­շելէ։

Ըստ երե­ւոյ­թի պոլ­սա­հայ հա­մայնքի կա­րեւո­րագոյն նա­խասի­րու­թիւնը ըլ­լալ կը շա­րու­նա­կէ իշ­խա­նու­թիւննե­րու հան­դէպ հա­ճելի թո­ւելու մար­մա­ջը։ Հասկնա­լի, բայց անըն­դունե­լի ստրկամ­տութիւ­նը, որ վեր­ջին հա­շուով ան­պա­տուու­թիւն մը ըլ­լա­լով պի­տի դրօշ­մուի մեր կեն­սագրութեան վրայ։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ