Ապագայի Ապագան / The Future of Future / Geleceğin Geleceği

ԱԱ / FF / GG-ն հե­տազօ­տական-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նա­խագիծ է, որ կ՚իրա­կանա­ցուի «Անա­տոլու Քուլթուր»ի կող­մէ՝ ձե­ռամբ հա­մադ­րողներ Ռու­բէն Արեւ­շա­տեանի, Քեւ­սեր Կիւ­լե­րի, Ար­մէն Եսա­յեան­ցի եւ Մա­րինա Փա­փազեանի հա­մագոր­ծակցու­թեամբ։

Նա­խագ­ծի նպա­տակն է ի մի բե­րել ար­տիստա­կան տար­բեր հա­յեացքներ, որոնք կը բա­ցայայ­տեն Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ առ­կայ իրա­վիճակ­նե­րու, դիր­քո­րոշումնե­րու եւ ինքնու­թիւննե­րու բազ­մա­զանու­թիւնը ու փո­փոխա­կանու­թիւնը։ Մենք կը փնտռենք եր­կու եր­կիրնե­րու արուես­տա­յին եւ հա­սարա­կական ոլորտնե­րու ու­սումնա­սիր­ման ներգրա­ւուե­լու ցան­կութիւ­նով հա­մակո­ւած մաս­նա­կից­նե­րու, որոնք անդրա­դառ­նա­լով եր­կու եր­կիրնե­րու մեծ լա­րուա­ծու­թեան գեր­յա­գեցած պատ­մութեան, զու­գա­հեռա­բար կը ձգտին ընդհա­նուր ապա­գային։

Եր­կու երկրնե­րու արո­ւես­տա­գէտ­նե­րը այ­սօր կ՚առե­րեսո­ւեն հար­ցունա­յին փո­փոխու­թիւննե­րու հետ, երբ աշ­խարհ կ՚անցնի ան­նա­խադէպ ձե­ւափո­խումնե­րու մի­ջով, եւ կ՚ապ­րին «պատ­մութեան» ակա­նատես­նե­րը ըլ­լա­լու կամ ալ «հա­մաշ­խարհա­յին պատ­մա­կան իրա­դար­ձութեան մա­սը դառ­նա­լու» սոս­կա­լի զգա­ցողու­թեամբ, որը կար­ծես սո­վորա­կան դա­դար մըն է մեր առօ­րեայի մէջ։ Մինչդեռ մե­զէ շա­տերը քաջ ծա­նօթ են ինչ է դա­դար, որու, երե­ւի թէ, լա­ւագոյն վկա­յու­թիւնը հէնց փակ սահ­մաններն են, որ եր­կուստեք հա­տեն պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գեբա­նական տա­րածքնե­րը։ Այ­դուհան­դերձ դեռ կայ հնա­րաւո­րու­թիւն երե­ւակա­յելու ապա­գաներ, ընդգրկե­լով մեր ընդհա­նուր ան­ցեալը ու գա­լիքը տես­նե­լու հնա­րաւոր այլ ու­ղի­ներ։

Ար­դեօք կրնա՞նք մենք սահ­մա­նել ընդհա­նուր քննա­դատա­կան դիս­կուրս մը, որ մե­զի հնա­րաւո­րու­թիւն կու տայ կե­ներաց­նե­լու՝ այ­սօր գե­րակա­յող, փո­խադարձ բա­ցառ­ման տես­լա­կան­նե­րէն ան­դին «գա­լիք­ներ»։ Որո՞նք են արո­ւես­տա­յին փոր­ձութիւննե­րու այն ձե­ւերն ու մար­տա­վարու­թիւննե­րը, որ կը սահ­մա­նեն այդ «գա­լիք­նե­րը». վե­րականգնող, սադ­րիչ, առանցքա­զուրկ կամ մէկ այլ։ Ինչպի­սի՞ ապա­գաներ կա­րելի է կազ­մա­կեր­պել հիմք ըն­դունե­լով ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­ւաքա­կան/հա­մայնքա­յին գոր­ծադրու­թիւննե­րը, գի­տելի­քի եւ փոր­ձի փո­խանակ­ման փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը։ Ինչպէ՞ս մենք այ­սօր կրնանք խօ­սիլ ապա­գայի (ապա­գանե­րու) մա­սին՝ բաց ըլ­լա­լու, բազ­մա­կար­ծութեան կամ բազ­մա­զանու­թեան տե­սան­կիւնէն։ Ինչպէ՞ս կա­րելի է թար­մացնել «ապա­գայի» վե­րաբե­րեալ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­յեցա­կար­գե­րը, որոնք պատ­մութեան բազ­մա­թիւ հան­գոյցնե­րուն օգ­տա­գոր­ծո­ւած են տար­բեր նպա­տակ­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար՝ քայ­քա­յելով իրենց նե­րու­ժը։

Ապա­գայի՞ ապա­գայ, ան­հա՞ս ապա­գայ, ա՞յլ ապա­գայ, ազա­տագ­րո՞ղ ապա­գայ։ Նա­խագ­ծի վեր­նա­գիրը ծնած է հա­յերէն, անգլե­րէն եւ թուրքե­րէն լե­զու­նե­րով՝ ապա­գան բնու­թագրող բազ­մա­պիսի շեր­տե­րու վե­րաբե­րեալ մեր քննար­կումնե­րու ար­դիւնքէն։ ԱԱ / FF / GG-ն կը հրա­ւիրէ այս շեր­տե­րը միասին լրաց­նե­լու եւ բա­ցայայ­տե­լու։

ԱԱ / FF / GG նա­խագի­ծը մի­տուած է արո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն առա­ջար­կած հար­թակ, որ­տեղ ձե­ւաւո­րուող ապա­գայի պատ­կե­րացումնե­րու մա­սին մօ­տեցումնե­րը կը վե­րաբե­րեն, սա­կայն չեն սահ­մա­նափա­կուիր այնպի­սի դիս­կուրսնե­րով, ինչպի­սիք են օրի­նակ՝ միաս­նա­կանու­թիւնը, բա­ժանու­մը եւ սեգ­րե­գացու­մը, հա­սարա­կական յա­րաբե­րու­թիւններն ու հա­մերաշ­խութեան հին եւ նոր ձե­ւերը, տա­րաբ­նոյթ հա­մայնքներ ստեղ­ծե­լու փոր­ձութիւննե­րու, ինչպէս նաեւ ան­ցեալի, ներ­կա­յի ու ապա­գայի թեխ­նո­լոկիանե­րը։ Այս նա­խագ­ծի շրջա­նակ­նե­րուն մենք կը ձգտենք այնպի­սի հար­թակ ստեղ­ծել, որը կար­տա­ցոլէ ու կը մարմնա­ւորէ միասին ըլ­լա­լու ու­ղի­ներ։ Խնդիր, որը կար­ծես եր­բեք այդքան ընդգրկուն եւ ան­հերքե­լիօրէն հրա­տապ չէ եղած՝ որ­քան այ­սօր։

ԱԱ / FF / GG նա­խագի­ծը, որ ձե­ւաւո­րուած է երկխօ­սու­թիւննե­րու, հե­տազօ­տական եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծընթաց­նե­րու մի­ջոցով, կը նա­խատե­սէ տար­բեր ձե­ւաչա­փերով հան­դի­պումներ, վորքշո­փեր, հան­րա­յին ծրագ­րեր եւ ցու­ցադրու­թիւններ Երե­ւան, Իս­թանպուլ եւ որե­ւէ եւ­րո­պական երկրի մէջ ինչպէս նաեւ առ­ցանց հար­թա­կի նիւ­թե­րու ներ­կա­յացում եւ հրա­տարա­կու­թիւն նա­խագ­ծի աւար­տին։

Դի­մելու կար­գը

ԱԱ / FF / GG նա­խագ­ծին կրնան դի­մել արո­ւես­տա­գէտ­ներ Հա­յաս­տա­նէն ու Թուրքիայէն, որոնք այժմ կը բնա­կուին եր­կու երկրնե­րէն որե­ւէ մէ­կուն, կամ ալ Եւ­րո­պայի մէջ։

Մաս­նա­կից­նե­րու ընտրու­թիւնը կա­խուած է իրենց նա­խագ­ծի առա­ջար­կէն եւ նախ­կին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծունէու­թե­նէն. կ՚ակնկա­լուի նաեւ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ներգրա­ւու­մը կը նա­խագ­ծո­ւի ոչ միայն աշ­խա­տան­քի (աշ­խա­տանքնե­րու) ցու­ցադրու­թիւնով, այ­լեւ հան­դի­պումնե­րուն եւ մի­ջոցա­ռումնե­րուն մաս­նակցու­թեամբ։ Յայտ ներ­կա­յաց­նե­լու հրա­ւէրը բաց է բո­լորի հա­մար։ Առա­ւել ող­ջունե­լի է մայ­րա­քաղաք­նե­րէն դուրս բնա­կուող, ինչպէս նաեւ իրենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ղիի սկիզ­բը գտնո­ւող արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու մաս­նակցու­թիւնը։

Նա­խագ­ծին դի­մելու հա­մար պէտք է լրաց­նել առ­ցանց յայ­տա­դիմու­մը, որի մէջ նե­րառո­ւած է.

* Դի­մողի մա­սին տե­ղեկու­թիւն։

* Նա­խագ­ծի առա­ջարկ (PDF կամ Microsoft Word ձե­ւաչա­փով, որը, հնա­րաւո­րու­թեան դէպ­քին, կրնայ նե­րառել էս­քիզներ կամ որոշ նկար­ներ)։

* Փորտֆո­լիօ (PDF ֆոր­մա­տով, 25M առա­ւելա­գոյն ծա­ւալով)։ Փորտֆո­լիոն պէտք է նե­րառի նախ­կի­նին ստեղ­ծո­ւած ամե­նաքի­չը 3 աշ­խա­տանք. այդ կրնայ ըլ­լալ նկար­նե­րու, տեքստե­րու, մուլտի­մետիա (վիտ­յօ, ձայն եւ այլն) ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու յղումնե­րու տես­քով, կամ քա­նի մը ձե­ւաչա­փերու հա­մադ­րութիւ­նով։

Իւ­րա­քան­չիւր ֆայ­լի անո­ւանում պէտք է նե­րառէ դի­մողի ազ­գա­նունն ու անու­նը։

Դի­մումնե­րու վերջնա­ժամ­կէտ՝ 2020 թո­ւակա­նի Յու­լի­սի 31-ը։

Գոր­ծընթա­ցի 
ման­րա­մաս­ներ

Դի­մումնե­րը կ՚ըն­դունո­ւի հա­յերէն, թրքե­րէն եւ անգլե­րէն լե­զու­նե­րով։ Մաս­նա­կից­նե­րու ընտրու­թիւնը կա­տարե­լու է նա­խագ­ծի հա­մադ­րողնե­րէն եւ հա­մակար­գող խմբա­կէ կազ­մո­ւած յանձնա­ժողո­վը։ Ընդհա­նուր առ­մամբ ընտրո­ւելու է 14 մաս­նա­կից՝ եր­կու երկրնե­րու մի­ջեւ հա­ւասա­րակշռու­թիւնը պահ­պա­նելու սկզբունքով։ Մաս­նա­կից­նե­րու ցան­կը կը հրա­պարա­կուի «Անա­տոլու Քուլթուր»ի կայ­քէ­ջին մէջ, Սեպ­տեմբե­րի սկզբին, եւ ընտրո­ւած արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու հետ կապ կը հաս­տա­տուի։

Ընտրո­ւած մաս­նա­կից­նե­րու հետ՝ 2020 թո­ւակա­նի Սեպ­տեմբե­րին ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք, վորքշո­փեր եւ հան­դի­պումներ կը կազ­մա­կեր­պո­ւին 2020-ի աշ­նանն ու ձմրա­նը։ Այդ մի­ջոցա­ռումնե­րու ըն­թացքին հա­մապա­տաս­խան լե­զուով թարգմա­նու­թիւն կա­պահո­վուի։ Հան­դի­պումնե­րուն ու վորքշո­փերուն մաս­նակցու­թեան ծախ­սե­րը կը հո­գայ նա­խագի­ծը։ Ակնկա­լուի մաս­նա­կից­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն մէկ տե­ղական հան­դիպման եւ եր­կու մի­ջազ­գա­յին վորքշո­փի՝ Հա­յաս­տան եւ Թուրքիոյ մէջ։ Ծրա­գիրը ու ցու­ցադրու­թիւննե­րը կը ձե­ւաւո­րուին մաս­նա­կից­նե­րու ներգրաւ­ման եւ մի­մեանց հետ փոխ­գործակ­ցութեան ար­դիւնքով, որու հա­մար հիմք կը ծա­ռայեն հան­դի­պումնե­րը ու վորքշո­փերը։ Այս ողջ գոր­ծընթա­ցի եւ հե­տազօ­տական-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան փու­լե­րու ժա­մանակ մաս­նա­կից­նե­րուն կ՚աջակ­ցին հա­մադ­րողներն ու նա­խագ­ծի հա­մակար­գող խումբը։ Նա­խագի­ծը նաեւ ֆի­նան­սա­կան աջակ­ցութիւն կը ցու­ցա­բերէ նոր աշ­խա­տանքնե­րի ստեղծման ծախ­սե­րը հո­գալու հա­մար։ Ծրագ­րի առա­ւել ման­րա­մասն ժա­մանա­կացոյ­ցը կը հրա­պարա­կուի Սեպ­տեմբե­րին՝ հա­շուի առ­նե­լով մի­ջազ­գա­յին ճա­նապար­հորդու­թիւննե­րու սահ­մա­նափա­կումնե­րը ու հան­րա­յին առող­ջութեան հար­ցը։

Հար­ցե­րու դէպ­քին կրնաք կա­պուիլ Քու­պի­լայ Էօզ­մե­նի (նա­խագ­ծի հա­մակար­գող) հետ հե­տեւեալ էլ. հաս­ցէով՝ kubilayozmen@anadolukultur.org

Նա­խագի­ծը կ՚իրա­կանա­ցուի «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նադրա­մի աջակ­ցութիւնով։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ