Վաքըֆլը գիւղի թանգարանը կը գործէ

Մուսա Լե­րան պատ­մա­կան Վա­քըֆ­լը գիւ­ղը օժ­տո­ւեցաւ թան­գա­րանով մը։ Ան­տի­յոքի եւ մա­նաւանդ Սա­ման­տաղ գա­ւառի զբօ­սաշրջա­կան կա­րեւորագոյն այ­ցե­լու­թեան վայ­րը դար­ձած, ամ­բողջո­վին հա­յաբ­նակ Վա­քըֆ­լը գիւ­ղը ու­նե­ցաւ հա­մեստ բայց շատ ներ­կա­յանա­լի եւ հա­րուստ բո­վան­դա­կու­թեամբ թան­գա­րան մը։ Ազ­գագրա­կան բնոյ­թով թան­գա­րանին մէջ կը ներ­կա­յացո­ւին Մու­սա Լե­րան եր­բեմնի հա­յաբ­նակ եօթը գիւ­ղե­րը իրենց պատ­մութիւ­նով։ Ծա­նօթագ­րութիւննե­րը պատ­րաստո­ւած են եռա­լեզու՝ հա­յերէն, թրքե­րէն եւ անգլե­րէն տար­բե­րակով։ Նոյ­նիսկ ցու­ցա­տախ­տակնե­րու վրայ յա­ճախ կը հան­դի­պինք Մու­սա Լե­րան յա­տուկ բար­բա­ռի գոր­ծա­ծու­թեան օրի­նակ­նե­րուն։ Ներ­կա­յացո­ւած օրի­նակ­նե­րը ի մի բե­րուած են գիւ­ղի այժմու եւ նաեւ ներ­կա­յիս գիւ­ղէն դուրս բնա­կուող նախ­նի­ներու ըն­տա­նեկան հա­ւաքա­ծոնե­րէն։ Նմոյշնե­րը վկա­յու­թիւններ կը բե­րեն ան­ցեալի ամե­նօրեայ ապ­րումնե­րէն, որ բա­ւակա­նին պատ­կե­րալից տպա­ւորու­թիւննե­րու տե­ղի կու տան։ Օրի­նակի հա­մար շա­տերուն ծա­նօթ է Վա­քըֆ գիւղցի­ներու ասեղ­նա­գոր­ծութիւ­նը եւ սա­կայն միայն քի­չեր են, որ գի­տեն այդ ձե­ռագոր­ծի աւան­դին ծա­գու­մը տա­րածաշրջա­նի կա­նանց մօտ։

Գիւ­ղա­ցիներ այդ փոր­ձը ու­նե­ցած են Ա. Աշ­խարհա­մար­տի տա­րինե­րուն պար­տադրա­բար ապաս­տա­նած Փորթ Սա­յիտի ճամ­բարնե­րուն մէջ։ Նշենք որ թան­գա­րանի կազ­մութեան մէջ շատ կա­րեւոր ներդրում ու­նե­ցած է արո­ւես­տա­բան Լո­րա Պայ­թար, որ նաեւ կը պաշ­տօ­նավա­րէ Ան­տիոքի նշա­նաւոր խճան­կարնե­րու թան­գա­րանին մէջ։

Թան­գա­րանը թէեւ սկսած է գոր­ծել, բայց անոր պաշ­տօ­նական բա­ցու­մը պի­տի կա­յանայ աւե­լի ուշ թո­ւակա­նի մը, որ պի­տի յայ­տա­րարո­ւի ան­ջա­տաբար։

«Ակօս»ի այս թի­ւին մէջ լոյս կը տես­նէ թեր­թիս մշա­կոյ­թի էջե­րու խմբա­գիր Վար­դան Էս­դուգեանի հար­ցազրոյ­ցը, Լո­րա Պայ­թա­րի հետ։ Մշա­կոյ­թի էջե­րու նա­խորդ եւ յա­ջորդ խմբա­գիր­նե­րու շա­հեկան զրոյ­ցը հա­յերէն թարգմա­նու­թեամբ լոյս պի­տի տես­նէ «Ակօս»ի յա­ջորդ հա­մարին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ