Զուգահեռ պատմութեան յունարէն վկայութիւնը

Պոլիս այն բա­­ցառիկ քա­­ղաքն է, որուն յու­­շա­­­մատեանը գրո­­ւած էր զու­­գա­­­հեռ պատ­­մութիւննե­­րով։ Այս առու­­մով ան կը նմա­­նի 1000 ամու­­սիններ ու­­նե­­­նալով հան­­դերձ կոյս մնա­­ցած ցո­­փու­­հիի մը։ Ակ­­նարկու­­թիւնը ոչ թէ մեզ, այլ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի կամ Նա­­զըմ Հիք­­մե­­­թի նման անո­­ւանի բա­­նաս­­տեղծնե­­րուն կը պատ­­կա­­­նի։

Այդ զու­­գա­­­հեռ պատ­­մութիւննե­­րէն մէկն է որ այս կի­­րակի կը տօ­­նը իր հիմ­­նադրու­­թեան 95-ամեակը։ Խօս­­քը կը վե­­րաբե­­րի քա­­ղաքիս հնա­­գոյն մա­­մու­­լի օրի­­նակ­­նե­­­րէն յու­­նա­­­րէն «Ափո­­յեւ­­մա­­­թինի» օրա­­թեր­­թին։

Ար­­դա­­­րեւ թեր­­թը ու­­նի հսկայ ան­­ցեալ մը, որուն առա­­ջին շրջան­­նե­­­րուն ան կը հան­­դի­­­սանար քա­­ղաքի ամե­­նաբարձր տպա­­քանա­­կով հրա­­պարա­­կուած օրա­­թեր­­թը։ Թեր­­թի այժմու խմբագ­­րա­­­պետ Մի­­խայիլ Վա­­սիլեատիս կը յայտնէ թէ «Ափո­­յեւ­­մա­­­թինի» այ­­սօր ալ կ՚ար­­դա­­­րաց­­նէ իր ստանձնած առա­­քելու­­թիւնը հաս­­նե­­­լով իւ­­րա­­­քան­­չիւր պոլսաբնակ յոյն ըն­­տա­­­նիքի տու­­նէն ներս։

«Ան­­ցեալին նոյն առա­­քելու­­թիւնը կը կա­­տարէինք 70 հա­­զար տպա­­քանա­­կով, իսկ այ­­սօր հա­­զիւ 600» կ՚ըսէ Վա­­սիլեատիս։ «Ակօս» յա­­ջող երթ կը մաղ­թէ իր յու­նա­լեզու պաշ­տօ­նակ­ցին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ