Միջընտանեկան նշանակումներ թաղականութիւններէ ներս

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօ­­րէնու­­թիւնը վա­­ւերա­­ցուց Պիւ­­յիւքտե­­րէի Սուրբ Հռիփ­­սի­­­մեանց եւ Օր­­թա­­­գիւ­­ղի Սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին եկե­­ղեցի­­ներու թա­­ղական խոր­­հուրդի նոր նշա­­նակումնե­­րը։

Հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րուն ընտրու­­թեան իրա­­ւունքի կա­­ռավա­­րու­­թեան որո­­շու­­մով առ­­կախման պայ­­մաննե­­րուն մէջ Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թիւնը շրջա­­բերա­­կան մը հրա­­պարա­­կելով խոս­­տա­­­ցաւ թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րու կող­­մէ առա­­ջար­­կո­­­ւած անուննե­­րը նշա­­նակե­­լով լրաց­­նել ան­­դամնե­­րը նո­ւազած թա­­ղակա­­նու­­թեան կազ­­մե­­­րը։

Այսպէս Մե­­լիսա Աս­­լին Սիւ­­մէ պաշ­­տօ­­­նապէս նշա­­նակո­­ւեցաւ փոխ ատե­­նապետ Սուրբ Հռիփ­­սի­­­մէ եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նութեան։ Նշենք որ սոյն թա­­ղակա­­նու­­թեան ատե­­նապետն է հայրը՝ եւ Մու­­րատ Սիւ­­մէ եւ Մե­­լիսա Աս­­լին Սի­ւ­մէ միաժա­­մանակ կը շա­­րու­­նա­­­կէ մնալ Ռու­­մե­­­լիհի­­սարի Սուրբ Սան­­դուխդ եկե­­ղեց­­ւոյ ընտրեալ թա­­ղակա­­նը։

Նման գա­­հաժա­­ռան­­գի նշա­­նակում մըն ալ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Օր­­թա­­­գիւ­­ղի Սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նու­­թե­­­նէ ներս։ Այս ան­­գամ ալ ատե­­նապետ Իս­­քենտեր Շա­­հին­­կէօզի որ­­դին Աք­­սել Շա­­հին­­կէօզ է որ կու գայ լրաց­­նել թա­­ղակա­­նու­­թեան նո­­ւազե­­լով հինգ հո­­գիի իջած կազ­­մը։

Այս մա­­սին թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Իս­­քենտեր Շա­­հին­­կէօզ «Ակօս»ին յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը ընե­­լով ըսաւ թէ նման պաշ­­տօննե­­րը ժա­­ռան­­գա­­­կան եղա­­նակով փո­­խարի­­նուե­­լիք կազ­­մեր չեն։ «Աք­­սել Շա­­հին­­կէօզ իր ու­­սումը ամ­­բողջա­­ցու­­ցած Լոն­­տո­­­նի մէջ մաս­­նա­­­գիտա­­կան ու­­սում ստա­­ցած անուն մըն է։ Յա­­ռաջի­­կայի ընտրու­­թիւննե­­րը ինչ ար­­դիւնք կու տան այժմէն չենք կրնար նա­­խատե­­սել» ըսաւ հայր Շա­­հին­­կէօզ։

Այս զար­­գա­­­ցումնե­­րը բնա­­կանա­­բար դժգո­­հու­­թեան ալիք մը զար­­գա­­­ցու­­ցին հա­­մայնքէ ներս եւ Կրօ­­նական Ժո­­ղովն ալ 1 Յու­­լի­­­սի նիս­­տին քննա­­դատեց կազ­­մե­­­րը առա­­ջին կար­­գի հա­­րազատ­­նե­­­րով լրաց­­նե­­­լու երե­­ւոյ­­թը։

Կրօ­­նական Ժո­­ղովի յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ կ՚ըսո­­ւի թէ Պատ­­րիար­­քա­­­րանը իր դժգո­­հու­­թիւնը ներ­­կա­­­յացու­­ցած է պատ­­կան իշ­­խա­­­նութիւններուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ