Բարսեղեան Սթրազպուրկի քաղաքապետ

Ֆրանսայի Շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւնները աւարտեցան ձախակողմեան կուսակցութիւններու եւ մանաւանդ բնապահպաններու Կանանչներու կուսակցութեան յաղթանակով։ Այս մասին նախապէս անդրադարձած էինք Ալֆովիլի փոխ քաղաքապետ ընտրուած Սարօ Մարտիրեանի յաջողութեան։ Այժմ աւելի աչքառու յաջողութիւն մը արձանագրած է Ժան Բարսեղեան նուաճելով Սթրազպուրկի քաղաքապետի պաշտօնը։

Իրաւաբան Բարսեղեան ծնած է Փարիզ եւ 2002 թուականէն ի վեր կը գործէ Սթրազպուրկի մէջ իբրեւ բնապահպանական խնդիրներու մասնագէտ փաստաբան։ Ան նաեւ ծոռնուհին է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Խորհրդարանի պատգամաւոր Պերճուհի Բարսեղեան Պարտիզպանեանի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ