Պոլսահայ իրադարձութիւններ անցեալի լոյսին տակ

ԱՐԻՍ ՊՕՏՕՏՕՂԱՆ

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հան­ճա­րոյ»։ Հա­յերէ­նի թարգմա­նուած առա­ջին նա­խադա­սու­թիւնը, Սո­ղոմոն իմաս­տունի «Գիրք Առա­կաց»էն։

Հայ գի­րերու գիւ­տին հան­ճարներ Մես­րոպ Մաշ­տոց եւ Սա­հակ Պար­թեւ 371 թո­ւակա­նին միաս­նա­բար պայ­քա­րեցան պար­սիկնե­րու դէմ Մու­շեղ Մա­միկո­նեանի հետ։

Ար­շակ Բ. Թա­գաւո­րը, Վա­հան Մա­միկո­նեանի եւ Մե­րու­ժան Արծրու­նիի դա­ւաճա­նու­թեամբ գե­րի ին­կաւ պար­սից Շա­պուհ ար­քա­յին։ Սպա­րապետ Վա­սակ Մա­միկո­նեանի սպա­նու­թե­նէ ետք իր որ­դին Մու­շեղ Մա­միկո­նեանը սպա­րապե­տու­թիւնը ստանձնե­լով փրկեց հայ­րե­նիքը եւ հա­ւատ­քը։

Սա­մուէլ Մա­միկո­նեանը սպա­նեց դա­ւաճան հայ­րը եւ իր մօր արիւ­նով յան­գե­ցուց կրա­կապաշ­տութեան վեր­ջին կրա­կը։

Երբ հա­յոց պատ­մութեան էջե­րը կը պրպտենք յա­ճախ կը հան­դի­պինք նման երե­ւոյթնե­րու։

1880-ական թո­ւական­նե­րուն, ան­մահ վի­պագիր Րաֆ­ֆին գրած էր հե­տեւեալը.

«Ան­տա­ռի ծա­ռերը լուր տա­րան իրենց թա­գաւո­րին ըսե­լով թէ յայտնո­ւել է մի գոր­ծիք որ մեզ անխնայ կը կո­տորէ։

-Ինչպէ՞ս է կոչ­ւում այդ գոր­ծի­քը, հար­ցուց թա­գաւո­րը։

-Տա­պար, պա­տաս­խա­նեցին ծա­ռերը։

-Ինչպէ՞ս է կազ­մո­ւած ան, հար­ցուց թա­գաւո­րը։

-Գլու­խը եր­կա­թից է, բայց կո­թը փայ­տից, պա­տաս­խա­նեցին ծա­ռերը։

-Դա շատ վտան­գա­ւոր գոր­ծիք է, պա­տաս­խա­նեց թա­գաւո­րը, երբ կո­թը մե­զանից է։

Միշտ ու­նե­ցած ենք չար եւ վնա­սակար կո­թերը։

Ուր կը տես­նենք հայ­րե­նիքը եւ ազ­գը օտա­րի ձեռ­քը մատ­նե­լը, այնտեղ խառն է եղել հա­յի մա­տը։

Ուր կը տես­նենք հայ թա­գաւո­րի գահըն­կե­ցու­թիւնը եւ անոր գա­ւազա­նը օտա­րի ձեռ­քը յանձնե­լը, այն տեղ խառն է եղել հա­յի մա­տը։

Ուր կը տես­նենք կրօն­քի, ազ­գութեան եւ սուրբ եկե­ղեց­ւոյ դա­ւաճա­նու­թիւնը, խառն է եղել հա­յի մա­տը։

Մի խօս­քով ամէն հա­լածանքնե­րի, եղեռ­նա­գոր­ծութիւննե­րի եւ բար­բա­րոսու­թիւննե­րի մէջ միշտ գոր­ծել է հա­յի տա­պարը։

Հա­յը ինքն է փո­րել իր ազ­գա­յին շի­նուած­քի հիմ­քը եւ ինքն իր ձեռ­քով է կոր­ծա­նել իր սուրբ եւ նո­ւիրա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րը։

Ի՞նչու ենք մե­ղադ­րում օտար­նե­րին»։

Նոյն թո­ւական­նե­րուն պատ­րիարք ընտրո­ւեցաւ Ար­մա­շու վա­նահայր Խո­րէն Աշը­գեան։

Ան տար­բեր վար­քա­գիծ մը ու­նէր բաղ­դատմամբ իր նա­խոր­դին՝ Ներ­սէս Վար­ժա­պետեանին։

Ներ­սէս պատ­րիար­քի ձեռ­նակնե­րուն ընդդէմ գոր­ծած եւ է եւ հայ նե­րազ­գա­յին խնդիր­նե­րուն մէջ ալ դե­րակա­տարու­թիւն մը չէր ու­նե­ցած։ Իր կող­քին էր միայն Ազ­գա­յին Ժո­ղովի ատե­նապետ Մաք­սուտ Սի­մոն Պէ­յը։

Աշը­գեան եւ Մաք­սուտ, դպրոց­նե­րու բա­րոյա­կան կեան­քը ի սպառ խոր­տա­կելու հա­մար, սի­րայօ­ժար ըն­դունե­ցին կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ պար­տադրուած դա­սագիր­քե­րու եր­կար ցու­ցակ մը, որոնցմէ դուրս ոչ մէկ վար­ժա­րան կա­րող էր ու­րիշ դա­սագիրք գոր­ծա­ծել։

Իրենց ազ­գա­դաւ դի­տումնե­րուն ար­գելք հան­դի­սացող բո­լոր անձնա­ւորու­թիւննե­րը մատ­նե­ցին, որ­պէսզի կա­րենան ազատ շունչով իրենց շա­հատա­կու­թիւննե­րը առաջ տա­նիլ։

Որ­քան ծա­նօթ է մեր ներ­կայ վի­ճակին։

Երբ նա­յինք 2020-ական թո­ւական­նե­րէն, մեծ տար­բե­րու­թիւններ չկայ պոլ­սոյ հա­յու­թեան հա­մար։

Հի­մա ալ ինքզինք ազ­գա­յին ատե­նապետ հռչա­կող կարգ մը մար­դիկ կ՚ուզեն վար­ժա­րան­նե­րը փա­կել։

Փո­խանակ Վա­քըֆ­նե­րու ընտրու­թիւննե­րը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար աշ­խա­տելու, սե­փական շա­հերը ազ­գի շա­հերէն առաջ դնե­լով, ճիշդ ալ իրենց վա­յելած ձե­ւով, կար­ծես ար­քա­յատոհ­մի մը նա­հապետ­նե­րը ըլ­լան, իրենց ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րը կը նշա­նակեն իբր թա­ղական։

Քա­ղաքա­կան, կրթա­կան, տնտե­սական, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան եւ նման բնոյ­թի զա­նազան մար­զե­րէ ներս պոլ­սա­հայ կեան­քը զար­գացնե­լու փո­խարէն աւե­լի «կա­րեւոր» գոր­ծե­րով զբա­ղուե­ցան։ Հա­ւանա­բար աշ­խարհաս­փիւռ հա­յութեան կա­լուած­նե­րով ամե­նահա­րուստ հա­մայնքին դպրոց­նե­րը դրին տնտե­սական ճգնա­ժամի մը դի­մաց։

Դա­րեր շա­րու­նակ մեր պատ­մութեան էջե­րը լե­ցուն են վատ եւ լաւ մար­դոցմով։ Կաս­կած չկայ որ այս օրերն ալ պի­տի յի­շատա­կուին ապա­գային։ Դժբախ­տա­բար բնաւ լաւ պի­տի չ՚յի­շուին հա­մայնքին այ­սօ­րուան կա­ռավա­րիչ­նե­րը։

Վեր­յի­շենք յօ­դուա­ծի սկզբին «իմա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ» նա­խադա­սու­թեան միտ­քը եւ անդրա­դառ­նանք, Գրի­գոր Օտեանի օր մը Ազ­գա­յին Ժո­ղովի ատե­նապե­տի աթո­ռէն կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւնը.

«Ան հա­յը , որ իր պե­տական պաշ­տօ­նին ըն­ծա­յած դիւ­րութիւննե­րէն օգ­տուելով իր շա­հերուն կը զո­հէ այս խեղճ ու տա­րաբախտ ազ­գը, անի­ծեա՜լ ըլ­լայ, երի՜ցս անի­ծեալ»։

Ամէն։

Աղ­բիւրներ.

- Հնչակ, 1894 թիւ 8.

- «Նոր Կեանք», 1898 թիւ 15.

- Ա. Ար­փիարեան, Պատ­մութիւն ԺԹ դա­րու Թուրքիոյ Հա­յոց Գրա­կանու­թեան.

- www.pubhtml5.com/aawx/evzk Ջա­հակիր – Հայկ Աւա­գեան – Գա­հիրէ

- www.digilib.aua.am

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ