Վարդավառը շուքի մէջ

Ամբողջ աշ­խարհի վրայ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը իր ձանձրա­լի անդրա­դար­ձը ու­նե­ցաւ նաեւ հայ ժո­ղովուրդի ամե­նաու­րախ տա­ղաւար­նե­րէն Վար­դա­վառի վրայ եւս։ Ինչպէս ծա­նօթ է Վար­դա­վառի ոգե­ւորու­թիւնը կու գայ ջրցա­նի մի­ջոցաւ։

Այս տա­րի առա­ջին ան­գամ Երե­ւանի փո­ղոց­ներն ալ հե­ռու մնա­ցին տօ­նական մթնո­լոր­տէն։ Պոլ­սոյ մէջ Պատ­րիար­քա­րանի 16 Մար­տէն այս կողմ գոր­ծադրած դռնփակ պա­տարագ­նե­րը վերջ գտան եւ առա­ջին ան­գամ Վար­դա­վառի տա­ղաւա­րին եկե­ղեցի­ներէ ներս պա­տարագ մա­տու­ցո­ւեցաւ ժո­ղովուրդի ներ­կա­յու­թեամբ։ Թէեւ մեր սո­վորու­թիւննե­րէն բա­ւական հե­ռու էր եկե­ղեց­ւոյ մուտքին անուն, ազ­գա­նուն եւ տան հաս­ցէի նման տո­ւեալ­ներ յայ­տա­րարե­լով տա­ճար մուտք գոր­ծե­լու երե­ւոյ­թը։ Եկե­ղեցիէ ներս ալ կը շա­րու­նա­կուէին կան­խա­միջոց­նե­րը յատ­կա­պէս հե­ռաւո­րու­թիւն պա­հելու սկզբունքով։ Թէ հա­ւատա­ցեալ­ներ եւ թէ պա­տարագ մա­տու­ցողնե­րը կամ խո­րանին ծա­ռայող­նե­րը դի­մակա­ւոր էին։ Հա­ղոր­դութեան ըն­թացքին եւս հնա­զան­դո­ւեցաւ հե­ռաւո­րու­թիւն պա­հելու կա­նոնին։ Ու­շագրաւ էր պա­տարա­գիչի յա­ճախ հա­կանե­խիչ հե­ղու­կով ձեռ­քե­րը լո­ւալու երե­ւոյ­թը։

Թուրքիոյ հե­ռուստա­կայան­նե­րը կի­րակի երե­կոյեան լու­րե­րուն մէջ փո­խան­ցե­ցին Համ­շէ­նի լեռ­նա­դաշ­տին վրայ Վար­դա­վառի տօ­նակա­տարու­թե­նէն դրո­ւակ­ներ։ Պատ­կերներ՝ որոնք կը ցո­լաց­նեն տօ­նական մթնո­լոր­տը համ­շէնցի­ներու ոգե­ւոր շուրջպա­րերու մի­ջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ