Զինեալ նոր գործողութիւն մը եւս

15 Յունիս եր­կուշաբ­թի առա­ւօտո­ւայ առա­ջին ժա­մերուն Թուրքիոյ զի­նեալ ու­ժե­րուն պատ­կա­նող կոր­ծա­նիչ ինքնա­թիռ­ներ հա­րուա­ծեցին Հիւ­սի­սային Ըրա­քի քրտա­կան ինքնա­վար մար­զի որոշ թի­րախ­նե­րը։ Այսպէս էզ­տի­ներով բնա­կեցո­ւած Շեն­կալ լե­ռը, Մահ­մուրի գաղ­թա­կանաց ճամ­բա­րը եւ Քան­տիլ լե­ռը 40 վայրկեան տե­ւողու­թեամբ ռմբա­կոծո­ւեցան կոր­ծա­նիչ­նե­րու կող­մէ։ Տե­ղական շրջա­նակ­նե­րէ ստա­ցուած լու­ռե­րուն հա­մաձայն մա­հացող­ներ չեն եղած, բայց ար­ձա­նագ­րո­ւած են վի­րաւո­րուած խա­ղաղ բնա­կիչ­ներ։

Պաշտպա­նու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը անդրսահ­մա­նեան յար­ձա­կու­մը բնու­թագրեց ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րի կա­ղապա­րով։

Ռմբա­կոծու­մէն եր­կու օր ետք այս ան­գամ ուղղա­թիռ­ներ զի­նուոր փո­խադ­րե­ցին նա­խապէս ռմբա­կոծո­ւած տա­րածքնե­րուն, որոնց մա­սին թերթս հրա­տարա­կուե­լու պատ­րաստո­ւած ժա­մերուն տա­կաւին յստակ տե­ղեկու­թիւններ չէին փո­խան­ցո­ւած։

Ըրա­քի կա­ռավա­րու­թիւնը Թուրքիոյ Պաղ­տա­տի դես­պա­նին փո­խան­ցեց այս նիւ­թի նկատ­մամբ իր ցա­սու­մը վերջնագ­րի մը մի­ջոցաւ։

Միւս կող­մէ Եւ­րո­պական կարգ մը քա­ղաք­նե­րու մէջ քիւրտ ցու­ցա­րար­ներ բո­ղոքի ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պե­ցին եւ քննա­դատե­ցին այս տե­սակ յար­ձա­կումնե­րու հան­դէպ ան­հա­ղորդ մնա­ցած մի­ջազ­գա­յին հա­սարա­կու­թիւնը։

Նշենք որ վեր­ջերս Թուրքիա Լի­պիոյ մէջ ստանձնած դե­րակա­տարու­թիւնով ալ լրջօ­րէն կը քննա­դատո­ւի գլխա­ւորու­թեամբ Ֆրան­սա­յի կարգ մը եր­կիրնե­րու կող­մէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ