Դպրեվանք ընտրութեան դիմում կը կատարէ


Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը որոշած է դիմում կատարել Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան արդէն աւելի քան ութը տարիէ շարունակուող պաշտօնը ընտրութիւնով մը փոխանցելու համար։ Այս մասին խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան «Ակօս»ին յայտնած է թէ Վաքըֆներու խորհուրդի կազմին մէջ թէ պաշտօնավարութեան շրջանին եւ թէ նախորդին՝ Լաքի Վինկասի օրով բազում անգամներ դիմում կատարած են, խորհրդակցութիւններ ունեցած են, որոնք ընդմիշտ ապարդիւն մնացին։ «Այս ամսուայ մէջ պաշտօնապէս դիմում պիտի կատարենք Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի անունով։ Սա մեր իրաւական իրաւունքն է եւ կը յուսամ որ կարճ ժամանակի ընթացքին կը ստանանք դրական պատասխան մը։ Իսկ եթէ ժխտական պատասխան ստանանք պիտի խորհրդակցինք մեր իրաւապաշտպաններուն հետ եւ հարցը պիտի փոխադրենք դատարան» ըսաւ փրոֆ. Ալճան։

Միւս կողմէ հայազգի երկու երիտասարդ փաստաբաններ՝ Արէն Տատըրօղլու եւ Մարկոս Էֆէ Գարահան ընտրութիւն պահանջելով դիմեցին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ