Քոչարեան փրկագինով ազատուած

Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան երկրորդ նա­խագահ Ռո­պերթ Քո­չարեան 4 մի­լիոն 150 հա­զար ԱՄՆ տո­լարի փրկա­գինով ազատ ար­ձա­կուե­ցաւ։ Հա­յաս­տա­նի Պատ­ժա­կան Վճռա­բեկ Ատեանը Քո­չարեանի դա­տավա­րու­թիւնը պի­տի շա­րու­նա­կէ յա­ջորդ նիս­տե­րուն։ Աւե­լի քան տա­րի մըն է ազա­տազրկեան են­թարկո­ւած Քո­չարեանի հետ կը դա­տուին նախ­կին սպա­յակոյ­տի նա­խագա­հը եւ եր­կու զօ­րավար­ներ։ 7 Յու­լի­սին կա­յանա­լիք դա­տական նիս­տէն առաջ Փա­շինեանի կա­ռավա­րու­թիւնը դա­տական դրու­թեան փո­փոխու­թիւննե­րու հա­մար պի­տի դի­մէ խորհրդա­րան։ Քո­չարեան կը մե­ղադ­րո­ւի 1 Մարտ 2008-ին քա­ղաքա­մայր Երե­ւանի մէջ ընտրու­թեան խար­դա­խուե­լուն դէմ բո­ղոք կա­տարող ցու­ցա­րար­նե­րուն զի­նեալ մի­ջամ­տութեան պատ­ճա­ռաւ։ Ամ­բաստա­նագ­րի մէջ կ՚ըսո­ւի թէ ոս­տի­կան­նե­րուն զէնք գոր­ծա­ծելուն հրա­ման տա­լով նա­խագա­հը ոտ­նա­կոխած է սահ­մա­նադ­րա­կան հա­մակար­գը։ Ոս­տի­կան­նե­րու ան­հա­մեմատ բռնու­թեան ըն­թացքին ու­թը քա­ղաքա­ցի եւ եր­կու ոս­տի­կան մա­հացած 250 քա­ղաքա­ցի ալ վի­րաւո­րուած էին։ Տնօ­րինո­ւած փրկա­գինը Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան մէջ ցարդ վճա­րուած ամե­նաբարձրն է։ Քո­չարեան առար­կած էր պա­հան­ջո­ւած փրկա­գինին դի­մաց, սա­կայն փրկա­գինը վճա­րեցին չորս ռուս եւ ռու­սա­հայ գոր­ծա­տէրեր։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ