Ջուրերը ցամքեցան եւ եկեղեցին յայտնուեցաւ

ՍԵՏԱԹ ՈՒԼՈՒԿԱՆԱ

Պատմա­­կան Ար­­ճէշ քա­­ղաքը Վա­­նայ Լի­­ճի ջու­­րե­­­րուն բարձրա­­նալուն պատ­­ճա­­­ռաւ լքո­­ւեցաւ իր բնա­­կիչ­­նե­­­րուն կող­­մէ եւ մնաց ջու­­րին տակ։ 1841-ին պա­­տահած այս դէպ­­քէն տա­­րիներ ետք տե­­ղումնե­­րու նո­­ւազու­­մին պատ­­ճա­­­ռաւ լի­­ճը կրկին ցամ­­քե­­­ցաւ եւ սու­­զո­­­ւած քա­­ղաքն ալ երե­­ւան ելաւ։ Այժմ կը տես­­նո­­­ւի միջ­­նա­­­բեր­­դեան շէն­­քե­­­րը, որոնց կար­­գին նաեւ հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեցին։ 1655 թո­­ւին Ար­­ճէշ այ­­ցե­­­լած Էվ­­լի­­­յա Չե­­լեպի իր յու­­շագրու­­թիւննե­­րուն մէջ Ար­­ճէ­­­շի բեր­­դը կը նկա­­րագ­­րէ «Վա­­նայ Լճի ափունքին տա­­փարակ ժայ­­ռոտ բլու­­րի մը վրայ քա­­ռան­­կիւն ամուր բերդ մըն է։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր քա­­րը փի­­ղի մը հսկա­­յու­­թիւնը ու­­նի։ Այնքան ըն­­դարձակ է որ կա­­րելի է ձի վազցնել։ Ամ­­րո­­­ցը ու­­նի եր­­կու դար­­պաս, որոնցմէ աւե­­լի մեծ է Ատիլ­­ճե­­­վազի մուտքը։ Բեր­­դին մէջ հո­­ղածածկ 1000 տուն եւ 200 խա­­նութ կայ։ Քա­­ղաքի բնա­­կիչ­­նե­­­րուն մէկ մա­­սը քրիս­­տո­­­նեաներն են» տո­­ղերով։

Ատիլ­­ճե­­­վազի եւ Ար­­ճէ­­­շի շրջա­­կայ­­քին գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է հայ­­կա­­­կան Թար­­խան գեր­­դաստա­­նը։ Զրոյցնե­­րու հա­­մաձայն այդ գեր­­դաստա­­նը Հա­­լիֆէ Ալիի օրէն ի վեր իս­­լա­­­մական պե­­տու­­թիւննե­­րու կող­­մէ սրբա­­զան կը հա­­մարո­­ւի։ Նոյն աւան­­դազրոյցնե­­րու հա­­մաձայն Ար­­ճէ­­­շի այս եկե­­ղեցին կա­­ռու­­ցողներն ալ նոյն գեր­­դաստա­­նէն վա­­նական­­ներ են։Ափ­­սոս որ ջրե­­րու ցամ­­քե­­­լով յայտնուած այս կո­­թողն ալ գան­­ձա­­­խոյզնե­­րու թի­­րախը դար­­ձած է։ Եթէ չձեռ­­նարկուին կան­­խա­­­միջոց­­ներ պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին կո­­թող մը եւս կո­­րուստի պի­տի մատ­նո­ւի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ