Հայ դպրոցը իր հոգերով

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

miran.manukyan@gmail.com

 

ՎԱ­ՏԻՓ հար­­թա­­­կը, որ այժմ որ­­դեգրած է «Հայ­­Հիմ» անու­­նը, 5 Յու­­նիս ուրբաթ օր Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ ժո­­ղով մը գու­­մա­­­րեց դպրոց ու­­նե­­­ցող թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րու կամ խնա­­մակա­­լու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ։ Կը բա­­ցակա­­յէին՝ Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն եւ Սուրբ Թա­­գաւոր եկե­­ղեցի­­ներու թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րը, որոնց լիազօ­­րու­­թեան տակ կը գոր­­ծեն Էսաեան եւ Արամեան Ունճեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը։ Ժո­­ղովին նա­­խագա­­հեց ատե­­նապետ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու, իր կող­­քին ու­­նե­­­նալով Բ. ատե­­նապետ Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ եւ վար­­չութեան այլ ան­­դամներ։

Շի­­րինօղ­­լու ժո­­ղովէն ետք «Ակօս»ի թղթա­­կիցին բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ Պոլ­­սա­­­հայ կրթա­­կան հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մա­­սին։ Ատե­­նապե­­տը դժգո­­հու­­թիւն յայտնեց զա­­նազան դպրոց­­նե­­­րէ ներս իւ­­րա­­­քան­­չիւր աշա­­կեր­­տի հա­­մար ծախ­­սուած գու­­մարնե­­րու տար­­բե­­­րու­­թեան մա­­սին։ Կրկնեց կարգ մը դպրոց­­նե­­­րը միաց­­նե­­­լու իր վա­­ղեմի առա­­ջար­­կը։ Նշեց որ կարգ մը ծախ­­սե­­­րը կրճա­­տելով կա­­րելի է տա­­րեկան 50 մի­­լիոնա­­նոց խնա­­յողու­­թիւն մը ապա­­հովել։ Շի­­րինօղ­­լու իր առա­­ջարկնե­­րը եզ­­րա­­­կացուց «Փոք­­րա­­­նալով մե­­ծանալ» խօս­­քով։

Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան ատե­­նապե­­տը ակ­­նարկու­­թիւններ ու­­նե­­­ցաւ նաեւ Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն Եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նու­­թեան վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րուն մա­­սին։ Յի­­շենք թէ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու վեր­­ջերս ինքնա­­կամ կեր­­պով նա­­մակ մը գրած էր Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թեան եւ պա­­հան­­ջած էր, որ մին­­չեւ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թիւնը, Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի թա­­ղակա­­նու­­թիւնը փո­­խան­­ցո­­­ւի իր իսկ գլխա­­ւորած Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան։ Այս առա­­ջար­­կը բնա­­կանա­­բար տե­­ղի տո­­ւաւ դժգո­­հու­­թեան ալի­­քի մը։ Սա­­կայն Շի­­րինօղ­­լու իր ըրա­­ծին դէմ հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը կը մեկ­­նա­­­բանէ. «Երեկ Սուրբ Եր­­րորդու­­թեան դէմ եղող­­նե­­­րը, այ­­սօր անոր կող­­քին կանգնած են» ըսելով։

Հուսկ, 5 Յու­­նի­­­սի ժո­­ղովը չէ կրցած մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու մի­­ջեւ բո­­լորին կող­­մէ ըն­­դունե­­լի լու­­ծում մը առա­­ջադ­­րել։ Ըստ երե­ւոյ­­թի մեր ուսման հա­­մակար­­գը յա­­ռաջի­­կայ տա­­րեշրջանն ալ պի­­տի դի­­մաւո­­րէ իր ան­­լուծե­­լի մնա­­ցած խնդիր­­նե­­­րով։ Այս պատ­­կե­­­րին մէջ միակ հա­­մոզու­­մը, որ բո­­լորին կող­­մէ ըն­­դունե­­լի կը գտնուի հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թիւննե­­րուն առանց յա­­պաւու­­մի կա­­յանալն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ