Ճանան Քաֆթանճըօղլու ազատազրկման դատապարտուած

Հանրա­պե­տա­­կան կու­­սակցու­­թեան Իս­­թանպու­­լի նա­­խագահ Ճա­­նան Քաֆ­­թանճըօղ­­լու դա­­տապար­­տո­­­ւեցաւ ինը տա­­րի ու­­թը ամիս եւ քսան օր ազա­­տազրկման։ Նա­­խապէս իր դէմ վճռո­­ւած որո­­շու­­մը վա­­ւերա­­ցուե­­ցաւ վե­­րաքննիչ դա­­տարա­­նի կող­­մէ եւս։

Քաֆ­­թանճըօղ­­լու կը մե­­ղադ­­րո­­­ւի հինգ տար­­բեր յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րով, որոնց հիմք կը կազ­­մէ իր եօթը տա­­րի առա­­ջուայ «Թո­­ւիթըր»եան գրա­­ռումնե­­րը։ Վե­­րաքննիչ դա­­տարա­­նի պա­­տիժը վա­­ւերաց­­նե­­­լու որո­­շու­­մը կը զու­­գա­­­դիպի խիստ խորհրդան­­շա­­­կան թո­­ւակա­­նի մը։ 23 Յու­­նիս 2019-ին էր, որ Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լու պաշ­­տօ­­­նապէս ստանձնեց Իս­­թանպու­­լի քա­­ղաքա­­պետու­­թիւնը։ Այդ յաղ­­թա­­­նակի մէջ շատ կա­­րեւոր դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­ցած էր Ճա­­նան Քաֆ­­թանճըօղ­­լու։ ԱՔՓ-ի շրջա­­նակ­­նե­­­րը եօթը տա­­րի առա­­ջուան գրա­­ռումնե­­րը օրա­­կար­­գի բե­­րելով տե­­սակ մը վրէժ կը լու­­ծեն շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թեան ըն­­թացքին իրենց մատ­­նո­­­ւած ծանր պար­­տութեան հա­­մար։

Նշենք որ Ճա­­նան Քաֆ­­թանճըօղ­­լուի ուղղեալ մե­­ղադ­­րանքնե­­րու մէջ կը յի­­շուի նաեւ անոր Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին ու­­նե­­­ցած հա­­յան­­պաստ ելոյթնե­­րը, որոնք ծան­­րօ­­­րէն կը քննա­­դատո­­ւէին իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու կող­­մէ։

Քաֆ­­թանճըօղ­­լու որո­­շու­­մը լսե­­լէ ետք ինք եւս հաս­­տա­­­տեց վե­­րոյի­­շեալ վրի­­ժառութեան վար­­կա­­­ծը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ