15 Յունիսի երեք խորհրդանշանները

15 Յու­նիս եր­կուշաբ­թի իմաս­տա­լից էր երեք դէպ­քե­րու խորհրդան­շա­կան թո­ւական ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ։ 15 Յու­նիս 1915-ին Պէ­յազը­թի հրա­պարա­կին վրայ մա­հապատ­ժի են­թարկո­ւած էին Հնչա­կեան 20 գոր­ծիչներ։ Հա­յոց պատ­մութեան մէջ «20 կա­խաղան­ներ» անու­նով յի­շուած խմբա­կի առաջ­նորդն էր Հնչա­կեան գոր­ծիչ Փա­րամազ եւ անոր ըն­կերնե­րը։ 20 կա­խաղան­նե­րը դա­տուած էին երկրի սուլթա­նին դէմ մա­հափորձ կազ­մա­կեր­պե­լու մե­ղադ­րանքով։ Հար­ցաքննու­թեան հիմք կազ­մած էր հայ լրտե­սի մը կու­սակցու­թեան Քոս­տանսի հա­մագու­մա­րի մա­սին փո­խան­ցած տե­ղեկու­թիւննե­րը։

Փա­րամա­զի եւ ըն­կերնե­րուն յի­շատա­կը վեր­ջերս սկսած էր յար­գո­ւիլ Թուրքիոյ մէջ հա­մայ­նա­վար շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ։ Ծա­նօթ մտա­ւորա­կան Քա­տիր Աքըն 20 Կա­խաղան­նե­րը Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան լուրջ ու­սումնա­սիրու­թիւնով մը ծա­նօթա­ցու­ցած էր, իբեր երկրի նա­հատա­կուած առա­ջին հա­մայ­նա­վար­նե­րը։

Այդ հրա­տարա­կու­թե­նէ ետք է, որ Իս­թանպու­լի եւ Ան­գա­րայի մէջ 15 Յու­­նիս թո­­ւական­­նե­­­րուն յի­­շատակ­­ման մի­­ջոցա­­ռումներ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցան։

Թո­­ւակա­­նը նաեւ կը խորհրդան­­շէ ասո­­րինե­­րու ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը՝ Սէյ­­ֆոն։ Այս ալ նոր մար­­մին գտած գի­­տակ­­ցութիւն մըն է, քա­­նի որ ասո­­րի ժո­­ղովուրդը իր հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րուն խիստ ազ­­դա­­­րարու­­թեան հնա­­զան­­դե­­­լով հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ եր­­բեք չէր խօ­­սած այս նիւ­­թի շուրջ։ 1980-ական տա­­րեթի­­ւերուն տա­­կաւին պատ­­մա­­­կան Ասո­­րես­­տա­­­նի մէջ գո­­յու­­թիւն պա­­հած բազ­­մա­­­թիւ ասո­­րիներ ճնշումնե­­րու բեր­­մամբ պար­­տադրա­­բար գաղ­­թե­­­ցին դէ­­պի Եւ­­րո­­­պա։ Այս նոր երկրի մէջ ձեր­­բա­­­զատո­­ւելով իրենց հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րու լու­­ծէն եւ օգ­­տո­­­ւելով ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան մի­­ջավայ­­րէն անոնք եւս սկսան նշել իրենց նախ­­նի­­­ներուն մատ­­նո­­­ւած ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը։

Այս մա­­սին Թուրքիոյ մէջ ալ յար­­մար գե­­տին մը դար­­ձած է Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թիւնը, քա­­նի որ ան իր կազ­­մին մէջ ու­­նի ասո­­րի երես­­փո­­­խան­­ներ, յան­­ձին նա­­խորդ շրջան­­նե­­­րուն Էրոլ Տո­­րայի եւ այժմ ալ Թու­­մա Չե­­լիքի մի­­ջոցաւ։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ է, որ Թու­­մա Չե­­լիք խորհրդա­­րանի ամ­­պիոնէն անդրա­­դար­­ձաւ Սէյ­­ֆո­­­յի հե­­տեւանքնե­­րուն։ «Նախ­­քան 1915 Թուրքիոյ այժմու սահ­­մաննե­­րուն մէջ ասո­­րինե­­րու բնակ­­չութիւ­­նը 700 հա­­զար էր։ 1915-ին անոնցմէ 300 հա­­զարը սպան­­նո­­­ւեցան, 200 հա­­զարը ակա­­մայ կրօ­­նափոխ եղան եւ մնա­­ցեալ­­ներն ալ ար­­տա­­­գաղ­­թե­­­ցին ընդհան­­րա­­­պէս հա­­րեւան եր­­կիրներ։ Հան­­րա­­­պետու­­թեան առա­­ջին տա­­րինե­­րուն փա­­կուե­­ցան անոնց վեր­­ջին դպրոց­­նե­­­րը եւ Մար­­տի­­­նի Տէյ­­րուլ Զա­­ֆարան վան­­քին մէջ գոր­­ծող Ասո­­րի Ուղղա­­փառ Պատ­­րիար­­քա­­­րանն ալ աք­­սո­­­րուե­­ցաւ երկրէ։ վեր­­ջա­­­պէս 1980-ական 90-ական տա­­րեթի­­ւերուն զի­­նուո­­րական իշ­­խա­­­նու­­թեան օրօք գաղ­­թողնե­­րէ ետք այ­­սօ­­­րը ըն­­դա­­­մէնը 23 հա­­զար ասո­­րիներ մնա­­ցած են երկրի մէջ»։

Թու­­մա Չե­­լիք այս պատ­­մա­­­կան ակ­­նարկը կա­­տարե­­լէ ետք նշեց նաեւ թէ ասո­­րինե­­րը զրկո­­ւած են նաեւ Լո­­զանի դաշ­­նագրին հա­­յոց, յու­­նաց եւ հրէից շնոր­­հած ազա­­տու­­թիւննե­­րէն։

15 Յու­­նի­­­սը նաեւ 50-ամեակն է Իս­­թանպու­­լի մէջ ծա­­գած եւ ապա Ան­­գա­­­րայի մէջ ալ ար­­ձա­­­գանգ գտած բա­­նուո­­րական մեծ ցոյ­­ցե­­­րու։ 1970 թո­­ւին իշ­­խա­­­նու­­թիւնը կը փոր­­ձէր նոր կա­­նոնա­­գիրով մը սահ­­մա­­­նափա­­կել բա­­նուոր դա­­սակար­­գի կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելու իրա­­ւունքը։ Դժո­­ւարու­­թիւններ կը հա­­րու­­ցո­­­ւէր անոնց իրենց ցան­­կա­­­ցած արհմիու­­թեան ան­­դա­­­մակ­­ցե­­­լուն դի­­մաց։ Արհմիու­­թիւննե­­րու կո­­չով փո­­ղոց ել­­լող բա­­նուոր­­նե­­­րու զան­­գո­­­ւածա­­յին բո­­ղոքը, որուն հե­­տեւան­­քով իս­­կոյն ար­­տա­­­կարգ իրա­­վիճակ հռչա­­կուե­­ցաւ եւ քա­­ղաքի կարգ ու կա­­նոնը յանձնո­­ւեցաւ բա­­նակին։

Անցնող 50 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին արհմիու­­թիւններ կը յի­­շեն այդ փա­­ռաւոր դի­­մադ­­րութիւ­­նը ի դէմ իրենց իրա­­ւունքնե­­րը կրճա­­տող պե­­տական մտայ­­նութեան։ Այս տա­­րի 50-ամեակը կրկին ան­­գամ նշո­­ւեցաւ ան­­շուշտ հա­­մավա­­րակի թե­­լադ­­րած նո­­ւազ մաս­­նակցու­­թեան եւ հե­­ռաւո­­րու­­թիւն պա­­հելու կա­­նոն­­նե­­­րուն մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ