Արեւմտահայերէն Զարթօնք

ՇԱՀԷՆ ԱՐԱՊՕՂԼԵԱՆ

Գործակիցս շատ ճիշդ ձե­ւով հաս­տա­տեց Meet the Revolution փոտ­քասթի 4-րդ յայ­տագրին ըն­թացքին.- «Գա­լով լե­զուին, հա­յերէն լե­զուին, տե­սակ մը արեւմտա­հայե­րէն առ­ցանց զար­թօնք մը ծնաւ այս հա­մաճա­րակէն», ըսաւ Ռու­բէն Ճան­պա­զեանը, h-pem.com առ­ցանց հար­թա­կի խմբա­գիրը։ Եւ ճիշդ է, չէ՞, բա­ցի եթէ քա­րայ­րի մը մէջ կ’ապ­րիս աս վեր­ջին 3 ամիս­նե­րու ըն­թացքին, վստահ տե­սած ես արեւմտա­հայե­րէնով առ­ցանց ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ աջ ու ձախ։

Անցնող փետ­րո­ւարին, Կիւլպէն­կեան Հիմ­նադրու­թեան Հայ­կա­կան Բա­ժան­մունքը յայ­տա­րարեց Լի­բանա­նի Նո­րարար Մշա­կոյ­թի Ծրա­գիրը՝ յա­տուկ Լի­բանա­նահայ երի­տասար­դութեան ուղղո­ւած քայլ մը, մղե­լով զա­նոնք (կամ այս պա­րագա­յին՝ մեզ) որ ստեղ­ծա­գոր­ծենք մեր ամէ­նօրեայ լե­զուով, սա­կայն նո­րարար ձե­ւերով։ Չա­փով հսկա­յական ծրա­գիր մը չէր այս, բայց վստա­հաբար մե­ծապէս ազ­դե­ցիկ։ Դժբախ­տա­բար, կամ դուք ըսէք, թէ բա­րեբախ­տա­բա՞ր, վրայ հա­սաւ հա­մաճա­րակը եւ ծնունդ տո­ւաւ այն պայ­թիւնին՝ որ մղեց ին­ծի գրել այս յօ­դուա­ծը։ Արեւմտա­հայե­րէնով՝ ան­վերջ յոր­դող, նո­րարար ձե­ւերով մշա­կուած ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ, որոնք հա­ւանա­բար մղո­ւած են արեւմտա­հայե­րէն խոշ առ­ցանց գոր­ծե­րու ծա­րաւէն, ծա­րաւ մը որ կը կա­րօտի արեւմտա­հայե­րէնի մը, որ այժմէական է, ամէ­նօրեայ եւ գոր­ծա­ծական, ոչ դա­սագիր­քի մը մէջ, ոչ դա­սարա­նային պա­տերու մէջ, ոչ միայն հայ­րե­նասի­րական, այլ նաեւ մեր ներ­կա­յին եւ առօ­րեային մա­սին, ինչպէս որե­ւէ մէկ ողջ-առողջ լե­զու, որ կը գոր­ծա­ծուի աշ­խարհի տա­րած­քին։

Այս յօ­դուա­ծին մէջ, գնա­հատե­լով տա­րինե­րէ ի վեր գոր­ծող ու աւան­դա­կան նկա­տուող այն բո­լոր ձե­ւերը, որոնք արեւմտա­հայե­րէնը հաս­ցուցած են մե­զի, պի­տի փոր­ձեմ թո­ւել եւ ձե­ւով մը ըն­թերցո­ղին ու­շադրու­թեան յանձնել, այդ բո­լոր ան­ձերն ու կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը, որոնք այս ճգնա­ժամին առի­թը օգ­տա­գոր­ծե­լով, առ­ցանց ու այժմէական մեր հա­րազատ լե­զուով ներ­կա­յացան մե­զի։ Յօ­դուա­ծին աւար­տին պզտլիկ խօսք մըն ալ պի­տի ուղղեմ բո­լոր անոնց, որոնք քսան­չորս ժամ արեւմտա­հայե­րէնի կոր­ծանման մա­սին կը քա­րոզեն, որով­հե­տեւ ոչ, հա­մոզո­ւած եմ, որ կը սխա­լին։

Աղո­ւոր Բա­ներ-ուն նման արո­ւես­տի էջեր վեր­ջերս կը ծաղ­կին Ինսթակ­րա­մի էջիս վրայ, աջ ձախ, ան­վերջ, ըլ­լան անոնք հին էջեր, որոնք յա­ւելեալ ժա­մանա­կին (կամ ժահրմա­նակին) պատ­ճա­ռով յա­ջողե­ցան փո­շին թօ­թուել իրենց վրա­յէն, կամ նոր էջեր որոնք ռիս­քեր առին եւ նոր սկսան ծաղ­կիլ։ Այս էջե­րը զա­նազան նիւ­թե­րու կ՚անդրա­դառ­նան, ինչպէս ֆե­մինիզմ, Աշ­խա­տաւոր­նե­րու օր, եւ #BlackLives Matter ինչպէս նաեւ խօ­սակ­ցա­կան լե­զու եւ մե­կու­սացման կո­չեր։

Արեւմտա­հայե­րէնով փոտ­քասթներ ալ ու­նինք հի­մա, որոնք ծնունդ առին մեր յա­ճախ-ան­տե­սուած բայց միշտ աշ­խուժ Պոլ­սա­հայ գա­ղու­թէն։ Լսա՞ծ ես Աս­պանդակ կամ «անուն ճաշ քա­ղաք» փոտ­քասթնե­րուն մա­սին։ Եթէ ոչ, հարց չէ, հի­մա գի­տես, եւ կրնաս ունկնդրել։ Հա­պա լսե­ցի՞ր h-pem հար­թա­կին Սա­րոյեանի կարճ պատ­մո­ւածքնե­րու ձայ­նա­գիր­քը, կամ Եղիա Ագ­կիւնի պատ­րաստած Օտեան եւ Պա­րոնեան ռա­տիօ-թատ­րոննե­րը Իու­թուպի վրայ, որով­հե­տեւ աս տի­պի գոր­ծեր յա­ւիտեան ար­ժէքներ են։ Նոյ­նիսկ հին կարճ ու մրցա­նակա­կիր ֆիլ­մեր նոր շունչ սկսան առ­նել տար­բեր սե­րունդի հան­դի­սատես­նե­րով, ինչպէս Արա Մա­ծու­նեանին Վար­դա­գոյն Փի­ղը, Թո­նի Փար­թա­մեանի Հրա­մեցէ՛ք-ը, Վա­չէ Պուլղուրճեանին Հին­գե­րորդ Զօ­րասիւ­նը, եւ Լի­բանա­նի Հա­մազ­գա­յինի Գաս­պար Իփէ­կեանի թատ­րոննե­րը, որոնք սկսած են վեր­բեռնո­ւիլ իրենց Իու­թուպի էջին վրայ։

Վա­յել­քը հոս չի վեր­ջա­նար, ընդհա­կառա­կը, քիչ մը աւե­լի տա­րօրի­նակ կը դառ­նայ։ Կ՚ու­զե՞ս առ­ցանց պտը­տիլ Լոս Ան­ճե­լըսի Բնու­թեան Պատ­մութեան Թան­գա­րանին մէջ Սե­պուհ Սի­մոնեանի ձայ­նա­յին բա­ցատ­րութեամբ։ Կա՚յ։ Կ՚ու­զե՞ս պոլ­սա­հայ մը քե­զի աւան­դա­կան Զատ­կո­ւան չէօրէ­կդ պատ­րաստել սոր­վեցնէ իր Իու­թուպի ալի­քին վրայ։ Կա՚յ։ Վա­հէ Պէր­պէ­րեանն ու իր կի­րակ­նօ­րեայ հիւ­րե՞րը, ա՚տ ալ կայ, ամէն շա­բաթ երե­խայի պէս կը սպա­սեմ, կը բա­նամ, կը դի­տեմ։

Մին­չեւ հի­մա միայն նշած եմ արուես­տի ու տե­սալ­սո­ղական բնոյթ ու­նե­ցող գոր­ծե­րը, եւ դեռ հա­զիւ կէ­սը հա­սայ։ Արեւմտա­հայե­րէնով հաիքու­նե­րը իրո­ղու­թիւն մըն են հի­մա, շնոր­հա­կալ ենք Կա­րին Պե­տեանին. ան նաեւ մաս կը կազ­մէ Թո­ւիթը­րեան աշ­խարհի մը, ուր արեւմտա­հայե­րէնով ու հա­յատառ ար­տա­յայ­տո­ւիլը պայ­ման մըն է, ան­կախ ար­ծարծո­ւած նիւ­թե­րէն։ Ես ալ, իմ կար­գիս, իբր խան­դա­վառ ան­դամ մը աս աշ­խարհին, խօ­սեցայ բա­րեկամ­նե­րէս Սե­ւան Ղա­րիպեանին ու Սա­րին Ագ­պա­շին եւ միաս­նա­բար հիմ­նե­ցինք արեւմտա­հայե­րէն առա­ջին եւ միակ Թե­լեկ­րա­մի ալի­քը, ուր յա­ճախ կը բաժ­նեկցինք գոր­ծա­ծելի կպչուկներ, կարճ խա­ղեր, գրա­կան կտոր­ներ, եւլն։

Վեր­ջերս, Հա­մազ­գա­յինի «Գան­ձա­րանը» կազ­մա­կեր­պած էր #Տու­նըՄնան­քՈւՍտեղ­ծա­գոր­ծենք առ­ցանց մրցու­մը, քա­ջալե­րելու երի­տասարդներն ու պա­տանի­ները, որ­պէսզի արեւմտա­հայե­րէնով գրեն բա­նաս­տեղծա­կան կտոր­ներ՝ հա­մաճա­րակին մա­սին։ Կիւլպէն­կեանի նոր՝ Խօսք Առ մրցա­նակը եւս, խթան մը հան­դի­սացաւ արեւմտա­հայե­րէնով ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու, եւ որե­ւէ նիւթ հա­յերէ­նով ար­ծարծե­լու։

Ու­սումնա­կան եւ դպրո­ցական ոլոր­տին մէջ ալ կը շա­րու­նա­կենք առ­ցանց աճիլ ու զար­գա­նալ։ Հի­մա, ահա­գին դպրո­ցական դա­սանիւ­թեր ու­նինք առ­ցանց, «շնոր­հիւ» մե­կու­սացման ու հա­մաճա­րակին։ Մար­տի սկիզ­բը Մա­սըչու­սէթսի Ջրա­ւանէն (Ուա­թըր­թաուն), Ալիք Ար­զումա­նեանը սի­րուած Տաք­թըր Սու­սի կարճ պատ­մո­ւածք մը կար­դաց իր ման­կա­պար­տէ­զի աշա­կերտնե­րուն հա­մար եւ տե­ղադ­րեց զայն Իու­թուպի վրայ, եւ ար­դէն շաբ­թո­ւան մը ըն­թացքին դի­տորդնե­րու թի­ւը ան­ցած էր հա­զարը։ Այս մէ­կը մէկ (եւ կար­ծեմ յստակ) բան մը կը նշա­նակէ։ Առա­ծը կ՚ըսէ՝ «Ուր կամք, հոն ճամ­բայ»։ Ու ծայր առին առ­ցանց ու­սուցո­ղական դա­սեր, սկսած նա­խակրթա­րանի թո­ւաբա­նու­թե­նէն, հաս­նե­լով ին­չի մա­սին որ ու­զես սոր­վիլ կամ սոր­վեցնել, քա­ջալե­րուած դի­տող փոք­րիկնե­րու խան­դա­վառու­թե­նէն, ինչպէս նաեւ հա­յերէ­նով դա­սաւան­դողնե­րու առ­ցանց ու­սուցու­մի մրցա­նակէն։

Այս ձե­ւով, մա­նուկնե­րը ստա­ցան իրենց ակնկա­լածէն աւե­լին, որով­հե­տեւ միայն դա­սով չսահ­մա­նափա­կուե­ցան իրենց արեւմտա­հայե­րէն առ­ցանց զբա­ղումնե­րը։ Հա­մազ­գա­յինի Գա­նատա­յի առ­ցանց ման­կա­կան գիր­քե­րու ըն­թերցու­մը, Բա­րեւ Արե­ւի հա­ճելի ձե­ւով պատ­րաստո­ւած վի­տէոնե­րը, «Փոք­րիկ»-ի կող­մէ սի­րուած հե­քեաթ­նե­րու շար­ժուն պատ­կերնե­րու վե­րածո­ւիլը, «Լա­լան ու Արան» էջի հե­տաքրքրա­կան նիւ­թերն ու ձե­ռային աշ­խա­տանքնե­րը, հռչա­կաւոր «Գան­ձե­րու Կղզիէ ֆիլ­մա­շարի արեւմտա­հայե­րէն տար­բե­րակը, ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րո­նի ստեղ­ծա­գոր­ծութեան արեւմտա­հայե­րէնով թո­ղար­կումը , նոյ­նիսկ Համ­շե­նահա­յերու իրենց բար­բա­ռով ման­կա­կան պատ­մո­ւածքնե­րու ըն­թերցու­մը։

ՀԲԸՄ-ի Հայ­կա­կան Հա­մացան­ցա­յին Հա­մալ­սա­րանը հիմ­նեց Learning Zone ձրի ծրա­գիրը, մե­կու­սացման մէջ եղող հա­յերու հա­մար, իսկ Սա­րին Ագ­պա­շը լե­զուա­կան օրէնքներ բա­ցատ­րեց Իու­թուպի վրայ, եւ ցան­կը եր­կար է դեռ… Nayiri.com-ը մօտ օրէն հե­ռախօ­սի սրբագ­րիչ ծրա­գիր մը պի­տի հրա­պարա­կէ, խումբ մը երի­տասարդներ միաս­նա­բար գի­տաերե­ւակա­յական վէպ մը կը գրեն։ Ինքնավստա­հօրէն կրնամ ըսել, որ դեռ շա՜տ մը բա­ներ կրնան ու­շադրու­թե­նէս վրի­պած ըլ­լալ։ Կ՚ար­ժէ հոս յի­շել բա­րեկամ­նե­րու ցուցմունքներ, օրի­նակ՝ Գուրգէն Փա­փազեանը ըսաւ «բո­լոր նշած­ներդ կա­թիլ­ներ են պէտք եղած ով­կիանո­սի մը մէջ», իսկ Գա­յեանէ Մա­ծու­նեանը ըսաւ «այս բո­լորը արեւմտա­հայե­րէնին վե­րացա­կան ըլ­լա՞լը պի­տի շեշ­տէ երբ մե­կու­սա­ցու­մէ ել­լենք եւ ասոնք մնան առ­ցանց երե­ւոյթներ...»։

Այս բո­լորը՝ եւ տա­կաւին 2020 թո­ւակա­նին կէ­սը հա­սած ենք, եւ (կա­խում ու­նի որու կը հարցնես) դեռ հա­մաճա­րակին առա­ջին ալի­քին մէջ ենք։ Թե­րեւս պար­զա­պէս մեր ոչ-հայ­կա­կան կեան­քէն դա­դար մը պէտք ու­նէինք, որ սկսէինք առ­ցանց եւս հա­յերէ­նով խօ­սիլ մեր սո­վորա­կան առօ­րեային մա­սին։

Թե­րեւս Եու­նէսքոն կը սխա­լի, թե­րեւս մեր արեւմտա­հայե­րէնը «մա­հուան» դա­տապար­տո­ւած չէ, այլ պար­զա­պէս մենք ծու­լա­ցած ենք լե­զուն ողջ պա­հելէ, եւ թե­րեւս այս բո­լորը միայն մեր յան­ցանքն է։

Թե­րեւս ցատ­կե­ցինք ամ­բողջ լե­զուի մը մշակ­ման կամ «քուլ»աց­ման հանգրուանին վրա­յէն, որով­հե­տեւ բնա­կանա­բար զբաղ էինք յետ-ցե­ղաս­պա­նու­թեան տե­ղափո­խումնե­րով, ող­բերգու­թեամբ ու գաղ­թա­կան կեան­քով։

Թե­րեւս մեր դպրո­ցական ծրա­գիր­նե­րուն մէջ յա­ճախ մե­ծաւ-մա­սամբ մա­տու­ցե­ցինք աւան­դա­կանը եւ ան­կէ դուրս մնա­ցին երե­խային ներ­կայ աշ­խարհի հե­տաքրքրու­թիւննե­րը։

Թե­րեւս պէտք եղա­ծէն աւե­լի սրբագ­րե­ցինք եւ քննա­դատե­ցինք հա­յերէ­նի ուղղագ­րութիւնն ու քե­րակա­նու­թիւնը, «մա­քուր հա­յերէ­նը» գե­րադա­սեցինք ամէն բա­նէ վեր, անզգա­լաբար հե­ռաց­նե­լով ժո­ղովուրդի ամ­բողջ խաւ մը, որ նա­խընտրեց լա­տինա­տառ ար­տա­յայ­տո­ւիլ քան մե­ղադ­րո­ւիլ ու ծաղ­րո­ւիլ, առանց նկա­տի առ­նե­լու, որ իրենց հո­գը պի­տի չ’ըլ­լար եթէ «արէւ»-ը է-ով կամ ե-ով կը գրո­ւի, որով­հե­տեւ ամէնքս գիրք հրա­տարա­կելու չենք ելած եւ կամ բո­լորս լե­զուա­բան չենք։

Թե­րեւս մեր լե­զուն բա­ւարար չար­դիակա­նացու­ցինք. մեր taboo (հա­յերէ­նը չու­նինք, կը նե­րէք) բա­ռամ­թերքը գրե­թէ գո­յու­թիւն չու­նի, «սեք­սի» բա­ռին հա­յերէ­նը ոչ իսկ սեք­սի է, թե­րեւս որով­հե­տեւ հա­յավա­յել չէ։

Թե­րեւս ժամն է, որ աւե­լի մեծ սե­րունդնե­րը առիթ տան որ շնչենք եւ ստեղ­ծա­գոր­ծենք լե­զուով մը որ մայ­րե­նի է եւ մերն է բայց ատով միայն սահ­մա­նափակ նիւ­թեր գի­տենք ար­ծարծել։ Օրի­նակ՝ ես միշտ «կոր» պի­տի գոր­ծա­ծեմ լե­զուիս մէջ եւ չեմ ու­զեր որ սրբագ­րես, որով­հե­տեւ «ոչ մա­քուր» լե­զուն ալ լե­զու է։

Թե­րեւս ճիշդ ճամ­բան բռնած ենք, թե­րեւս շատ ու­շա­դիր ենք որ սխալ բա­ռերը, բա­յերը, ուղղագ­րութիւնն ու քե­րակա­նու­թիւնը չգոր­ծա­ծենք. ծօ կը բա­ւէ՜. իմ սե­րունդս յա­ճախ կը զար­մացնէ դրա­կան ար­դիւնքնե­րով երբ մե­զի ժա­մանակ, առիթ եւ մի­ջոց­ներ տրո­ւին եւ երբ մա­նաւանդ մե­զի վստա­հիք։ Ու­րեմն տո­ւէք մե­զի առի­թը եւ թե­րեւս երի­տասարդ առ երի­տասարդ փաս­տենք, որ Եու­նեսքոն սխալ է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ