Հայերը եւս ներգրաւուած են

Ճորճ Ֆլոյ­­տի Մի­­նէապո­­լիսի մէջ ոս­­տի­­­կանա­­կան բռնու­­թեան հե­­տեւան­­քով մա­­հանա­­լէն ետք գո­­յացած բո­­ղոքի ալի­­քը կը շա­­րու­­նա­­­կուի թա­­ղու­­մէն վերջ եւս։ Ճորճ Ֆլոյ­­տի հա­­մար կա­­տարո­­ւեցաւ յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան երեք արա­­րողու­­թիւններ, երեքն ալ տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ։ Սա­­կայն այս սպա­­նու­­թեան դէմ ընդվզու­­մը շու­­տով ու­­նե­­­ցաւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին բնոյթ։ Բո­­ղոքի բազ­­մա­­­մարդ ցոյ­­ցե­­­րը նախ ծա­­ւալե­­ցան ԱՄՆ-ի զա­­նազան նա­­հանգնե­­րու եւ հա­­րիւ­­րա­­­ւոր քա­­ղաք­­նե­­­րուն եւ ապա ար­­ձա­­­գանգ գտան այլ եր­­կիրնե­­րու մէջ եւս։ Խնդի­­րը դուրս եկաւ ոս­­տի­­­կանա­­կան բռնու­­թեան դէմ բո­­ղոքի մը սահ­­մա­­­նէն եւ ուղղո­­ւեցաւ ցե­­ղապաշ­­տութիւ­­նը եւ խտրա­­կանու­­թիւնը մեր­­ժող ծա­­ւալուն հո­­սան­­քի մը։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ատե­­լու­­թիւնը ուղղո­­ւեցաւ եր­­բեմնի գա­­ղու­­թա­­­տիրա­­կան ռազ­­մա­­­վարու­­թեան կա­­րեւոր գոր­­ծիչնե­­րուն։ Օրի­­նակի հա­­մար՝ Պել­­կիոյ մէջ ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րը անար­­գե­­­ցին ու վնա­­սեցին Ֆեր­­տի­­­նանտ Բ. թա­­գաւո­­րի ար­­ձա­­­նը։ Այս դէպ­­քէն յե­­տոյ քա­­ղաքա­­պետու­­թիւնը ար­­ձա­­­նը վար առաւ իր պա­­տուան­­դա­­­նէն ու փո­­խադ­­րեց թան­­գա­­­րան։ Քա­­ղաքա­­պետա­­րանի շրջա­­նակ­­նե­­­րը յայ­­տա­­­րարե­­ցին, թէ ար­­ձա­­­նը պի­­տի վե­­րանո­­րոգո­­ւի եւ ապա պի­­տի տե­­ղադ­­րո­­­ւի իր հին տե­­ղը։ Սա­­կայն ոչ ոք կը կար­­ծէ թէ նման բան մը պի­­տի կա­­տարո­­ւի։

Նա­­խորդ շա­­բաթա­­վեր­­ջին Կլեն­­տէ­­­լի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րուն մաս­­նակցած էին նաեւ բազ­­մա­­­թիւ հայ ան­­հատներ։ Սա իս­­կա­­­պէս ու­­շագրաւ երե­­ւոյթ է, քա­­նի որ հա­­յեր առ­­հա­­­սարակ հե­­ռու կը մնան իրենց ապ­­րած եր­­կիրնե­­րու խառ­­նա­­­կու­­թիւննե­­րէն եւ իրենց ու­­ժը բո­­լորո­­վին կը տրա­­մադ­­րեն ազ­­գա­­­յին խնդիր­­նե­­­րուն։ Այդ առու­­մով Կլեն­­տէ­­­լի ցոյ­­ցե­­­րուն հա­­յոց մաս­­նակցու­­թիւնը յա­­ւելեալ նշա­­նակու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նայ։

Ժո­­ղովուրդի բուռն հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թեան դէմ Թրամբ որ­­քան ալ սաստկու­­թեան սպառ­­նա­­­լիք­­ներ տե­­ղաց­­նէ, տե­­ղական մար­­միննե­­րը կը խու­­սա­­­փին իրա­­վիճա­­կը ալ աւե­­լի սրելէ։ Ար­­դա­­­րեւ Կլեն­­տէ­­­լի ոս­­տի­­­կանա­­պետ Քարլ Բո­­վիլեատի­­սը նշեց թէ իւ­­րա­­­քան­­չիւր քա­­ղաքա­­ցիի սահ­­մա­­­նադ­­րութե­­նէն եկած իրա­­ւունքն է խա­­ղաղ կեր­­պով ար­­տա­­­յայ­­տել իր զգա­­ցումնե­­րը կամ վրդո­­վու­­մը։ «Մեր անձնա­­կազ­­մը դա­­տապար­­տած է Ճորճ Ֆլոյ­­տի դէմ կա­­տարո­­ւած բռնու­­թիւնը։ Այդ գոր­­ծե­­­լաոճը ըն­­դունե­­լի չէ Կլեն­­տէյլի ոս­­տի­­­կանա­­կան հա­­մակար­­գէն ներս» ըսաւ Բո­­վիլեատի­­սը։ Կլեն­­տէ­­­լի մի­­ջոցառ­­ման ըն­­թացքին փո­­խան­­ցո­­­ւեցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նեանց Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ եր­­կու թե­­մերու առաջ­­նորդնե­­րուն ու­­ղերձնե­­րը։ Ձեռ­­նարկի կազ­­մա­­­կեր­­պումին մաս­­նակցած ու իրենց աջակ­­ցութիւ­­նը յայտնած էին ամե­­րիկա­­հայ հա­­սարա­­կական, քա­­ղաքա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին գոր­­ծիչներ, կրթա­­կան մարմնի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ եւ հա­­մայնքա­­յին տար­­բեր կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ։

Կլեն­­տէ­­­լի Միացեալ Կրթաշրջա­­նի վա­­րիչ Վիվ­­յէն Էք­­չիեանը յա­­տուկ ու­­շադրու­­թիւն սե­­ւեռեց այս հան­­րա­­­հաւա­­քին մէջ հայ հա­­մայնքի ներ­­կա­­­յու­­թեան։

Մի ու­­րիշ հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ, հան­­րա­­­հաւա­­քի կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րէն Էլեն Ասատ­­րեան ալ նշեց, թէ «Որ­­պէս քա­­ղաք մենք պար­­տա­­­կանու­­թիւն ու­­նինք անար­­դա­­­րու­­թեան դէմ պայ­­քա­­­րելու եւ զօ­­րակ­­ցե­­­լու սե­­ւամորթ հա­­մայնքի պայ­­քա­­­րին։ Ճիշդ այնպէս ինչպէս պայ­­քա­­­րած ենք ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ճա­­նաչ­­ման եւ այլ հար­­ցե­­­րու հա­­մար»։

Հան­­րա­­­հաւա­­քը աւար­­տին հա­­սաւ մո­­մավա­­ռու­­թեամբ։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ