Չէք կրնար Քաւալան վարկազրկել

Թուրքիոյ իրա­ւական հա­մակար­գի զո­հը դար­ձած հա­սարա­կական գոր­ծիչ Օս­ման Քա­ւալա ընդվզում յայտնեց Թուրքիոյ պաշ­տօ­նական լրա­տուա­միջո­ցին՝ «Անա­տոլու Աժանս»ին իր մա­սին ըրած հրա­պարա­կու­մին հա­մար։ «Անա­տոլու Աժանս» գոր­ծա­կալու­թիւնը իր պատ­րաստած լուրերուն մէջ Օս­ման Քա­ւալան կը ներ­կա­յաց­նէր իբ­րեւ Ֆե­թուլլահ Կիւ­լե­նի աղան­դի ան­դամ։ Քա­ւալա նշե­լով թէ իր դէմ յա­րու­ցո­ւած զա­նազան ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րուն մէջ բա­ցար­ձա­կապէս չէ ան­ցած նման պնդում մը։ «Այս իրո­ղու­թիւնը գիտ­նա­լով հան­դերձ «Անա­տոլու Աժանս»ին իմ անունս այդ կա­ռոյ­ցին հետ յի­շելը զիս վար­կազրկե­լու ապար­դիւն փորձ մըն է» ըսաւ Օս­ման Քա­ւալա։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ