Վարդ Շիկահերի անմահ յիշատակին

Նախորդ շա­բաթ պոլ­սա­հայ գրա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քը ապ­րե­ցաւ մեծ կո­րուստ մը բա­նաս­տեղծ եւ ար­ձա­կագիր, սրտա­բան բժիշկ Վարդ Շի­կահե­րի մա­հով։ 94 ամեայ Վարդ Շի­կահեր շատ եր­կար տա­րիներ բե­րաւ իր գրա­կան ներդրու­մը հրա­տարա­կած բազ­մա­թիւ բա­նաս­տեղծա­կան հա­տոր­նե­րով, ար­ձակ էջե­րով եւ յու­շագրու­թիւննե­րով։ Այս յու­շագրու­թիւննե­րու մէջ տուրքը մա­տու­ցեց իր ու­սա­նած Մխի­թարեան Վար­ժա­րանի եւ անոր ներ­կա­յացու­ցած կա­րեւոր աւան­դին հան­դէպ։ Հան­րա­պետա­կան շրջա­նի պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թեան մէջ կա­րեւոր եղած է իր սե­րունդա­կից­նե­րու, դա­սըն­կերնե­րու փա­ղան­գը, որուն մաս կազ­մե­ցին Զահ­րատ, Հատ­տէ­ճեան, Խրա­խու­նի, Քամ­պուրեան, Ֆը­չըճեան եւ աւե­լի կրտսեր սե­րունդէն Սա­րըաս­լան։

Վարդ Շի­կահեր նաեւ նպաս­տեց մայ­րե­նիին իբ­րեւ հա­յերէ­նի եւ գրա­բարի ու­սուցիչ Էսաեան վար­ժա­րանի մէջ։ Եր­կար տա­րիներ ստանձնեց դպրո­ցի հիմ­նա­դիրի ներ­կա­յացու­ցի­չի պաշ­տօ­նը եւ մաս կազ­մեց Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդին։

Վարդ Շի­կահե­րի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ մէջ, մաս­նակցու­թեամբ Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քի, Արամ Արք. Աթէ­շեանի եւ պոլ­սա­հայ եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու։ Պատ­րիարք սրբա­զան իր դամ­բա­նակա­նին մէջ շեշ­տեց հան­գուցեալի բե­րած եւ իր ազ­գին ըն­ծա­յած վաս­տա­կը ու նշե­լով հան­դերձ անոր գրա­կան, հա­սարա­կական եւ բժշկա­գիտա­կան բո­լոր ծա­ռայու­թիւննե­րը այս հսկայ վաս­տա­կը գնա­հատեց «մարդ» կո­չու­մով։

«Իր քեր­թո­ւած­նե­րը պի­տի կար­դանք, իր ար­ձա­կով պի­տի հիանանք մեր մայ­րե­նիի գե­ղեց­կութեան վրայ, իր անեկ­դոտնե­րը ժպիտ պի­տի պատ­ճա­ռեն մեր շրթնե­րուն վրայ կրկին, իր ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րով պի­տի լու­սա­ւորո­ւինք եւ իր­մէ բու­ժում ստա­ցած հա­զարա­ւոր­ներ պի­տի աղօ­թենք իր ան­մահ հո­գիին հա­մար երբ յի­շատա­կը կայ­ծա­կի յան­կարծ»։

Գի­տակ­ցե­լով իր մեծ ժա­ռան­գին մենք ալ կը բաժ­նենք Պատ­րիարք Սրբա­զանի հաս­տա­տու­մը նշե­լով թէ յի­շատա­կը յա­ճախա­կիօրէն պի­տի կայ­ծա­կի պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թեան վե­րեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ