Ալի Իսմայիլ Քորքմազ կը յիշատակուի մահուան եօթնամեակին

Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմազ «Կե­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րուն ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին ծա­ւալած օրե­րուն Էս­քի­շեհի­րի մէջ ոս­տի­կան­նե­րու եւ կարգ մը քա­ղաքա­ցինե­րու դա­ժան ծե­ծի հե­տեւան­քով մա­հացած էր։

Ըն­տա­նիքը այս ծանր կո­րուստէն ետք հիմ­նեց Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմազ Հիմ­նադրա­մը, որ իր առ­ջեւ գլխա­ւոր նպա­տակ դրած է 19-ամեայ պա­տանիի յի­շատա­կը յա­ւեր­ժացնել ամէն տա­րի բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­նե­րու կրթա­թոշակ* շնոր­հե­լով։

Հիմ­նադրա­մը այս տա­րի հա­մավա­րակի պար­տադրանքնե­րուն ներ­քեւ յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րը պի­տի կա­տարէ առ­ցանց դրու­թեամբ։ Այսպէս 6 Յու­լիս եր­կուշաբ­թի ժա­մը 20.30-ին «Երի­տասար­դութիւ­նը եւ իրա­ւունքնե­րը», 8 Յու­լիս Չո­րեք­շաբթի օր «Թուրքիոյ մէջ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու գոր­ծունէու­թիւննե­րը եւ կա­րեւո­րու­թիւնը» խո­րագ­րեալ ասու­լիսնե­րը պի­տի կա­յանան։ 10 Յու­լիս ուրբաթ ալ դար­ձեալ նոյն ժա­մուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմա­զի յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռու­մը։

Այս կար­գադրու­թիւննե­րուն կա­րելի է հե­տեւիլ հիմ­նադրա­մի «Եու­թուպ»եան հասցէէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ