Վաքըֆլը գիւղը թանգարան ալ ունի

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Վարդան Էս­դուգեան- Վա­քըֆ­լը գիւ­ղը որ­պէս Թուրքիոյ միակ հայ գիւ­ղը ար­դէն թան­գա­րանա­յին իմաստ մը ու­նէր։ Իսկ այժմ օժ­տո­ւած է նաեւ իս­կա­կան թան­գա­րանով մը։ Այցգլու­ներ ին­չե՞ր պի­տի տես­նեն այդ թան­գա­րանին մէջ։

Լո­րա Պայ­թար- Ճիշդ է որ Վա­քըֆ­լը գիւ­ղը որ­պէս եզա­կի նմոյշ մը շա­տերու կող­մէ թան­գա­րանի նման կը դի­տուի։ Բայց այստեղ կեան­քի ըն­թացք մըն ալ կայ։ Այս գիւ­ղի բնա­կիչ­ներն ալ ու­նին տնտե­սական հո­գեր, կը պա­հեն աւան­դութիւններ, նաեւ վառ կը պա­հեն կեն­դա­նի բար­բառ մը։ Ու­նին տօ­նական սո­վորու­թիւններ, եղա­նակ­նե­րու հետ կա­պուած աշ­խա­տու­թիւններ, որոնք բո­լորը միասին այս գիւ­ղը թան­գա­րանի մը կա­ղապա­րէն դուրս կը հա­նեն եւ կը վե­րածեն կեն­սունակ մի­ջավայ­րի մը։ Անշուշտ որ գիւ­ղը ու­նի պատ­մա­կան ան­ցեալ մը եւ այ­սօ­րուայ կեն­ցա­ղը այդ ան­ցեալը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ան­բա­ւարար է։ Գիւ­ղի թան­գա­րանը, միայն այս գիւ­ղով չէ, այլ Մու­սա Լե­րան եօթը գիւ­ղե­րով պատ­մա­կան ան­ցեալի վկա­յու­թիւննե­րը կը ծա­նօթաց­նէ այ­ցե­լու­նե­րուն։

Վ.Է.- Թան­գա­րանի հիմ­նարկու­թեան գա­ղափա­րը ինչպէ՞ս ծա­գեցաւ, ցու­ցադրուած նիւ­թե­րը ինչպէ՞ս որո­շեցիք։

Լ.Պ.- Խոր­հուրդը իրա­կանու­թեան մէջ այ­ցե­լու­նե­րու հե­տաքրքրու­թե­նէն ծա­գեցաւ։ Վա­քըֆ­լը գիւ­ղի անու­նը իր­մէ աւե­լի մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Եթէ զանց առ­նենք հա­մավա­րակի այս օրե­րը գիւ­ղի ամե­նօրեայ այ­ցե­լու­նե­րը բա­ւակա­նին մեծ թիւ կը կազ­մեն։ Այդ այ­ցե­լու­նե­րը գիւ­ղի մթնո­լոր­տը շնչե­լու հա­մար բա­ւակա­նին սահ­մա­նափակ առիթ­ներ ու­նէին։ Սրճա­րանը կրնա­յին հանգստա­նալ, եկե­ղեցին կրնա­յին այ­ցե­լել, գիւ­ղի կա­նանց ար­տադրած տնա­յին խմիչքնե­րը կամ պա­հածո­ները կրնա­յին գնել եւ այդքան միայն։

Մինչդեռ գիւ­ղի նշա­նակու­թիւննե­րը, քա­նի մը լու­սանկա­րով ըն­կա­լելիք բան չէ։ Ես Հա­թայ տե­ղափո­խուե­լէ ետք Ան­տիոքի Հնա­գիտա­կան թան­գա­րանին նոր շէնք փո­խադ­րութեան շրջա­նին իբ­րեւ արո­ւես­տա­բան պաշ­տօն ստա­ցայ։ Այդ պաշ­տօ­նը ին­ծի հա­մար լաւ փորձ մը եղաւ թան­գա­րանի մը կազ­մութեան մա­սին գի­տելիք­ներ ամ­բա­րելու իմաս­տով։ Երբ ես առա­ջարկ բե­րի գիւ­ղի վա­րիչ­նե­րուն պար­զո­ւեցաւ, որ իրենք ալ նա­խապէս այս մա­սին մտա­ծած են։

Թան­գա­րանի բո­վան­դա­կու­թիւնը որո­շելու պա­հուն գիւ­ղին ան­ցեալն է, որ մե­զի ու­ղե­ցոյց եղաւ։ Ան­շուշտ որ այս աշ­խա­տու­թիւնը, որոշ գու­մար մը պի­տի պա­հան­ջէր, որը գիւղ առան­ձին չէր կրնար դի­մագ­րա­ւել։ Այդ հանգրո­ւանին դի­մեցինք «Արե­ւելեան Մի­ջերկրա­կանի Զար­գացման Գոր­ծա­կալու­թեան»։ Պէտք էր իրենց նա­խագիծ մը ներ­կա­յաց­նէինք Այդ մա­սին ալ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկէն Զէյ­նեփ Թաշ­քըն շատ կա­րեւոր ներդրում ու­նե­ցաւ եւ դի­մում կա­տարե­ցինք։

Ըն­թացքին մէջ Ան­տիոքի Հնա­գիտու­թեան Թան­գա­րանն ալ իր զօ­րակ­ցութիւ­նը բե­րաւ։ Նոյնպէս Հա­թայի Կու­սա­կալու­թիւնը, Մշա­կոյ­թի Տնօ­րէնու­թիւնը, Նա­խարար Հիւ­սէ­յին Եայ­ման, Իս­թանպու­լի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը եւ Իս­թանպուլ բնա­կող գիւ­ղին բա­րեկամ Միհ­րան Ու­լի­կեան եւս սա­տարե­ցին թան­գա­րանի կազ­մութեան։

Վ.Է.- Թան­գա­րանը աւե­լի կա­նուխ պի­տի բա­ցուէր, բայց ու­շա­ցաւ ին­չո՞ւ։

Լ.Պ.- Հա­մավա­րակէն ան­մի­ջապէս առաջ աւար­տած էինք թան­գա­րանի կազ­մութեան աշ­խա­տու­թիւննե­րը։ Վրայ հա­սաւ սահ­մա­նափա­կումնե­րը։ Հե­տեւա­բար այժմ թան­գա­րանը բաց է այ­ցե­լու­նե­րու դի­մաց, իսկ պաշ­տօ­նական բա­ցու­մը պի­տի կա­տարենք կեան­քը բնա­կանոն ըն­թացքի մտնե­լէ ետք։

Վ.Է.- Հա­պա նիւ­թե­րը ինչպէ՞ս հա­ւաքե­ցիք։

Լ.Պ.- Թան­գա­րանի մէջ ներ­կա­յացո­ւող նմոյշնե­րը մե­ծաւ մա­սամբ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէ ձեռք բե­րուած է։ Իմ առա­ջին փնտռած իրը հարսնա­շոր մըն էր։ Սա­կայան զար­մա­նալով տե­սայ որ գիւ­ղա­ցի կա­նանց առ­նո­ւազն կէ­սը նոյն հարսնա­շորով հարս եղած են։ Երբ Սո­նա Քար­թուն պի­տի ամուսնա­նար գիւ­ղի հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րէն Սա­պահ Քար­թունի հետ իրեն յա­տուկ հարսնա­շոր մը կա­րուած է։ Աւե­լի վերջ ամուսնա­ցող բո­լոր հարսնա­ցու­նե­րը այդ հարսնա­շորով ամուսնա­ցած են։ Այս ալ չէ բա­ւած եւ հա­րեւան Խը­տըր­պեկ եւ Եողու­նօ­լու­քի մահ­մէ­տական աղ­ջիկներն ալ նոյն հարսնա­շորով հարս դար­ձեր են։ Ան­շուշտ այսքան գոր­ծա­ծուե­լէն ետք այս հա­գուստը ի վեր­ջոյ փճա­ցած է։ Բո­լորը իմա­ցան այս հարսնա­շորի փնտռտու­քի պատ­մութիւ­նը եւ յի­շեցին Ար­շակ Նե­նէի, Եզու­րի այժմ լքուած տու­նի մէջ մնա­ցած հարսնա­շոր մը։ Իս­կա­պէս զար­մա­նալի բան, որով­հե­տեւ այդ տու­նը ամ­բողջո­վին դա­տարկ էր եւ մի­նակ այդ հա­գուստը կար։ Հի­մա այդ հա­քուստը թան­գա­րանի մուտքին Եզու­րի տան մէջ ինչպէս կա­խուած էր, նոյնպէս կը դի­մաւո­րէ այ­ցե­լու­նե­րը։

Նշեմ որ թան­գա­րանի մէջ ցու­ցադրուած նմոյշնե­րէն աւե­լի այդ իրե­րու պատ­մութիւ­նը կա­րեւո­րեցինք։ Օրի­նակի հա­մար Աս­տո­ւածած­նի Խա­ղողօրհնէ­քի աւան­դութիւ­նը կեն­դա­նացու­ցինք սի­լիքոն քան­դա­կով մը, որուն կող­քին կը ցու­ցադրենք նաեւ լու­սանկա­րիչ Էր­հան Արը­քի ան­ցեալ տա­րուայ Աս­տո­ւածած­նի տօ­նէն առած նկար­նե­րու ֆիլ­մը։

Շատ կա­րեւոր թե­մայ մըն է 1915-ին գիւ­ղէն գաղ­թը, Փորթ Սա­յիտի տա­րինե­րը, զի­նադա­դարով վե­րադար­ձը, որոնք ան­պայման պէտք էր նշո­ւէին թան­գա­րանին մէջ։ Այդ օրե­րու վկա­յու­թիւնը Եր­ջան, Ար­շակ եւ Վարդ տա­տիկ­նե­րու եր­գած գաղ­թի եր­գով մը կը նկա­րագ­րո­ւի, որ շատ մեծ տպա­ւորու­թիւն կը թո­ղու այ­ցե­լու­նե­րուն։

Ցու­ցա­բեղ­կե­րու մէջ դրո­ւած նմոյշնե­րը գիւ­ղա­ցինե­րու սե­փական հա­ւաքա­ծոներն են։ Գիւ­ղի երէց Տէր Աւե­տիսի օգ­նութեամբ ալ ու­նե­ցանք եկե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան իրե­րու բա­ժին մը։ Գիւ­ղի դէմ­քե­րը նաեւ վառ վկա­յու­թիւններ են ան­ցեալի մա­սին։ Անոր հա­մար ալ Չա­քը Տե­տէի վե­րար­կուն կամ Սե­րովբ Տե­տէի գլխար­կը միայն պարզ վե­րար­կու կամ գլխարկ չեն, այլ այդ անուննե­րը խորհրդան­շող վկա­յու­թիւններ։ Հին լու­սանկար­նե­րը եւս յա­տուկ բա­ժին մը կը կազ­մեն, որոնց քով տե­ղադ­րո­ւած թան­գա­րանի գեր­բը կրող թղթիկ­նե­րուն վրայ այ­ցե­լուն ալ իր մաս­նակցու­թիւնը պի­տի կրնայ բե­րել։

Էր­հան Արըք նաեւ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ մը նկա­րահա­նած էր 2019 թո­ւին։ 45 վայրկեան տե­ւողու­թեամբ այդ ֆիլմը կը ցո­լաց­նէ գիւ­ղի առօ­րեայ կեան­քը։ Թան­գա­րանը կազ­մո­ւելէն ետք նոր նիւ­թեր ալ ստա­նալ սկսանք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ