Տիեզերական Պատրիարքը Սուրբ Սոֆիայի մասին

Յունաց Տիեզե­րա­կան Պատ­­րիարք Բար­­թո­­­ղոմէոս Սրբա­­զան առա­­ջին ան­­գամ մի­­ջամուխ եղաւ Սուրբ Սո­­ֆիա տա­­ճարի մզկի­­թի վե­­րածո­­ւելու մա­­սին պա­­հանջնե­­րու նիւթին։ Ֆե­­րիգիւ­­ղի Սրբոց Առա­­քելոց Յու­­նաց Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ ելոյթ ու­­նե­­­ցող Տիեզե­­րական Պատ­­րիար­­քը յայտնեց որ նման քայլ մը ցա­­սում պի­­տի պատ­­ճա­­­ռէ մի­­լիոնա­­ւոր քրիս­­տոնեանե­­րու մօտ։

Բար­­թո­­­ղոմէոս սրբա­­զանի քա­­րոզը անգլե­­րէն տար­­բե­­­րակով տե­­ղադ­­րո­­­ւած է նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի դի­­մատետ­­րի էջին վրայ։ Պատ­­րիարք սրբա­­զանը յայտնեց թէ 2016 թո­­ւին Թուրքիոյ Կրօ­­նից Տե­­սուչ Մեհ­­մետ Կէօր­­մե­­­զին նա­­մակ մը գրած ու յայտնած է Սուրբ Սո­­ֆիա տա­­ճարի իրա­­վիճա­­կը փո­­խելու մա­­սին իր մտա­­հոգու­­թիւննե­­րը։ Այդ նա­­մակին մէջ նշած է թէ այս սրբա­­զան տա­­ճարը, թէ իս­­լամնե­­րու եւ թէ քրիս­­տո­­­նեանե­­րու հա­­մար ար­­ժէք մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ, քա­­նի որ հոն 900 տա­­րի երկրպա­­գած են քրիս­­տո­­­նեաներ եւ 500 տա­­րի ալ իս­­լա­­­մադա­­ւան­­ներ։ Տա­­ճարը իր այս յատ­­կութիւ­­նը լա­­ւագոյն կեր­­պով կը ցո­­լաց­­նէ թան­­գա­­­րանի մը կեր­­պա­­­րին մէջ։ Այդ տա­­րակար­­ծութիւննե­­րու ըն­­թացքին լրագ­­րո­­­ղի մը երի­­տասարդնե­­րուն հետզհե­­տէ մշա­­կոյ­­թի եւ արո­­ւես­­տի թե­­քու­­մը յի­­շեց­­նե­­­լուն դէմ Բար­­թո­­­ղոմէոս սրբա­­զան հարց կու տայ. «Երի­­տասար­­դութեան այս շրջու­­մը բո­­լորիս հա­­մար մտա­­հոգիչ չէ՞ ար­­դեօք»։ «Սուրբ Սո­­ֆիայի մզկի­­թի վե­­րածո­­ւիլը հա­­մայն աշ­­խարհի վրայ մի­­լիոնա­­ւոր քրիս­­տո­­­նեանե­­րու ցա­­սում պի­­տի պատ­­ճա­­­ռէ։ Այս տա­­ճարը արե­­ւել­­քի եւ արեւ­­մուտքի իրար հան­­դիպման կա­­րեւոր մէկ խորհրդան­­շանն է եւ այդ իմաս­­տը նման որո­­շու­­մով ծան­­րօ­­­րէն պի­­տի վի­­րաւո­­րուի։ Հա­­մաշ­­խարհա­­յին մարդկու­­թիւնը, որ այս օրե­­րուս ար­­դէն կը ցնցո­­ւի մա­­հաբեր հա­­մավա­­րակի մը պայ­­մաննե­­րուն տակ ալ աւե­­լի կա­­րիք ու­­նի միու­­թեան եւ հա­­սարա­­կական նպա­­տակ­­նե­­­րու հե­­տապնդման։ Մզկի­­թի վե­­րածե­­լու որո­­շու­­մը այս առու­­մով ալ ժխտա­­կան հե­­տեւանքներ պիտի ունենայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ