Օլիկարխներու դէմ պայքարի վերջին փուլը

Երբ հա­մավա­րակը կը շա­րու­նա­կէր Հա­յաս­տա­նէ ներս մտա­հոգիչ հա­մեմա­տու­թիւննե­րով, նոր զար­գա­ցում մը կար­ծես երկրի օրա­կար­գի վրայ երկրորդ գծի վրայ բե­րաւ այդ խիստ էական խնդի­րը։ Եր­կի­րը նախ ցնցո­ւեցաւ նա­խորդ շա­բաթ օր Հա­յաս­տա­նի կա­րեւո­րագոյն օլի­կարխնե­րէն Գա­գիկ Ծա­ռու­կեանի բեր­ման են­թարկո­ւելու եւ ապա եր­կար ժա­մեր Ազ­գա­յին Անվտան­գութեան Ծա­ռայու­թեան մէջ հար­ցաքննո­ւելու լու­րով։ Իսկ երեք­շաբթի օր Խորհրդա­րանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ անոր պատ­գա­մաւո­րական ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը վե­րաց­նե­լու մա­սին քո­ւէար­կութիւն։ 87 ձայ­նե­րու որո­շու­մով Խորհրդա­րանը վեր­ցուց Ծա­ռու­կեանի ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը։ Ծա­ռու­կեան կը մե­ղադ­րո­ւի իր գլխա­ւորած Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան Կու­սակցու­թեան ընտրու­թիւննե­րու մէջ կեղ­ծիք կա­տարե­լու մե­ղադ­րանքով։

Այս զար­գա­ցումնե­րու ըն­թացքին Գա­գիկ Ծա­ռու­կեանի կողմնա­կից­ներն ալ հա­ւաքո­ւած էին Խորհրդա­րանին առ­ջեւ եւ կը բո­ղոքէին մեծ բա­րերա­րի դէմ առ­նո­ւած որո­շու­մը։ Բո­ղոքի ալի­քի գլխա­ւոր գոր­ծիչն է պատ­գա­մաւոր Նա­յիրա Զոհ­րա­պեան։ Ան իր ելոյթնե­րով կը սպառ­նայ կա­ռավա­րու­թեան ու կ՚ըսէ «Եթէ պէտք է Եւ­րո­պան ոտ­քի կը հա­նեմ եւ չեմ ար­տօ­ներ որ Ծա­ռուկեանը դա­տէք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ