Ի սկզբանէ խրթին

Հա­մայնքա­­­յին օրա­­­կար­­­գի մէջ այս շա­­­բաթ ալ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր ձանձրա­­­ցու­­­ցիչ տե­­­ղը գրա­­­ւել Սուրբ Եր­­­րորդու­­­թիւն եկե­­­ղեց­­­ւոյ հետզհե­­­տէ լիազօ­­­րու­­­թիւնը կորսնցու­­­ցած թա­­­ղակա­­­նու­­­թեան խնդի­­­րը։ Ինչպէս պի­­­տի յի­­­շուի թա­­­ղական խոր­­­հուրդիը եր­­­կու ան­­­դա­­­­­­­մով մնա­­­լէ ետք շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց վի­­­ճայա­­­րոյց որո­­­շումնե­­­րու։ Այդ ըն­­­թացքին մէջ Սուրբ Փրկիչ Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի հո­­­գաբար­­­ձութեան ատե­­­նապե­­­տը նա­­­մակով մը դի­­­մեց Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թեան, պա­­­հան­­­ջեց որ մին­­­չեւ օրի­­­նական ընտրու­­­թիւննե­­­րուն կա­­­յանա­­­լը իր հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւի այս եկե­­­ղեց­­­ւոյ վար­­­չութիւնն ալ։ Այս նա­­­մակը իր կար­­­գին դժգո­­­հու­­­թեան նոր ալիք մը զար­­­գա­­­­­­­ցուց, որ­­­մէ ետք Պատ­­­րիարք Սահակ Բ. այս ան­­­գամ ինք կապ հաս­­­տա­­­­­­­տեց Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թեան հետ եւ գտնո­­­ւեցաւ ժա­­­մանա­­­կաւոր լու­­­ծում մը։ Այդ լու­­­ծումի հա­­­մաձայն հա­­­մայնքա­­­յին հինգ հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ատե­­­նապե­­­տեր պի­­­տի միանա­­­յին Եր­­­րորդու­­­թեան եր­­­կու թա­­­ղական­­­նե­­­­­­­րուն եւ մին­­­չեւ ընտրու­­­թիւն պի­­­տի ստանձնէին ժա­­­մանա­­­կաւոր վար­­­չութիւն մը։ Ապա վե­­­րահա­­­սու եղանք թէ Սուրբ Եր­­­րորդու­­­թիւն եկե­­­ղեց­­­ւոյ թա­­­ղական Սի­­­մոն Չե­­­քեմ Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնի հետ հան­­­դի­­­­­­­պելով առար­­­կած է կարգ մը անուննե­­­րու դէմ։

Չե­­­քեմ խոս­­­տա­­­­­­­ցած է ինք եւս անուններ առա­­­ջար­­­կել։ Այս պա­­­հու դրու­­­թեամբ տա­­կաւին չէր յստա­­կացած լիակա­­տար անո­­ւանա­­ցանկ մը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ