Երուսաղէմի Պատրիարքարանի ի նպաստ որոշում

Թերթիս էջե­րուն վրայ նա­խապէս ալ բա­զում ան­գամներ անդրա­դար­ձած էինք Երու­սա­ղէմի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի Թուրքիոյ մէջ տա­րած իրա­ւական պայ­քա­րի մա­սին։ Ինչպէս ծա­նօթ է Օս­մա­նեան կայսրու­թեան շրջա­նէն այս կողմ Թուրքիոյ մէջ Երու­սա­ղէմի Պատ­րիար­քա­րանի կող­մէ լիազօ­րուած հաս­տա­տու­թիւն մըն էր Մար Յա­կոբի Հա­յոց Եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադրա­մը, որ ան­ցեալին Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ ան­տէր հա­մարուած եւ վերջ տրուած էր անոր իրա­ւական գո­յու­թեան։ Այդ որոշու­մէն ետք Հիմ­նադրա­մի կա­լուած­ներն ալ վա­ճառո­ւած էին եր­րորդ ան­ձե­րու։ Երու­սա­ղէմի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը ահա այս որո­շու­մի դէմ է, որ իրա­ւական պայ­քար կը մղէ Թուրքիոյ դա­տարան­նե­րուն մէջ իրա­ւապաշտպան Ալի Էլ­պէ­յօղ­լու փաս­տա­բանա­կան գրա­սենեակի միջոցաւ։

Գրա­սենեակէն կը տե­ղեկա­նանք, թէ դա­տական առա­ջին հանգրո­ւանը մեր­ժո­ւած է տե­ղական դա­տարա­նի կող­մէ։ Խնդի­րը փո­խան­ցո­ւած է Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան, ուր այս վեր­ջի­նը որո­շում կա­յացու­ցած է ըսելով որ ար­գի­լուած է հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նարկին դա­տարան հաս­նե­լու իրա­ւունքը։ Այս որո­շու­մէն ետք խնդի­րը կրկին քննող Ան­գա­րայի 15-րդ Վար­չա­կան Ատեանը չե­ղեալ հա­մարած է Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան որո­շու­մը։ Այս հանգրուանին տնօ­րէնու­թիւնը իրա­ւունք ու­նի կա­յացած վճի­ռին առար­կե­լու։

Ներ­կայ զար­գա­ցու­մը բա­ւակա­նին դրա­կան ըն­դունո­ւած է Երու­սա­ղէմի Պատ­րիար­քա­րանի կող­մէ։ Վճի­ռին հաս­տա­տու­մով Պատ­րիար­քա­րանը դի­մում պի­տի կա­տարէ հիմ­նադրա­մի վե­րակազ­մութեան եւ առգրա­ւուած կա­լուած­նե­րու հա­տուցման հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ